Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տոհայի Մէջ. «Բռնի Ուժով Խլուածը Միասնականութեամբ Եւ Դիմադրութեամբ Կարելի Է Վերադարձնել» Շեշտեց Պըրրի

April 8, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շաբաթավերջին ուղղուեցաւ Քաթար, ուր մասնակցեցաւ Միջխորհրդարանական համադաշնակցութեան 140-րդ ընդհանուր ժողովին:

Պըրրիի ընկերակցեցան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, ինչպէս նաեւ երեսփոխաններ Ռուլա Թապըշ եւ Միշել Մուսա:

Տոհայի մէջ Պըրրի հանդիպում մը ունեցաւ Քաթարի շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանի իշխանին հետ: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները:

Հանդիպումէն ետք Պըրրի յայտնեց, որ շէյխ Թամիմի հետ հանդիպումը բաւական դրական եղած է` նշելով, որ քննարկած է Քաթարի մէջ լիբանանցիներուն կեցութեան վերաբերող շարք մը հարցեր, ինչպէս նաեւ նկատել տուած, որ Լիբանանի եւ Քաթարի միջեւ միացեալ խորհուրդը երկամեայ դրութեամբ իր հանդիպումները պէտք է գումարէ:

Պըրրի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ իրանցի իր պաշտօնակիցին` Ալի Լարիժանիի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան-իրանեան յարաբերութիւնները:

Նշենք, որ Միջխորհրդարանական համադաշնակցութեան 140-րդ ընդհանուր ժողովին առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ Պըրրի շեշտեց, որ Միջխորհրդարանական համադաշնակցութիւնը պատասխանատու է դատապարտելու Իսրայէլի գործած բռնարարքները` պաղեստինցի քաղաքայիններուն դէմ արձակազինութիւն կատարելու, զանոնք անպատսպար ձգելու, անցարգելներու վրայ անոնց քաղաքացիութիւնը խլելու եւ արաբական հողերը իւրացնելու առումով:

Ան նշեց, որ Իսրայէլը Երուսաղէմը շրջափակելու փորձեր կը կատարէ եւ  ամբողջ պաղեստինեան հողերը շրջափակուած օղակներու վերածելու ճիգին մէջ կը գտնուի:

Պըրրի ընդգծեց, որ բռնի ուժով խլուածը միասնականութեամբ եւ Դիմադրութեամբ կարելի է վերադարձնել:

Հանդիպում Հայաստանի Ազգային Ժողովի Նախագահին Հետ

Տոհայի մէջ տեղի ունեցած Միջխորհրդարանական համադաշնակցութեան 140-րդ ընդհանուր ժողովին շրջագիծին մէջ, Պըրրի, ընկերակցութեամբ լիբանանեան պաշտօնական պատուիրակութեան, հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւններն ու հայաստանեան զարգացումները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ Հայաստանի խորհրդարաններուն միջեւ համագործակցութեան կարելիութիւնները:

Նախորդը

Հարիրի Երկրին Վկայելիք Յաջորդ Փուլին Համար Լաւատեսութիւն Կը Յայտնէ

Յաջորդը

Ստեփանակերտի Աստուածամօր Սուրբ Հովանի Մայր Տաճարի Օծում Եւ Բացում

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.