Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

April 8, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին, որուն ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ հաստատեց, որ լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւնները վարակուած են ներքին աչազրկութեամբ, ինչ որ պատճառ կը դառնայ լիբանանցի ժողովուրդին տառապանքին:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ շեշտեց, որ Լիբանանի պետական ամավարկը քաղաքացիներուն յաւելեալ տուրքեր չի պարտադրեր:

ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ Ղասսան Հասպանի շեշտեց, որ նախ եւ առաջ լիբանանեան ազգային հաշտութիւնները հիմնական են` երկրին ապահովական կայունութիւնը երաշխաւորելու:

ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարար Մոհամետ Շքէյր շաբաթավերջին մեկնեցաւ Մոսկուա, ուր պիտի մասնակցի Արաբական-ռուսական գործարարական խորհուրդի ցուցահանդէսին, որ պիտի ընդգրկէ նաեւ լիբանանեան արտադրութիւններու յատուկ տաղաւարներ:

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ եւ կիներու ընկերային եւ տնտեսական ուժեղացման պետական նախարար Վիոլեթ Սաֆատի կոչ ուղղեց Թրիփոլիի բնակչութեան` մասնակցելու մասնակի երեսփոխանական ընտրութիւններուն` իրենց ժողովրդավարական իրաւունքը գործադրած ըլլալու համար:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Ալպեր Սարհան շեշտեց, որ փտածութեան դէմ պայքարը ընթացքի մէջ է, իսկ դատական իշխանութեան վերաբերող նշանակումները ճշդուած թուականին պիտի կատարուին:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Ժորժ Օքէյս Լիբանանեան ուժեր եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւններուն միջեւ յարաբերութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով ըսաւ. «Քաղաքական տարակարծութիւնը դրական է եւ քաղաքական աշխուժութիւն կը ներշնչէ»:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Քրիս Ռամպլինկ շեշտեց, որ Լոնտոնի համար Հըզպալլայի քաղաքական եւ զինուորական թեւերը տարբերութիւն չեն ներկայացներ:

ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի խորհրդատու Փիթըր Ֆերարա հաստատեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի քաղաքական վարուելակերպն ու անոր տեսակէտները չեն օժանդակեր, որ Լիբանանի վրայ պարտադրուած ելեւմտական պատժամիջոցները չեղեալ նկատուին:

ԱՊՈՒ Տապիի մէջ լոյս տեսնող «Տը Նեշընըլ» անգլիատառ թերթը կը գրէ, թէ Ուաշինկթըն կը խոստանայ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ անոր համակիրներուն դէմ պատժամիջոցներ պարտադրել` Հըզպալլայի եւ Իրանի հետ անոր յարաբերութիւններուն պատճառով:

ԱՄԱԼ շարժումի ղեկավար խորհուրդի անդամ Խալիլ Համտան շեշտեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի Իրաք կատարած այցելութիւնը շատ յաջող եղած է, ինչպէս նաեւ իր կարեւորութիւնը ունեցած` Թրիփոլիի քարիւղի զտարանին նաւթ ապահովելու իմաստով:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի շեշտեց, որ Լիբանան իր պատմութեան վատագոյն փուլին մէջ կը գտնուի:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէ յայտնեց, որ Ֆրանսա միշտ հաւատարիմ մնացած է Լիբանանին` աւելցնելով, որ Փարիզ Լիբանանի նկատմամբ իր յանձնառութիւնը պիտի շարունակէ:

 

Նախորդը

Ռուանտայի Մէջ Ցեղասպանութեան 25-ամեակի Նշման Համար 100 Օրուան Սուգ Յայտարարուեցաւ

Յաջորդը

«Թշնամիին Դէմ Ապահովական Եւ Պաշտպանութեան Հրահանգը Միայն Բանակը Կրնայ Արձակել» Շեշտեց Ուալիտ Ժոմպլաթ

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.