Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, որ մասնակցած էր Միջխորհրդարանական համադաշնակցութեան 140-րդ ընդհանուր ժողովին, երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Քաթարի մէջ լիբանանեան գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ` Տոհայի լիբանանեան դեսպանատան մէջ:
Քաթարի մէջ Լիբանանի դեսպան Հասան Նաժըմ կազմակերպած էր այդ հանդիպումը:
Իր խօսքին մէջ Պըրրի ըսաւ, թէ Քաթար մեծ ներդրում ունեցած է Լիբանանի մէջ խաղաղութիւնը հաստատելու իմաստով: «Մենք չենք մոռնար Տոհայի համաձայնագիրը, որուն ընդմէջէն կարելի եղաւ մէկ կողմէ ամրապնդել Թաէֆի համաձայնագիրը, իսկ միւս կողմէ լուծել Լիբանանի դիմագրաւած ներքաղաքական տարակարծութիւնները: Քաթար օժանդակած է Լիբանանին նաեւ 2006-ի պատերազմէն ետք` իսրայէլեան պատերազմին պատճառած քանդումը վերացնելու եւ վերակառուցման աշխատանքները կատարելու առումով, յատկապէս` Այնաթայի, Այթա Շաապի, Խիամի եւ Պընթ Ժպէյլի մէջ», ըսաւ ան:
Պըրրի ներկաներուն փոխանցեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ լիբանանեան խորհրդարանին ողջոյնները` հաստատելով, որ խորհրդարանը կարելի եղածին չափ բարելաւած է ընտրական օրէնքը, որուն շնորհիւ կարելիութիւն ստեղծուած է նաեւ, որ արտերկրի լիբանանցիները մասնակցին քուէարկութեան եւ յաջորդ ընտրութիւններուն արդէն իսկ խորհրդարանին մէջ ունենան իրենց ներկայացուցիչները:
Պըրրի շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ արդէն իսկ կազմուած է կառավարութիւնը, որ կը գործէ` աւելցնելով, որ խորհրդարանը եւս իր վերահսկողական դերակատարութիւնը կը կատարէ:
«Չեմ ժխտեր պետական գանձարկղին մէջ նիւթական բացի գոյութիւնը, սակայն երկրին դրամական եւ ապահովական կայունութիւնը տակաւին առկայ են», ըսաւ ան:
Պըրրի հաստատեց, որ պէտք է սուրիական իշխանութիւններուն հետ աշխատանքը համադրել, որպէսզի կարելի ըլլայ սուրիացի տեղահանուածներուն Սուրիա տունդարձը ապահովել, ինչպէս նաեւ Յորդանան-Սուրիա Նասիպ անցքը Լիբանանի դիմաց բանալ:
Պըրրի նշեց, որ Լիբանան ամէն գնով կը փափաքի նաւթի արտահանման աշխատանքին սկսիլ` աւելցնելով, որ այս իմաստով անհրաժեշտ է ծովային սահմանագծում կատարել: «Այս մասին մենք բացայայտ քննարկում կատարեցինք Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի հետ», ըսաւ Պըրրի:
Անդրադառնալով Լիբանանի դէմ իսրայէլեան պատերազմ մը սանձազերծելու անխոհեմ քայլին` Պըրրի շեշտեց, որ Լիբանանը պաշտպանողը «Բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն» ադամանդեայ տարազն է` աւելցնելով, որ այդ տարազը ո՛չ միայն կրցած է ազատագրել լիբանանեան հողերը, որոնցմէ տակաւին բռնագրաւուած կը մնան Մազարեհ Շեպաան, Քֆարշուպայի բարձունքները եւ Ղաժարը, այլեւ կրցած է ուժերու հաւասարեցում պարտադրել թշնամի Իսրայէլի հետ:
Պըրրի անհրաժեշտ նկատեց, որ Ծոցի երկիրներուն եւ Եգիպտոսի հետ Քաթարի յարաբերութիւնները բնականոնացուին, Սուրիոյ, Լիպիոյ եւ Եմէնի մէջ տիրող տագնապներուն քաղաքական լուծումներ ապահովուին, ինչպէս նաեւ Իրաքի խաղաղութեան եւ կայունութեան պահպանումին նկատմամբ զօրակցութիւն ցուցաբերուի: