Լիբանանեան

Պըրրի Իրաք Կատարած Իր Այցելութիւնը  Աւարտեց Հանդիպում Մը Ունենալով Ալլաուիի Հետ

Պըրրի Իրաք Կատարած Իր Այցելութիւնը Աւարտեց Հանդիպում Մը Ունենալով Ալլաուիի Հետ

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ աւարտեց Իրաք կատարած իր այցելութիւնը` հանդիպում մը ունենալով Իրաքի նախկին վարչապետ Իյատ Ալլաուիի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները: Հանդիպումէն ետք Ալլաուի մեծապէս գնահատեց Պըրրին եւ անոր աշխատանքները` հաստատելով, որ Պըրրի արաբական պայքարի իտէալ օրինակ մըն է, որ Իսրայէլի դէմ ճակատամարտ առաջնորդած է, երբ Ամալ շարժումը առանձինն կը պայքարէր թշնամի Իսրայէլի...

«Զբօսաշրջութեան Մարզի Ծրագիրը  Պիտի Յայտարարուի Այս Ամսուան Կիսուն  Եւ Պիտի Ներառէ Բոլոր Շրջանները»   Շեշտեց Աւետիս Կիտանեան

«Զբօսաշրջութեան Մարզի Ծրագիրը Պիտի Յայտարարուի Այս Ամսուան Կիսուն Եւ Պիտի Ներառէ Բոլոր Շրջանները» Շեշտեց Աւետիս Կիտանեան

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ այցելեց Լիբանանեան միջազգային համալսարանի` «Էլ. Այ. Եու.»-ի Պեքաայի մասնաճիւղը, ուր ան դիմաւորուեցաւ արտաքին առեւտուրի նախարար Հասան Մըրատի կողմէ: Նախարար Կիտանեան համալսարանին մէջ բացումը կատարեց Պեքաայի զբօսաշրջութեան զարգացման յատուկ խորհրդաժողովին: Ա. Կիտանեան բարձր գնահատեց Պեքաայի մէջ արդիական դպրոցներ ու համալսարաններ կառուցելու քայլը` ընդգծելով, որ այդ աշխատանքը առաւելագոյն չափով ողջունելի է: Նախարար Կիտանեան դրուատեց նաեւ Հասան Մըրատի...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Ալպեր Սարհան երէկ կասեցուց դատաւորի մը աշխատանքները եւ պահանջեց հետաքննութիւն բանալ անոր գործունէութեան շուրջ: Նշենք, որ Սարհան հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Քրիսթինա Լասընի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան դատական մարզին վերաբերեալ Լիբանանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ գործակցութեան կարելիութիւնները: ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարար Էլիաս Պու Սաապ երէկ այցելեց բանակի ընդհանուր հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի, որուն հետ քննարկեց բանակին...

Կառավարութիւնը Որոշեց Ջնջել Ընկերութիւններուն Պարտադրուած  Հարկերուն Վրայ Կուտակուած Տուգանքները

Կառավարութիւնը Որոշեց Ջնջել Ընկերութիւններուն Պարտադրուած Հարկերուն Վրայ Կուտակուած Տուգանքները

Կառավարութիւնը երէկ վարչապետարանին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը, նախագահութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի: Նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ 26 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը: Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ժամալ Ժարրահ շեշտեց, որ կառավարութիւնը որոշած է ընկերութիւններուն պարտադրուած հարկերուն վրայ կուտակուած տուգանքները ջնջել: Ժարրահ նշեց, թէ իւրաքանչիւր տարուան ընթացքին պատրաստուող պետական ամավարկին պարագային, ընկերութիւններուն հարկերուն վրայ բարդուած տուգանքները 80-90 առ հարիւրով կը ջնջուին: Ան դիտել...

Նախագահ Աուն Ապու Ֆաուրի Հետ Քննարկեց  Ճարտարարուեստի Մարզին  Զօրակցելու Շարք Մը Քայլեր

Նախագահ Աուն Ապու Ֆաուրի Հետ Քննարկեց Ճարտարարուեստի Մարզին Զօրակցելու Շարք Մը Քայլեր

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց ճարտարարուեստի նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրը, որուն հետ քննարկեց ճարտարարուեստի մարզին զօրակցելու շարք մը քայլեր: Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ ճարտարարուեստի մարզի բարելաւման նպատակով իր ներկայացուցած բոլոր ծրագիրներուն պարագային շօշափած է հանրապետութեան նախագահին զօրակցութիւն: Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ երեսփոխան Ինայա Իզզէտտինը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի ընդհանուր կացութիւնը, ինչպէս նաեւ խորհրդարանին մէջ երեսփոխանին...

Իրաքի Մէջ.   Պըրրի Հանդիպումներ Ունեցաւ  Նաեւ Ապատիի Եւ Մալիքիի Հետ

Իրաքի Մէջ. Պըրրի Հանդիպումներ Ունեցաւ Նաեւ Ապատիի Եւ Մալիքիի Հետ

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շարունակեց Իրաք կատարած իր պաշտօնական այցելութիւնը, որուն ընթացքին ան շարունակեց հանդիպումներ ունենալ իրաքեան քաղաքական ղեկավարութեան հետ, քննարկելու համար լիբանանեան-իրաքեան գործակցութիւնն ու երկկողմանի յարաբերութիւններու ամրապնդումը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւններ: Այս շրջագիծին մէջ Պըրրի հանդիպում մը ունեցաւ նախկին վարչապետ Հայտար Ապատիի հետ: Վերջինը շեշտեց, որ լիբանանեան-իրաքեան երկկողմանի յարաբերութիւնները կարեւոր են եւ պէտք է խորանան: Ան նշեց,...

«Հայերը Իրենց Ապրած Գաղութներուն Մէջ  Համարկուած Են Եւ Ապրած Համերաշխութեամբ»  Շեշտեց Վերա Եագուպեան

«Հայերը Իրենց Ապրած Գաղութներուն Մէջ Համարկուած Են Եւ Ապրած Համերաշխութեամբ» Շեշտեց Վերա Եագուպեան

Հայութեան Մասին Հաղորդում «Մոնթէ Քարլօ» Ձայնասփիւռի Կայանէն Երեքշաբթի, 2 ապրիլին, կէսօրուան ժամը 12:00-1:00 (Պէյրութի ժամանակացոյցով), «Մոնթէ Քարլօ» ձայնասփիւռի կայանը իր «Հայաթ ուա նաս» յայտագիրին ընդմէջէն սփռեց հաղորդում մը` նուիրուած հայութեան, Միջին Արեւելքի երկիրներուն մէջ անոնց հաստատումին եւ տարբեր միջավայրերու անոնց համարկումին: Յայտագիրը սկսաւ մօր նուիրուած Շարլ Ազնաւուրի երգերէն մէկուն ունկնդրութեամբ: Յայտագիրին հրաւիրուած հիւրերէն, Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա...

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդ.   «Սուրիացի Տեղահանուածներուն Ապահով  Տունդարձը Կը Ծառայէ  Լիբանանի Գերագոյն Շահերուն»

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդ. «Սուրիացի Տեղահանուածներուն Ապահով Տունդարձը Կը Ծառայէ Լիբանանի Գերագոյն Շահերուն»

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Պքերքէի մէջ նախագահեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի նիստին, որմէ ետք հրապարակուած հաղորդագրութեան համաձայն, խորհուրդը շեշտեց, որ սուրիացի տեղահանուածներուն ապահով տունդարձը կը ծառայէ Լիբանանի գերագոյն շահերուն, առանց անոնց վերադարձը ուղղակիօրէն առնչելու Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծման: Խորհուրդը նկատել տուաւ, որ լիբանանեան պետութեան կողմէ փտածութեան դէմ սկսած պայքարը շատ կարեւոր է` աւելցնելով, որ անիկա պէտք է թափանցիկ ըլլայ: Մարոնի...

Սլէյման Ֆրենժիէ Ռամպլինկի Հետ  Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Սլէյման Ֆրենժիէ Ռամպլինկի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ Պնաշհիի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Քրիս Ռամպլինկը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Մարատա հոսանքի արտաքին յարաբերութիւններու գրասենեակի անդամ Ժան Պութրոս: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ երկրին տնտեսական տագնապը, ելեկտրականութեան հարցի լուծման ծրագիրին գործադրութիւնը, ինչպէս նաեւ շրջանային եւ միջազգային շարք մը զարգացումներ: Ֆրենժիէ ընդգծեց տնտեսական տագնապի լուծման առումով բարեկարգումներ կատարելու...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ Քլեմանսոյի մէջ ընդունեց ներքին գործոց նախարար Ռայա Հասանը` ներկայութեամբ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները: ՎԱՐՉԱՊԵՏ Սաատ Հարիրիի խորհրդատու Ամմար Հուրի յոյս յայտնեց, որ ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ծրագիրը մօտիկ ապագային կը հասնի իր վերջնական վաւերացումին: ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ Թրիփոլիի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ...

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի  Պատուիրակութիւնը  Այցելեց Վարչապետ Հարիրիի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վարչապետ Հարիրիի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ այցելեցին վարչապետ Սաատ Հարիրիի, որուն հետ քննարկեցին լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ վարչապետ Հարիրիին բարի գալուստ եւ ապաքինում մաղթած են, ինչպէս նաեւ քննարկած են կառավարութեան գումարելիք այսօրուան նիստին օրակարգին վերաբերող հարցեր: Կեդրոնական դրամատան հայ փոխկառավարիչի նշանակումին մասին հարցումի մը պատասխանելով`...

Ելեկտրականութեան Տագնապի Լուծման  Նախարարական Յանձնախումբը  Իր  Աշխատանքները Պիտի Շարունակէ Այսօր

Ելեկտրականութեան Տագնապի Լուծման Նախարարական Յանձնախումբը Իր Աշխատանքները Պիտի Շարունակէ Այսօր

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ կէսօրէ ետք վարչապետարանին մէջ նախագահեց ելեկտրականութեան ծրագիրի յատուկ նախարարական յանձնախումբի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան փոխվարչապետ Ղասսան Հասպանի եւ նախարարներ Ալի Հասան Խալիլ, Ժամալ Ժարրահ, Աքրամ Շեհայէպ, Մոհամետ Ֆընէյշ, Եուսեֆ Ֆընիանոս, Քամիլ Ապու Սլէյման, Նատա Պուսթանի եւ Ատել Աֆիունի, ինչպէս նաեւ նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Մահմուտ Մաքքիէ, Միջազգային դրամատան ներկայացուցիչներ եւ շարք մը խորհրդատուներ: Նիստէն ետք տեղեկատուութեան...

Վենեզուելայի Արտաքին  Գործոց Նախարարը Այցելեց Լիբանան

Վենեզուելայի Արտաքին Գործոց Նախարարը Այցելեց Լիբանան

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Վենեզուելայի արտաքին գործոց նախարար Խորխէ Արիասան, որ նախագահ Աունին յայտնեց բերանացի պատգամ մը, ուղղուած` Վենեզուելայի նախագահ Նիքոլաս Մատուրոյէն: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան-վենեզուելական երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Վենեզուելայի մէջ ապրող լիբանանցիներուն իրավիճակն ու Վենեզուելայի մէջ անոնց ունեցած դերակատարութիւնը: Արիասա հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ լիբանանցի իր պաշտօնակիցին` Ժըպրան Պասիլի հետ: Պուսթրոս պալատին...

«Այս Ամառ Լիբանան  Այցելող Զբօսաշրջիկներու  Նոր Մրցանիշ Մը Պիտի Հաստատուի»   Շեշտեց Աւետիս Կիտանեան

«Այս Ամառ Լիբանան Այցելող Զբօսաշրջիկներու Նոր Մրցանիշ Մը Պիտի Հաստատուի» Շեշտեց Աւետիս Կիտանեան

Հովանաւորութեամբ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի, «Հոսփիթելիթի սըրվիսըզ» ընկերութիւնը, «Պիել սիսայտ արենա»-ի մէջ բացումը կատարեց «Հորեքա Լեպանոն» 26-րդ ցուցահանդէսին, որ պիտի տեւէ մինչեւ ուրբաթ, 5 ապրիլ 2019: Բացման արարողութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Մոհամետ Շքէյր, զբօսաշրջութեան մարզի սենտիքաներու նախագահներ եւ ծանօթ անձնաւորութիւններ, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով լրագրողներ: Նախարար Կիտանեան ողջունեց Զբօսաշրջութեան միջազգային կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Թալեպ Ռիֆային, որ միշտ...

Իրաքի Մէջ.   Պըրրի Շեշտեց Փտածութեան Դէմ  Պայքարելու Անհրաժեշտութիւնը

Իրաքի Մէջ. Պըրրի Շեշտեց Փտածութեան Դէմ Պայքարելու Անհրաժեշտութիւնը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, որ պաշտօնական այցելութեամբ մը մեկնած էր Իրաք, երէկ առաւօտեան հանդիպում ունեցաւ Իրաքի նախագահ Պարհամ Սալեհի հետ: Հանդիպումին ընթացքին Սալեհ շեշտեց, որ Լիբանանի տեղը իւրայատուկ է Իրաքի եւ իրաքցիներուն համար` մաղթելով, որ Պըրրիի այցելութիւնը դռները կը բանայ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու բարելաւումին եւ ամրապնդումին: Պըրրի շնորհաւորեց Իրաքը` ահաբեկչութեան դէմ անոր արձանագրած յաղթանակին առիթով եւ դրուատեց այն բաց...

