Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ շաբաթավերջին այցելեց Պէյրութի եւ Զղարթայի շրջանները, ուր ընդգծեց Ազգային ազատ հոսանքի գործունէութեան կարեւորութիւնը:
Պէյրութի Ա. եւ Բ. ընտրաշրջաններուն մէջ Պասիլ դիմաւորուեցաւ շրջանի երեսփոխաններուն` Նիքոլա Սահնաուիի, Էտկար Թրապուլսիի, Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխաններ Յակոբ Թերզեանի եւ Ալեքսանտր Մաթոսեանի, Պէյրութի նահանգապետ Զիատ Շպիպի, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատուներուն եւ մեծաթիւ կուսակցականներու ու համակիրներու կողմէ:
Պասիլ շրջեցաւ Պատարոյի շուկային մէջ, ուր շեշտեց, թէ ինչքան ալ քաղաքական կարծիքները տարբեր ըլլան, կարելի չէ որոշ սկզբունքներու շուրջ տարակարծիք ըլլալ: «Պէյրութը մեզ պէտք է միացնէ», ըսաւ Պասիլ:
Ան նկատել տուաւ, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը իր գործունէութիւնը պիտի շարունակէ, եւ ոչ ոք պիտի կարենայ զայն կաշկանդել, յատկապէս` փտածութեան դէմ պայքարին առումով:
Անդրադառնալով սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին` Պասիլ շեշտեց, որ իրենց իսկական մտավախութիւնը այն է, որ տեղահանուածները բնակեցուին, իսկ շրջանի բնիկ ժողովուրդը հեռանայ երկրէն:
Պասիլ Պէյրութի մէջ իր շրջապտոյտը աւարտեց Սահնաուիի ընթրիքի հիւրը դառնալով:
Ընթրիքին ընթացքին Պասիլ շեշտեց, որ իրենք հայրենիքին եւ քաղաքացիներուն կը ծառայեն Ազգային ազատ հոսանքին ընդմէջէն` աւելցնելով, որ կուսակցութիւնը հայրենիքին ու քաղաքացիին նկատմամբ համակ նուիրումով կը գործէ ու կը շարունակէ գոյատեւել:
Պասիլ այցելեց նաեւ Զղարթա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Անկախութեան շարժումի ղեկավար, երեսփոխան Միշել Մուաուատի հետ, որուն ընկերակցութեամբ այցելեց լիբանանցի հերոս Եուսեֆ պեք Քարամի թանգարանը:
Զղարթայի մէջ իր կատարած յայտարարութիւններուն մէջ Պասիլ նշեց, որ ցանկալի է, որ յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը Զղարթայի մէջ ունենայ իր երեսփոխանը:




