Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Վաւերացուց Ելեկտրականութեան Տագնապի Լուծման Ծրագիրը

April 9, 2019
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի, կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ ետք ժամը 3:20-ին Պաապտայի մէջ գումարեց ելեկտրականութեան թղթածրարի օրակարգով յատուկ նիստ մը:

Նախքան նիստին գումարումը, նախագահ Աուն եւ վարչապետ Հարիրի ունեցան հանդիպում մը, որուն ընթացքին անոնք քննարկեցին նիստին վերաբերող մանրամասնութիւններ:

Նախագահ Աուն նշեց, որ նիստը պիտի չաւարտի, եթէ կառավարութիւնը ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ծրագիրը չվաւերացնէ:

Իսկապէս ալ ուժանիւթի նախարար Նատա Պուսթանիի կողմէ ներկայացուած ծրագիրը վաւերացուեցաւ կառավարութեան կողմէ:

Նիստէն ետք վարչապետ Հարիրի յայտնեց, որ նախարարաց խորհուրդը ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ծրագիրը վաւերացուց համախոհութեամբ եւ իր ընդգրկած բոլոր կէտերով:

Ան նշեց, որ նիստին ընթացքին տիրած է դրական մթնոլորտ:

Ան յայտնեց նաեւ, որ կառավարութիւնը համաձայն գտնուած է թիւ 288 օրէնքի երկարաձգումին` հաստատելով, որ նուազուրդի հոլովոյթը պիտի կատարուի Նուազուրդի յատուկ վարչութեան ճամբով:

Հարիրի բարձր գնահատեց Պուսթանիի ի գործ դրած ջանքերն ու պատրաստած ծրագիրը` հաստատելով, որ այդ ծրագիրին վաւերացումը լիբանանցի կնոջ արձանագրած նուաճումներէն կը նկատուի:

Իր կարգին, Նատա Պուսթանի յայտնեց, որ ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ծրագիրին վաւերացումը լիբանանցիներուն համար աւետիս է` աւելցնելով, որ խորքին մէջ ծրագիրը 2010-ի ծրագիրն է` կարգ մը փոփոխութիւններով:

Ան յայտարարեց, որ այսօրուընէ սկսեալ ճիգ պիտի թափուի օրական 20 ժամուան համար ելեկտրական հոսանք հայթայթելու, մինչեւ որ կարելի ըլլայ շուրջօրեայ դրութեամբ ելեկտրականութիւն մատակարարել եւ ելեկտրականութեան մարզին պատճառով պետական գանձարկղին մէջ արձանագրուած հսկայական նիւթական բացը նուազեցնել:

Պուսթանի շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Աունի եւ վարչապետ Հարիրիի ցուցաբերած բացարձակ զօրակցութեան` հաստատելով, որ քաջութիւնը այս ծրագիրին գործադրութեան մէջ է:

Նախորդը

«Քաթար Իւրայատուկ Տեղ Եւ Կշիռ Կը Ներկայացնէ` Շրջանային Եւ Միջազգային Առումով» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Յաջորդը

Մնացականեան Մասնակցեցաւ Ռուանտայի Ցեղասպանութեան 25-րդ Տարելիցին Նուիրուած Արարողութեան

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.