Լիբանանեան

hariri_chris_41519

Հարիրի Ռամպլինկի Եւ Քուպիչի Հետ Քննարկեց Լիբանանի Բարգաւաճման Վերաբերող Կարգ Մը Հարցեր

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպան Քրիս Ռամպլինկը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու ներքին լիբանանեան առումով արձանագրուած վերջին զարգացումները: Ռամպլինկ բարձր գնահատեց վարչապետ Հարիրիի եւ կառավարութեան աշխատանքը` 2019-ի պետական ամավարկին մէջ որդեգրուելիք որոշումներուն առումով, ինչպէս նաեւ ողջունեց քաղաքական համախոհութիւնը, որուն շնորհիւ կարելի եղաւ բարեկարգել ելեկտրականութեան մարզը: Ռամպլինկ նշեց, որ Բրիտանիան եւ միջազգային ընտանիքը...

Լիբանանեան Բանակը Պապ Թըպպանէի Մէջ  Բացայայտեց Պայթուցիկ  Նիւթերու Պահեստանոց Մը

Լիբանանեան Բանակը Պապ Թըպպանէի Մէջ Բացայայտեց Պայթուցիկ Նիւթերու Պահեստանոց Մը

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ 4 փետրուար 2018-ին ահաբեկիչ Հաժեր Ապտալլա սպաննուած էր Թըպպանէի մէջ,  հետապնդումի ընթացքին: Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Հաժեր Ապտալլայի թղթածրարը հետապնդելու շրջագիծին մէջ Պապ Թըպպանէի Սուրիա փողոցին մէջ բանակը կատարած է ներխուժումներ, որոնց ընթացքին բացայայտած է պայթուցիկ նիւթերու պահեստանոց մը: Բանակը պահեստանոցէն գրաւած է 47,5 քկ պայթուցիկ նիւթ եւ ձերբակալած...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ ուղղուեցաւ Մոսկուա` մասնակցելու համար Արաբական - ռուսական Ե. խորհրդաժողովին, որուն կը մասնակցին Ռուսիոյ եւ Արաբական լիկայի անդամ երկիրներուն արտաքին գործոց նախարարները: ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Ռայա Հասան երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարին, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի հանդիպումներն ու անոնց ամրապնդման հեռանկարները: ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Ժամալ Ժարրահ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան...

Թրիփոլիի Մասնակի Երեսփոխանական  Ընտրութիւններուն Համեմատութիւնը Եղաւ Խոցելի`  Վերընտրուելու Առիթ Տալով Տիմա Ժամալիին

Թրիփոլիի Մասնակի Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Համեմատութիւնը Եղաւ Խոցելի` Վերընտրուելու Առիթ Տալով Տիմա Ժամալիին

Թրիփոլիի մէջ երէկ տեղի ունեցան մասնակի երեսփոխանական ընտրութիւնները, որուն քաղաքացիներու մասնակցութեան համեմատութիւնը հասաւ միայն 13 առ հարիւրի: Երեսփոխանական ընտրութիւններուն արդիւնքը եղաւ ի նպաստ Մուսթաքպալ հոսանքին կողմէ երկրորդ անգամ ըլլալով առաջադրուած թեկնածու Տիմա Ժամալիի, սակայն Թրիփոլիի մէջ տիրող ընդհանուր մթնոլորտը ուղղուեցաւ դէպի` ընտրութիւններու պոյքոթի ենթարկում: Երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցած քաղաքացիներուն ճղճիմ համեմատութիւնը ցոյց կու տայ, որ երէկ Թրիփոլիի մէջ ընտրական լռութեան օր...

