Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարիրի Երկրին Վկայելիք Յաջորդ Փուլին Համար Լաւատեսութիւն Կը Յայտնէ

April 8, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մինչ կառավարութիւնը այսօր կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին նախագահական պալատին մէջ պիտի գումարէ ելեկտրականութեան ծրագիրին նուիրուած իր յատուկ նիստը, վարչապետ Սաատ Հարիրի շաբաթավերջին Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Իսլամական հոգեւոր գերագոյն խորհուրդի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ նախկին նախարար եւ խորհուրդի նախկին նախագահ Օմար Մըսքաուիի:

Պատուիրակութիւնը վարչապետ Հարիրիին ներկայացուց շուտափոյթ ապաքինման մաղթանքներ:

Իր կարգին, վարչապետ Հարիրի երկրին վկայելիք յաջորդ փուլին համար լաւատեսութիւն յայտնեց: Ան նշեց, որ ինք կը նախատեսէ Լիբանանի վկայելիք բարգաւաճումն ու աշխուժացումը, յատկապէս` զբօսաշրջութեան առումով, նկատի ունենալով, որ Սէուտական Արաբիան չեղեալ նկատեց իր քաղաքացիներուն վրայ պարտադրուած Լիբանան այցելութիւնը արգիլող որոշումը:

Վարչապետ Հարիրի մաղթեց նաեւ, որ մօտիկ ապագային Ծոցի երկիրները իրենց կարգին դիմեն Սէուտական Արաբիոյ քայլին: Հանդիպումին ընթացքին ան անդրադարձաւ մօտիկ ապագային կառավարութեան վաւերացնելիք պետական ամավարկին` հաստատելով, որ անիկա պիտի ըլլայ սեղմումներով լեցուն պետական ամավարկի ծրագիր մը` նկատի ունենալով, որ երկիրը հասած է տնտեսական եւ ընկերային դժուար կացութեան մը:

Ան նշեց, որ «Դէպի աշխատանք» կարգախօսը որդեգրած կառավարութիւնը ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ` բարգաւաճեցնելու համար երկրին տնտեսութիւնը` աւելցնելով, որ անոր որդեգրելիք բարեկարգումի առաջին քայլը պիտի ըլլայ մսխումի կասեցումը, որովհետեւ անիկա երկրին ազգային տնտեսութիւնը կը  հարուածէ եւ կը խոցէ:

Վարչապետ Հարիրի անդրադարձաւ նաեւ սիւննի համայնքին մէջ իսկական բարեկարգումներ իրագործելու անհրաժեշտութեան, որպէսզի համայնքը կարենայ իր ազգային պարտականութիւնը իրականացնել:

Նախորդը

Յորդանանի Մէջ. Պու Սաապ. «Միջազգային Ընտանիքին Ճամբով Պէտք Է Ճնշում Բանեցնել Իսրայէլի Վրայ` Վերջ Տալու Համար Անոր Կողմէ Արաբական Հողերու Բռնագրաւումին»

Յաջորդը

Տոհայի Մէջ. «Բռնի Ուժով Խլուածը Միասնականութեամբ Եւ Դիմադրութեամբ Կարելի Է Վերադարձնել» Շեշտեց Պըրրի

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.