Ֆուշէ. «Տեղահանուածներու Տունդարձին  Առումով Սուրիական Վարչակարգը Դրական  Կեցուածքի Նշոյլներ Ցոյց Չի Տար»

Ֆուշէ. «Տեղահանուածներու Տունդարձին Առումով Սուրիական Վարչակարգը Դրական Կեցուածքի Նշոյլներ Ցոյց Չի Տար»

Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէ երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ իրենք համոզուած էին, թէ Լիբանանի մէջ կատարուած երեսփոխանական ընտրութիւններէն ետք կառավարութիւնը շուտով պիտի կազմուի, «սակայն դժբախտաբար իրականութիւնը մեր համոզումներուն չհամապատասխանեց եւ յապաղում արձանագրուեցաւ, ինչ որ պատճառ դարձաւ նաեւ Լիբանանի կողմէ խոստացուած բարեկարգումներու գործադրութիւնը ուշացնելու», ըսաւ ան: Ֆուշէ ընդգծեց, որ Փարիզ լիբանանեան պետութենէն կ՛ակնկալէ «Սետր»-ի խորհրդաժողովի որոշումներուն նկատմամբ յանձնառութիւն...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի կառավարութիւնը հրաւիրեց հարցապնդումի նիստի մը, որ պիտի գումարուի չորեքշաբթի, 10 ապրիլ 2019-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին: ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան կոչ ուղղեց բոլորին կառչած մնալու այն տարազին, որուն շնորհիւ Լիբանան ազատագրուեցաւ եւ լիբանանցիները փրկեց ահաբեկչութենէ: ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ իրենց նպատակն է օրինական ձեւերով սանձել որեւէ...

Մինչ Պետական Ամավարկի Նախագիծը  Կը Փոխանցուի Կառավարութեան Քարտուղարութեան,  Ելեկտրականութեան Տագնապի Լուծման Նախարարական  Յանձնախումբը Կը Շարունակէ Իր Աշխատանքները

Մինչ Պետական Ամավարկի Նախագիծը Կը Փոխանցուի Կառավարութեան Քարտուղարութեան, Ելեկտրականութեան Տագնապի Լուծման Նախարարական Յանձնախումբը Կը Շարունակէ Իր Աշխատանքները

Ելեւմուտքի նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան պետական ամավարկի նախագիծը, որ կ՛ընդգրկէ նաեւ սեղմումներու յատուկ ծրագիր մը, փոխանցեց Լիբանանի նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարութեան: Միւս կողմէ, վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, վարչապետարանին մէջ նախագահեց ելեկտրականութեան ծրագիրի յատուկ նախարարական յանձնախումբի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան փոխվարչապետ Ղասսան Հասպանի եւ նախարարներ Ալի Հասան Խալիլ, Ժամալ Ժարրահ, Աքրամ Շեհայէպ, Մոհամետ Ֆընէյշ, Եուսեֆ Ֆընիանոս, Քամիլ Ապու...

Նախագահ Աուն Աշխատանքի Եւ Կրթութեան  Նախարարներուն Հետ  Քննարկեց Երկրին Կացութիւնը

Նախագահ Աուն Աշխատանքի Եւ Կրթութեան Նախարարներուն Հետ Քննարկեց Երկրին Կացութիւնը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց աշխատանքի նախարար Քամիլ Ապու Սլէյմանը, որուն հետ քննարկեց Ընկերային ապահովագրութեան ազգային սնտուկին վերաբերող հարցեր, սնտուկի վարչական խորհուրդի վերակազմաւորումը, ինչպէս նաեւ անոր կապուած նոր ծրագիրներն ու 2010-էն ի վեր այս սնտուկին հաշիւները քննուած չըլլալու իրականութիւնը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ տարեցներու ապահովագրութեան դրութեան կարելիութիւնը եւ զայն գործադրելու անհրաժեշտութիւնը: Ապու Սլէյման հաստատեց, որ...

Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը  Կառավարութեան Պատուիրեց Յանձնառու Մնալ  Սուրիացի Տեղահանուածներուն  Առնչութեամբ Իր Որդեգրած Կեցուածքին

Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Կառավարութեան Պատուիրեց Յանձնառու Մնալ Սուրիացի Տեղահանուածներուն Առնչութեամբ Իր Որդեգրած Կեցուածքին

Արտաքին եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբը երէկ նախագահութեամբ երեսփոխան Եասին Ժապերի եւ ներկայութեամբ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ երեսփոխաններ Իպրահիմ Ազարի, Անիս Նասսարի, Փիեռ Պու Ասիի, Ժորժ Օքէյսի, Սամի Ֆաթֆաթի, Ալի Պեզիի, Ֆուատ Մախզումիի, Նաամաթ Աֆրամի, Նուհատ Մաշնուքի, Թոնի Ֆրենժիէի, Անուար Խալիլի եւ Ատնան Թրապուլսիի, գումարեց իր ընթացիկ նիստը: Ներկայ գտնուեցաւ նաեւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան...

Page 568 of 988 1 … 567 568 569 … 988

Արխիւներ