Այն Թինէի Մէջ.   «Պըրրիի Ցուցմունքներով Կարելի  Պիտի Ըլլայ Երկրին Պետական  Ամավարկը Վաւերացնել»  Շեշտեց Ժոմպլաթ

Այն Թինէի Մէջ. «Պըրրիի Ցուցմունքներով Կարելի Պիտի Ըլլայ Երկրին Պետական Ամավարկը Վաւերացնել» Շեշտեց Ժոմպլաթ

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթը` ընկերակցութեամբ նախկին նախարար Ղազի Արիտիի: Ներկայ գտնուեցաւ նաեւ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ: Հանդիպումէն ետք Ժոմպլաթ յայտնեց, որ հիմնական հարցը կը մնայ այն, թէ ինչպէ՞ս պիտի կարենանք երկիրը յուզող տնտեսական այս տագնապէն դուրս գալ: «Նախարար Ալի Հասան Խալիլի արտայայտութիւններէն հասկցայ, որ Պըրրիի ցուցմունքներով կարելի պիտի...

Թաղապետ Յարութ Լագիսեան Ընտրուեցաւ Զահլէի Թաղապետներու Խորհուրդի Փոխնախագահ

Թաղապետ Յարութ Լագիսեան Ընտրուեցաւ Զահլէի Թաղապետներու Խորհուրդի Փոխնախագահ

Երէկ` կիրակի, 14 ապրիլ 2019-ին, Զահլէի մէջ տեղի ունեցաւ Զահլէի թաղապետներու խորհուրդի ընտրութիւնը, որ սկսաւ առաւօտեան ժամը 10:00-ին եւ տեւեց մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 2:00: Ընտրութեան մասնակցեցան շրջանի 97 թաղապետներէն 96-ն: Ժողովրդավարական մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած ընտրութեան իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած էին 28 թաղապետներ, որոնք կը ներկայացնէին 3 ցանկեր եւ անհատներ` ընտրելու 11 հոգինոց խորհուրդը: 11 հոգինոց խորհուրդի ընտրութեան թաղապետ Յարութ...

Երեսփոխանական Մասնակի Ընտրութիւններու  Նախօրեակին Վարչապետ Հարիրի Այցելեց Թրիփոլի

Երեսփոխանական Մասնակի Ընտրութիւններու Նախօրեակին Վարչապետ Հարիրի Այցելեց Թրիփոլի

Թրիփոլիի մէջ կատարուելիք երեսփոխանական մասնակի ընտրութիւններուն նախօրեակին, վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ այցելեց Թրիփոլի, ուր հանդիպումներ ունեցաւ Թրիփոլիի քաղաքական հեղինակութիւններուն հետ: Հարիրի այցելեց նախկին նախարար Աշրաֆ Ռիֆիի բնակարանը, ուր ներկայ գտնուեցան նաեւ Թրիփոլիի մասնակի ընտրութիւններու Մուսթաքպալ հոսանքի թեկնածու Տիմա Ժամալի, Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր եւ շարք մը այլ պատասխանատուներ: Վարչապետ Հարիրի Ռիֆիի բնակարանէն յայտարարեց, որ արիւնը ջուրի չի վերածուիր` հաստատելով,...

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Կը Մերժէ  Կոլանը Իսրայէլեան Գերիշխանութեան  Ներքեւ Զետեղումը»

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Կը Մերժէ Կոլանը Իսրայէլեան Գերիշխանութեան Ներքեւ Զետեղումը»

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց ամերիկեան պաշտօնական պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին քոնկրեսականներ: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ նախագահական պալատի հարցերու պետական նախարար Սելիմ Ժրայսաթի, նախկին նախարար Փիեռ Ռաֆֆուլ եւ նախագահական պալատի ընդհանուր քարտուղար Անթուան Շքէյր, ինչպէս նաեւ խորհրդատուներ: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն հաստատեց, որ Լիբանան կը մերժէ Կոլանը իսրայէլեան գերիշխանութեան ներքեւ զետեղելը, յատկապէս նկատի ունենալով,...

