Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ ընդունեց Պշարրէի քաղաքապետարաններու համադաշնակցութեան նախագահ Էլի Մախլուֆը, ինչպէս նաեւ Արզի միջազգային փառատօնի պատասխանատու Ռուլա Արիտան, որոնք անոր յանձնեցին Արզի միջազգային փառատօնի բացման հանդիսութեան հրաւէրը:
Արզի միջազգային փառատօնի բացման արարողութիւնը պիտի կատարուի 13 յունիս 2019-ին` մասնակցութեամբ աշխարհահռչակ երգիչ Անտրէա Պոչելլիի:
Նշենք, որ Արզի միջազգային փառատօնը այս տարի կը վայելէ զբօսաշրջութեան եւ մշակոյթի նախարարութիւններուն հովանաւորութիւնը: