Լիբանանեան

Սպանիոյ Մէջ.  Պասիլ. «Լիբանան Ի Վիճակի Չէ Այլեւս  Սուրիացի Տեղահանուածներուն  Պարտադրած Ծանր Բեռը Կրելու»

Սպանիոյ Մէջ. Պասիլ. «Լիբանան Ի Վիճակի Չէ Այլեւս Սուրիացի Տեղահանուածներուն Պարտադրած Ծանր Բեռը Կրելու»

Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Սպանիա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Սպանիոյ խորհրդարանի նորընտիր նախագահ Մերթիքսել Պաթեթի հետ, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին Պաթեթ շեշտեց, որ Սպանիա յանձնառու կը մնայ Լիբանանի հետ իր յարաբերութիւնները ամրապնդելու: Պասիլ անդրադարձաւ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին եւ Լիբանանի վրայ անոր ունեցած հետեւանքներուն: Ան շեշտեց, որ Լիբանան ի վիճակի չէ այլեւս...

Փոմփէօ Կը Շեշտէ Ուաշինկթընի  Զօրակցութիւնը Լիբանանին  Եւ Հարիրիի Կառավարութեան

Փոմփէօ Կը Շեշտէ Ուաշինկթընի Զօրակցութիւնը Լիբանանին Եւ Հարիրիի Կառավարութեան

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ նախկին նախարար Ղաթթաս Խուրիի հետ: Հանդիպումին ընթացքին Փոմփէօ Խուրիին ըսաւ, թէ Միացեալ Նահանգներ կը  զօրակցին Լիբանանին, վարչապետ Սաատ Հարիրիի կառավարութեան, ինչպէս նաեւ ապահովական ուժերուն եւ բանակին: Նշենք, որ Խուրի կը գտնուէր Միացեալ Նահանգներ, ուր հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ Տէյվիտ Հէյլի եւ Ռէյ Պոռնի, ինչպէս նաեւ Ժողովրդավարութեան պաշտպան կազմակերպութիւններու հետ:  

Ժեմայէլ. «Լիբանանեան Պետութեան Ծախսերը  Նուազեցնելու Իմաստով  Ոչ Մէկ Ճիգ Ի Գործ Դրուած Է»

Ժեմայէլ. «Լիբանանեան Պետութեան Ծախսերը Նուազեցնելու Իմաստով Ոչ Մէկ Ճիգ Ի Գործ Դրուած Է»

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ երէկ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին շեշտեց, թէ Լիբանան փոքր երկիր է` աւելցնելով, որ անոր ե՛ւ փրկութիւնը, ե՛ւ քանդումը կրնան արագ կերպով կատարուիլ: Ան խստիւ դատապարտեց Լիբանանի մէջ տիրող տնտեսական տագնապն ու անգործութիւնը, որոնք պատճառ կը դառնան լիբանանցի երիտասարդներու արտագաղթին: Անդրադառնալով 2019-ի պետական ամավարկին` Ժեմայէլ յայտնեց, որ այդ ամավարկի քննարկումին ընթացքին Լիբանանի պետութեան...

Սէուտական Արաբիա Կը Հերքէ,  Իսկ Ֆուշէ Կը Հաստատէ

Սէուտական Արաբիա Կը Հերքէ, Իսկ Ֆուշէ Կը Հաստատէ

Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատունը հերքեց շրջանառութեան մէջ դրուած այն լուրերը, թէ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ իշխան Մոհամետ պըն Սալման պըն Ապտել Ազիզ այս ամսուան ընթացքին պիտի այցելէ Լիբանան: Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէ շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ «Սետր»-ի համաձայնագիրը գործադրուելու սկսած է` աւելցնելով, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն 2019-ի երկրորդ կիսուն պիտի այցելէ Լիբանան` պետական ամավարկի վերջնական վաւերացումէն ետք:

Նախագահ Աուն Հիմնարկէքը Կատարեց Պէյրութի  Ամերիկեան Համալսարանի Բժշկական Կեդրոնին

Նախագահ Աուն Հիմնարկէքը Կատարեց Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի Բժշկական Կեդրոնին

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրին հիմնարկէքը կատարեց Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի բժշկական կեդրոնին` ներկայութեամբ համալսարանի նախագահ Ֆատլօ Խուրիի, բժշկական բաժանմունքի նախագահ բժիշկ Մոհամետ Սայեղի, փոխվարչապետ Ղասսան Հասպանիի, հանրապետութեան նախագահութեան հարցերու պետական նախարար Սելիմ Ժրայսաթիի, պաշտպանութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապի, արդարութեան նախարար Ալպեր Սարհանի, մշակոյթի նախարար Մոհամետ Տաուտ Տաուտի, նախկին նախարարներու եւ երեսփոխաններու, ինչպէս նաեւ դիւանագիտական ներկայացուցիչներու: Այս առիթով նախագահ...

Պէյրութի Նահանգապետը Շրջեցաւ  «Կիրակնօրեայ Շուկայ»-ին Մէջ

Պէյրութի Նահանգապետը Շրջեցաւ «Կիրակնօրեայ Շուկայ»-ին Մէջ

Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխաններ Նիքոլա Սահնաուի, Անթուան Փանօ, ինչպէս նաեւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխաններ Յակոբ Թերզեան եւ Ալեքսանտր Մաթոսեան` ընկերակցութեամբ Պէյրութի նահանգապետ Զիատ Շպիպի, Պէյրութի փոխքաղաքապետ Էլի Անտրէայի, ինչպէս նաեւ Պէյրութի քաղաքապետութեան պատասխանատուներուն հետ երէկ շրջեցան «Կիրակնօրեայ շուկայ»-ին մէջ` ստուգելու համար հոն տիրող իրավիճակը: Ապա անոնք շրջեցան սպառումի շուկաներու ընդհանուր ընկերութեան մէջ եւ ըստ այնմ գումարեցին նիստ մը: Նիստէն...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի հանդիպում մը ունեցաւ նախկին նախարար Ղազի Արիտիի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցերը: ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան «Երուսաղէմի օր»-ուան առիթով կոչ ուղղեց արաբ ժողովուրդներուն զօրակցութիւն յայտնելու Պաղեստինեան դատին եւ պաղեստինցի ժողովուրդին: ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Քրիս Ռամպլինկը,...

Նախագահ Աուն Կը Մաղթէ, Որ Խորհրդարանը  Ամէնէն Արագ Միջոցին Վաւերացնէ  2019-ի Պետական Ամավարկը

Նախագահ Աուն Կը Մաղթէ, Որ Խորհրդարանը Ամէնէն Արագ Միջոցին Վաւերացնէ 2019-ի Պետական Ամավարկը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ շեշտեց, որ 2019-ի պետական ամավարկը կը ներառէ այնպիսի գործառնութիւններ, որոնք կ՛ամրապնդեն Լիբանանի արդիւնաբերութեան մարզերը, յատկապէս երկրագործութիւնն ու ճարտարարուեստի մարզերը` երկրին տնտեսութիւնը աստիճանաբար արդիւնաբերական տնտեսութեան վերածելու նպատակով: Նախագահ Աուն մաղթեց, որ պետական ամավարկը խորհրդարանին մէջ ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին վաւերացուի` նկատել տալով, որ տնտեսական զարթօնքը արդէն իսկ սկիզբ առած է եւ յառաջիկայ տարեսկիզբին Լիբանան պիտի կարենայ...

Սաթըրֆիլտ Կը Շարունակէ Լիբանան-Իսրայէլ  Ծովային Սահմանագծումի Բանակցութիւնները

Սաթըրֆիլտ Կը Շարունակէ Լիբանան-Իսրայէլ Ծովային Սահմանագծումի Բանակցութիւնները

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Միջին Արեւելքի հարցերով օգնական Տէյվիտ Սաթըրֆիլտ Լիբանան-Իսրայէլ ծովային սահմանագծումի բանակցութիւններուն շրջագիծին մէջ նախանցեալ օր վերադարձաւ Լիբանան: Պաապտայի մէջ Սաթըրֆիլտ ընդունուեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կողմէ` ներկայութեամբ հանրապետութեան նախագահութեան պետական նախարար Սելիմ Ժրայսաթիի: Սաթըրֆիլտ նախագահ Աունին ներկայացուց սահմանագծումի բանակցութիւններուն մասին ցարդ իրականացած արդիւնքները` աւելցնելով, որ այդ բանակցութիւնները պիտի շարունակուին յառաջիկայ օրերուն: Այն Թինէի մէջ Սաթըրֆիլտ...

Պըրրի. «2019-ի Պետական Ամավարկը Սերտելու  Իմաստով Խորհրդարանը  Իր Պարտականութիւնները Պիտի Կատարէ»

Պըրրի. «2019-ի Պետական Ամավարկը Սերտելու Իմաստով Խորհրդարանը Իր Պարտականութիւնները Պիտի Կատարէ»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան խորհրդարանական հանդիպումին, որուն ընթացքին Պըրրի հաստատեց, որ 2019-ի պետական ամավարկը սերտելու իմաստով խորհրդարանը իր պարտականութիւնները եւ ամբողջական դերակատարութիւնը պիտի ունենայ` յոյս յայտնելով, որ ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբը յառաջիկայ երկուշաբթի օր սկսի քննարկել կառավարութեան վաւերացուցած եւ խորհրդարան փոխանցած պետական ամավարկը: Միւս կողմէ, քննարկուեցան Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի...

Նախարար Կիտանեան Ստանձնեց Սննդեղէնի  Պիտանիութեան Մասին Տեղեկագիրը

Նախարար Կիտանեան Ստանձնեց Սննդեղէնի Պիտանիութեան Մասին Տեղեկագիրը

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան այցելեց Ճաշարաններու, սրճարաններու, գիշերային զբօսավայրերու եւ անուշավաճառներու սեփականատէրերու սենտիքայի կեդրոնը, ուր դիմաւորուեցաւ սենտիքայի նախագահ Թոնի Ռամիի, ինչպէս նաեւ սենտիքայի նախկին նախագահներու կողմէ: Այս առիթով Ա. Կիտանեան ողջունեց հանդիպումը` հաստատելով, որ նախարարութիւնը պատրաստ է ամէն տեսակի գործակցութեան, յատկապէս պետական եւ սեփական մարզերուն միջեւ գործակցութեան առումով: «Լիբանան իր խոհանոցով իւրայատուկ է եւ կրնայ վերածուիլ զբօսաշրջական այնպիսի վայրի մը,...

Հզօր Լիբանան Համախմբում.  «Պետական Ամավարկը Կը Բովանդակէ  Բարեկարգչական Կէտեր, Սակայն  Անիկա Բարեկարգումի Ամավարկը Չէ»  Շեշտեց Պասիլ

Հզօր Լիբանան Համախմբում. «Պետական Ամավարկը Կը Բովանդակէ Բարեկարգչական Կէտեր, Սակայն Անիկա Բարեկարգումի Ամավարկը Չէ» Շեշտեց Պասիլ

Հզօր Լիբանան համախմբումը, նախագահութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի, գումարեց իր հերթական նիստը, որուն ընթացքին քննարկեց երկիրը յուզող հարցերը: Նիստէն ետք Պասիլ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շեշտեց, որ նիստին ընթացքին համախմբումը արժեւորումը կատարած է կառավարութեան վաւերացուցած 2019-ի պետական ամավարկին` անդրադառնալով անոր դրական եւ բացասական կողմերուն: Պասիլ յայտնեց, որ համախմբումը մեծ ներդրում ունեցած է այդ ամավարկին քննարկման ու...