Պըրրի Նախագահեց  Խորհրդարանի Դիւանի Նիստին

Պըրրի Նախագահեց Խորհրդարանի Դիւանի Նիստին

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց խորհրդարանի դիւանի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, ինչպէս նաեւ երեսփոխաններ Մարուան Համատէ, Միշել Մուսա եւ Ալեն Աուն, խորհրդարանի ընդհանուր քարտուղար Ատնան Տահեր եւ ընդհանուր տնօրէն Մոհամետ Մուսա: Նիստէն ետք Համատէ յայտնեց, որ քննարկած են այն օրինագիծերը, որոնք չորեքշաբթի օրուան խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին ընթացքին պիտի...

Խալիլ. «Պետական Ամավարկի Նիւթական  Բացը Կրնանք Ինը Առ Հարիւրով Նուազեցնել»

Խալիլ. «Պետական Ամավարկի Նիւթական Բացը Կրնանք Ինը Առ Հարիւրով Նուազեցնել»

Ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ պետական ամավարկը պիտի ըլլայ համախոհական փորձ մը` վերջ տալու համար տարիներ շարունակ նիւթական ու տնտեսական քաղաքականութեան ստեղծած բացին: Խալիլ ընդգծեց, որ 2019-ի պետական ամավարկը պիտի ըլլայ լուրջ փորձ մը, որուն շրջագիծին մէջ կարելի պիտի ըլլայ հաւասարակշռել երկրին տնտեսական եւ առեւտրական հաշուեկշիռը, ինչպէս նաեւ սրբագրել ելեւմտական քաղաքականութիւնը, որ տարիներ շարունակ...

Յունաստանի Նախագահը Կը Դրուատէ Երկու  Երկիրներուն Սերտ Յարաբերութիւնը  Եւ Կը Հաստատէ Իր Երկրին  Զօրակցութիւնը Լիբանանին

Յունաստանի Նախագահը Կը Դրուատէ Երկու Երկիրներուն Սերտ Յարաբերութիւնը Եւ Կը Հաստատէ Իր Երկրին Զօրակցութիւնը Լիբանանին

Յունաստանի նախագահ Փրոքոփիս Փաւլոփուլոս երէկ` 11 ապրիլին, պաշտօնական այցելութիւն տուաւ Լիբանան, ուր տեսակցութիւն ունեցաւ իշխանութեան երեք պետերուն հետ: Պաապտայի մէջ կայացաւ հանդիպում հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ, որ տեսակցութենէն ետք տուած մամլոյ միացեալ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց, թէ բանակցութիւնները բացառիկ ներդաշնակութեամբ պարուրուած էին, մանաւանդ որ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները ունին պատմական ու խոր արմատներ, որոնք այսօր եւս կը շարունակուին, մանաւանդ...

Լիբանանեան-Հայաստանեան Բարեկամութեան  Խորհրդարանական Յանձնախումբի Մէկ  Պատուիրակութիւնը Այցելեց Դեսպան Աթաբէկեանին

Լիբանանեան-Հայաստանեան Բարեկամութեան Խորհրդարանական Յանձնախումբի Մէկ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Դեսպան Աթաբէկեանին

Լիբանանեան-հայաստանեան բարեկամութեան խորհրդարանական յանձնախումբը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմեն Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան եւ երեսփոխան Սելիմ Աուն, 11 ապրիլին այցելեցին Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեանին: Այս այցելութիւնը տրուեցաւ Լիբանանեան-հայաստանեան բարեկամութեան խորհրդարանական յանձնախումբի աշխատանքներու ծիրին մէջ եւ կը միտէր աշխուժացնել երկու խորհրդարաններուն միջեւ գործակցութիւնը: Հանդիպումին ընթացքին լուսարձակի տակ առնուեցաւ անհրաժեշտութիւնը ստեղծելու ռազմավարութիւն մը, որուն նպատակն...

