Երէկ 955 սուրիացի տեղահանուածներ վերադարձան իրենց գիւղաքաղաքները:
Թրիփոլիի մէջ առաւօտեան կանուխ ժամերուն Ռաշիտ Քարամէի անուան միջազգային համալիրին մէջ մեծ թիւով տեղահանուածներ համախմբուեցան, Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ցուցմունքներուն հետեւելով կատարեցին փաստաթուղթերու ստուգման յատուկ գործառնութիւնները եւ ուղղուեցան դէպի փոխադրակառքերը, որոնցմով պիտի փոխադրուէին Սուրիա:
Սայտայի եւ Պուրճ Համուտի մէջ պատկերը նոյնն էր. Սայտայի ֆութպոլի դաշտին մէջ մեծ թիւով սուրիացի տեղահանուածներ համախմբուեցան եւ տունդարձ կատարեցին:
Թրիփոլիէն Սուրիա ուղղուած տեղահանուածները օգտագործեցին Տապպուսիէի եւ Արիտայի սահմանակէտերը:
Իսկ այլ շրջաններէ սուրիացի տեղահանուածներ Սուրիա վերադարձան Մասնաայի եւ Ժտայտեթ Եապուսի սահմանակէտերը:
Սուրիացի տեղահանուածները դրուատեցին սուրիական բանակին արձանագրած յաղթանակը` ահաբեկչութեան դէմ:
Նշենք, որ սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը կը կատարուի հեզասահ կերպով, շնորհիւ Սուրիոյ կառավարութեան եւ լիբանանեան կողմին` Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան միջեւ գործակցութեան: