Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յորդանանի Մէջ. Պու Սաապ. «Միջազգային Ընտանիքին Ճամբով Պէտք Է Ճնշում Բանեցնել Իսրայէլի Վրայ` Վերջ Տալու Համար Անոր Կողմէ Արաբական Հողերու Բռնագրաւումին»

April 8, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաշտպանութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապ, որ Յորդանանի մէջ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Տնտեսութեան միջազգային խորհրդաժողովին, շաբաթավերջին հանդիպում մը ունեցաւ Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորին հետ, որուն փոխանցեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի ողջոյնները:

Իր կարգին, Ապտալլա Բ. թագաւորը իր յարգանքը յայտնեց նախագահ Աունի նկատմամբ` ընդգծելով, որ Լիբանանի եւ Յորդանանի միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները ամուր են:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը եւ Յորդանանը յուզող հարցեր, ինչպէս նաեւ անոնց լուծման հեռանկարները` ապահովելու համար երկու երկիրներուն գերագոյն շահերը:

Քննարկուեցան նաեւ Յորդանանի կողմէ նախապէս Լիբանանի եւ լիբանանեան բանակին կատարուած օժանդակութիւնները, ինչպէս նաեւ յառաջիկային երկկողմանի զինուորական գործակցութեան ամրապնդման հեռանկարները:

Պու Սաապ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ յորդանանցի իր պաշտօնակիցին` Օմար Ռազազի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի տնտեսական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ պաշտպանութեան մարզին մէջ փոխադարձ գործակցութիւնը ամրապնդելու կարելիութիւնները:

Պու Սաապ եւ Ռազազ ընդգծեցին պաշտպանութեան նախարարութիւններուն, ինչպէս նաեւ այլ մարզերու նախարարութիւններու միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու նպատակով յաճախակի հանդիպումներ կազմակերպելու կարեւորութիւնը:

Պու Սաապի տեղեկատու գրասենեակը նախարարին ունեցած հանդիպումներուն մասին հրապարակած իր հաղորդագրութեան մէջ նշեց, որ խորհրդաժողովին ընթացքին Պու Սաապ շեշտած է, թէ Իսրայէլի հետ պէտք չէ խորհրդակցիլ, այլ` միջազգային ընտանիքին, որ զօրակցած է Իսրայէլին եւ հզօրացուցած զայն:

«Միջազգային ընտանիքին ճամբով պէտք է ճնշում բանեցնել Իսրայէլի վրայ` վերջ տալու համար անոր կողմէ արաբական հողերու բռնագրաւումին», շեշտեց Պու Սաապ:

Մէջբերելով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի խօսքը` Պու Սաապ շեշտեց, որ ոչ ոք ուրիշին կրնայ նուիրել այն, ինչ որ իրեն չի պատկանիր: «Միջին Արեւելքի տագնապին լուծումը կը սկսի Իսրայէլի կողմէ արաբական հողերու բռնագրաւումին վերջ մը դնելու քայլէն, որպէսզի ամբողջ շրջանին մէջ կարելի ըլլայ տագնապի լուծման յանգիլ», ըսաւ ան:

Պու Սաապ շեշտեց, որ Լիբանան ինքզինք կը զարգացնէ եւ կ՛ուղղուի դէպի բարգաւաճում` փտածութեան դէմ մղած իր պայքարին եւ մշակած բարգաւաճման ծրագիրներու գործադրութեան շնորհիւ:

Անդրադառնալով սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին` Պու Սաապ շեշտեց միջազգային ընտանիքին կողմէ այդ թղթածրարի լուծման մէջ ներդրում ունենալու անհրաժեշտութիւնը` շեշտելով, որ Լիբանան այլեւս սուրիական տագնապի հետեւանքները, ինչպէս նաեւ տեղահանուածներուն պատճառած տնտեսական, ընկերային եւ ապահովական բեռը չի կրնար հանդուրժել:

Ան շեշտեց, որ Լիբանան յաղթած է ահաբեկչութեան, եւ անհրաժեշտ նկատեց, որ ահաբեկչական մտայնութեան դէմ միջազգային մակարդակով պայքար մղուի:

 

 

Նախորդը

Պասիլ Այցելեց Պէյրութ Եւ Զղարթա` Զոյգ Շրջաններուն Մէջ Ընդգծելով Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան Գործունէութեան Կարեւորութիւնը

Յաջորդը

Հարիրի Երկրին Վկայելիք Յաջորդ Փուլին Համար Լաւատեսութիւն Կը Յայտնէ

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.