Հարիրի. «Ամավարկի Գծով Սեղմում  Ընելը Լաւագոյն Որոշումն Էր»

Հարիրի. «Ամավարկի Գծով Սեղմում Ընելը Լաւագոյն Որոշումն Էր»

Վարչապետ Սաատ Հարիրիի գլխաւորութեամբ, երէկ` հինգշաբթի, 11 ապրիլին, կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին, վարչապետարանին մէջ գումարուեցաւ կառավարութեան նիստը` 34 կէտէ բաղկացած օրակարգով: Նիստին ընթացքին վարչապետը դիտել տուաւ, որ ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ծրագիրը դրական անդրադարձ ունեցաւ լիբանանեան կեանքին մէջ, յատկապէս թղթոսկիի կայունութեան եւ ելեւմտական առումով, որովհետեւ անիկա վստահութիւն կը ներշնչէ ապագային Լիբանանի մէջ ներդրում ունեցողներուն: Ան հաստատեց, որ ասիկա առաջին ցուցանիշն է...

«Տնտեսական Կացութիւնը Կը Կաշկանդէ  Մեզի Եւ Չ՛արտօներ, Որ Արագ Կերպով Գործենք,  Որպէսզի Քաղաքացին Տարբերութիւն Զգայ»  Շեշտեց Ա. Մաթոսեան

Մաթոսեան. «Ելեկտրականութեան Ծրագիրի Որդեգրումը Ողջունելի Է, Թէկուզ` Ուշացած»

Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալեքսանտր Մաթոսեան լիբանանեան ձայնասփիւռի կայանի մը հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին հաստատեց, որ ելեկտրականութեան վերաբերող ծրագիրին վաւերացումը դրական քայլ է, թէկուզ քիչ մը ուշացած ըլլայ: Ան կարեւոր նկատեց անոր գործադրութիւնը` առանց խոչընդոտներ ստեղծելու, որպէսզի կարելի ըլլայ կասեցնել այն կորուստները, զորս կը կրէ լիբանանեան գանձարկղը եւ բնականաբար իր անդրադարձը կ՛ունենայ քաղաքացիներուն եկամուտներուն վրայ: Ա. Մաթոսեան դիտել տուաւ,...

Կառավարութեան Հարցապնդման  Խորհրդարանի Լիագումար Նիստ

Կառավարութեան Հարցապնդման Խորհրդարանի Լիագումար Նիստ

Խորհրդարանը երէկ գումարեց կառավարութեան հարցապնդումի նիստը` նախագահութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի ու կառավարութեան: Նիստէն ետք Պըրրի ընդունեց վարչապետ Հարիրին, որ կառավարութեան հարցապնդման խորհրդարանի նիստը բաւական առողջ նկատեց` հաստատելով, որ այդ նիստերը միշտ պէտք է գումարուին, որպէսզի ժողովուրդը վկայէ կառավարութեան աշխատանքները, «իսկ խորհրդարանը իրաւունք ունի իմանալու կառավարութեան աշխատանքներուն մասին», ըսաւ ան: Անդրադառնալով պետական ամավարկին` վարչապետ Հարիրի...

Լիբանանեան Պատուիրակութիւնը  Ուաշինկթընի Մէջ Կը Քննարկէ  Տնտեսական Եւ Ելեւմտական Հարցեր

Լիբանանեան Պատուիրակութիւնը Ուաշինկթընի Մէջ Կը Քննարկէ Տնտեսական Եւ Ելեւմտական Հարցեր

Լիբանանի դէմ տնտեսական եւ ելեւմտական պատժամիջոցներու որդեգրումը կանխարգիլելու նպատակով Միացեալ Նահանգներ այցելող լիբանանեան պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմեն փոխվարչապետ Ղասսան Հասպանի եւ երեսփոխաններ Իպրահիմ Քանաան եւ Եասին Ժապեր, երէկ Սպիտակ տան մէջ հանդիպումներ ունեցան Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի եւ արտաքին գործոց նախարարներու, ինչպէս նաեւ Միջազգային դրամական ֆոնտի ներկայացուցիչներուն հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան շարք մը հարցեր, որոնց կարգին` ելեւմտական եւ տնտեսական թղթածրարներն...

