Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Կը Փափաքի ՄԱԿ-ի Հետ Ամբողջական Գործակցութիւն Ծաւալել` Սուրիացի Տեղահանուածներու Տունդարձին Առումով»

April 9, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Ամինա Մոհամետը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու շրջանային զարգացումները:

Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ Լիբանան կը փափաքի ՄԱԿ-ի հետ ամբողջական գործակցութիւն ծաւալել` սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին առումով: Ան կարեւոր նկատեց ներկայ մարտահրաւէրները դիմագրաւելու անհրաժեշտութիւնը, յատկապէս` տեղահանուածներու տունդարձը ապահովելու, ինչպէս նաեւ Լիբանանի տնտեսական բարեկարգումներու ծրագիրը իրականացնելու առումով:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ Լիբանանի մշակած տնտեսական բարգաւաճումի ծրագիրը կը կեդրոնանայ երկրին տնտեսական զարգացումին եւ արդիւնաբերութեան մարզի աշխուժացման վրայ:

Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ այս փուլին կառավարութիւնը կը քննարկէ կարգ մը ծրագիրներ, որոնց գործադրութիւնը պիտի յաջորդէ պետական ամավարկի վաւերացումին:

Ան շեշտեց, որ տեղահանուածներու հարցին հետեւանքները ծանր կը կշռեն Լիբանանի տնտեսական եւ ընկերային կեանքին վրայ, իսկ միջազգային ընտանիքը մեծ խանդավառութիւն չի ցուցաբերեր տեղահանուածներու տունդարձին գծով: «Լիբանանի մէջ ապահովական կացութիւնը այսօր փոխուած է, եւ անիկա կ՛ենթադրէ, որ սուրիացի տեղահանուածները տունդարձ կատարեն», ըսաւ ան:

Իր կարգին, Մոհամետ հաստատեց, որ ՄԱԿ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ Լիբանանի հետ գործակցելու եւ բարեկարգումները իրագործելու նպատակով:

Նշենք, որ հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Եան Քուպիշ, ԷՍՔՈՒԱ-ի գործադիր քարտուղար Ռուլա Տաշթի, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական խորհրդատու Միրոսլաւ Ճինքա, Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրի ընդհանուր համակարգող Ֆիլիփօ Լազարինի, նախագահական պալատի հարցերու պետական նախարար Սելիմ Ժրայսաթի եւ նախագահական պալատի ընդհանուր տնօրէն Անթուան Շքէյր:

 

 

Նախորդը

Աւետիս Կիտանեան Ստացաւ Արզի Միջազգային Փառատօնին Հրաւէրը

Յաջորդը

«Չեմ Ժխտեր Պետական Գանձարկղին Մէջ Նիւթական Բացի Գոյութիւնը, Սակայն Երկրին Դրամական Եւ Ապահովական Կայունութիւնը Տակաւին Առկայ Են» Հաստատեց Պըրրի

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.