Սէյիտ Նասրալլա. «Միացեալ Նահանգները  Ահաբեկչական Վարչակազմ Են`  Մտքով, Գործով Ու Մշակոյթով»

Սէյիտ Նասրալլա. «Միացեալ Նահանգները Ահաբեկչական Վարչակազմ Են` Մտքով, Գործով Ու Մշակոյթով»

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ «Դիմադրութեան վիրաւոր մարտիկ»-ի օրուան առիթով արտասանեց ճառ մը, որուն մէջ շեշտեց, որ վիրաւորները կենդանի նահատակներ են, որոնք ականատեսներն են Լիբանանի նուաճումներուն, յաղթանակներուն, ներքին ապահովութեան ու խաղաղութեան, թշնամիին ուժը հաւասարակշռելու իրականութեան, ինչպէս նաեւ կայունութեան, որ անոնց ջանքերուն շնորհիւ հաստատուած է: «Այս բոլորը Լիբանանի մէջ կարելի չեղաւ Միացեալ Նահանգներու շնորհիւ իրականացնել, այլ` իւրաքանչիւր նահատակի ու...

Նախագահներ Աուն Եւ Ռատեւ Ընդգծեցին Երկկողմանի Յարաբերութիւնները Ամրապնդելու Կարեւորութիւնը

Նախագահներ Աուն Եւ Ռատեւ Ընդգծեցին Երկկողմանի Յարաբերութիւնները Ամրապնդելու Կարեւորութիւնը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Պուլկարիոյ նախագահ Ռումեն Ռատեւը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-պուլկարական երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու հեռանկարները: Հանդիպումէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին նախագահ Աուն ընդգծեց, որ Պուլկարիա պէտք է նեցուկ կանգնի Լիբանանին` անոր դէմ գործուած իսրայէլեան բռնարարքներուն դիմաց, ինչպէս նաեւ պէտք է զօրակցի նաւթի արտահանման Լիբանանի...

Հարիրի Ապուլ Ղէյթի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Եւ Շրջանային Իրադարձութիւնները

Հարիրի Ապուլ Ղէյթի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Եւ Շրջանային Իրադարձութիւնները

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթը` ընկերակցութեամբ ընդհանուր քարտուղարի օգնական, դեսպան Հուսամ Զեքիի եւ դեսպան Ապտել Ռահման Սոլհի: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ նախկին նախարար Ղաթթաս Խուրի: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Ապուլ Ղէյթ յայտնեց, որ իր այցելութեան նպատակն է մասնակցիլ ԷՍՔՈՒԱ-ի մէջ գումարուելիք բարգաւաճման արաբական խորհրդաժողովին: Ան նշեց, որ վարչապետ...

Գործարարութեան Եւ Ելեւմտական Խորհրդաժողով

Գործարարութեան Եւ Ելեւմտական Խորհրդաժողով

Հովանաւորութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի, կազմակերպութեամբ «Քոնֆեքս ինթըրնեշընըլ»-ի եւ գործակցութեամբ Կեդրոնական դրամատան, երէկ «Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ բացումը կատարուեցաւ Գործարարութեան եւ ելեւմտական խորհրդաժողովին, որուն ընթացքին խօսքեր առին մեծ թիւով նախարարներ: Վարչապետ Հարիրիի ներկայացուցիչ, նախարար Ատել Աֆիունի այս առիթով շեշտեց, որ կառավարութիւնը յանձնառու է «Սետր»-ի խորհրդաժողովին կատարած  բարեկարգումի իր խոստումները գործադրելու` աւելցնելով, որ այդ նախանձախնդրութեան առաջին քայլը կը նկատուի ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ծրագիրին...

Page 566 of 988 1 … 565 566 567 … 988

Արխիւներ