Մուսթաքպալ Պլոք. «Պետական Ամավարկը  Ամուր Խարիսխ Մըն Է` «Սետր»-ի Համաձայն  Գործադրելու Կառավարութեան  Աշխատանքային Ծրագիրը»

Մուսթաքպալ Պլոք. «Պետական Ամավարկը Ամուր Խարիսխ Մըն Է` «Սետր»-ի Համաձայն Գործադրելու Կառավարութեան Աշխատանքային Ծրագիրը»

Մուսթաքպալ պլոքը գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան Պահիա Հարիրիի: Նիստէն ետք պլոքը կոչ ուղղեց խորհրդարանին վաւերացնելու 2019-ի պետական ամավարկը` նկատել տալով, որ անիկա ամուր խարիսխ մըն է` ըստ «Սետր»-ի համաձայնագիրին գործադրելու կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը, որ հիմնականին մէջ պիտի կեդրոնանայ ենթակառոյցներու բարեկարգման եւ ներդրումներու ապահովումին վրայ: Մուսթաքպալ պլոքը ողջունեց կառավարութեան ի գործ դրած ջանքերը` վաւերացնելու համար պետական ամավարկը` աւելցնելով, որ...

Ապու Սաապ Ճշդեց Մոհամետ Մարգարէի  Ծննդեան, Նոր Տարուան Եւ Ս. Ծննդեան Առիթով  Դպրոցներուն Արձակուրդի Օրերը

Պու Սաապ. «Բանակայիններ Սպաննած Եւ Ականուած Ինքնաշարժներ Պայթեցնելով Քաղաքացիները Թիրախ Դարձուցած Յանցագործներուն Կարելի Չէ Ներում Շնորհել»

Պաշտպանութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապ այցելեց Զինուորական ատեան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ ատեանի նախագահ, դատաւոր Թոնի Լաթթուֆի հետ` ներկայութեամբ դատաւորներ Սաքըր Սաքըրի, Փիթըր Ժըրմանոսի եւ Ֆատի Սուուանի: Հանդիպումէն ետք Պու Սաապ շեշտեց, որ իմացած է Զինուորական ատեանին դիմագրաւած կարգ մը հարցերուն մասին: Ան հաստատեց, որ ոմանք կը պահանջեն Զինուորական ատեանը ջնջել` ընդգծելով սակայն, որ ջնջելու փոխարէն պէտք է այդ ատեանը...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Սաատ Հարիրի հրապարակեց շրջաբերական մը, որուն համաձայն, պետական հաստատութիւններն ու քաղաքապետարանները Ֆիթրի տօնին զուգադիպող առաջին երկու օրերուն ընթացքին փակ պիտի մնան: ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Պքերքէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քուպիչը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ Լիբանանին տրամադրուելիք միջազգային օժանդակութեան անհրաժեշտութիւնը: ՀԶՕՐ Լիբանան...

Մամլոյ Արձակուրդ

Մամլոյ Արձակուրդ

Հայաստանի Հանրապետութեան 101-ամեակին առիթով «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ չորեքշաբթի, 29 մայիս 2019-ին: Մեր յաջորդ թիւը` հինգշաբթի, 30 մայիս 2019-ին:

«Կառավարութիւնը 19 Նիստերէ Ետք Վաւերացուց  2019-ի Պետական Ամավարկը, Որով  Լիբանան Յաղթական Դուրս Եկած Է»  Շեշտեց Վարչապետ Հարիրի

«Կառավարութիւնը 19 Նիստերէ Ետք Վաւերացուց 2019-ի Պետական Ամավարկը, Որով Լիբանան Յաղթական Դուրս Եկած Է» Շեշտեց Վարչապետ Հարիրի

Վարչապետ Սաատ Հարիրի շաբաթավերջին հովանաւորեց Մուսթաքպալ հոսանքի ազատ արհեստներու թեւի իֆթարը, որ տեղի ունեցաւ «Պիել - Սիսայտ արենա»-ին մէջ: Այս առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ վարչապետ Հարիրի ընդգծեց, որ 2019-ի պետական ամավարկի նիւթական բացը նուազեցնելու համեմատութեան առումով կառավարութիւնը բազմակողմանի պատգամներ ուղղած է: «Այդ պատգամները նախ եւ առաջ լիբանանցիներուն ուղղուած են, ապա` տնտեսական մարզին եւ ելեւմտական շուկաներուն, ինչպէս նաեւ միջազգային ընտանիքի...

«Այս Տարուան «Երուսաղէմի Օր»-ուան Կարգախօսը Պիտի Ըլլայ` Ընդդէմ Դարու Համաձայնագիրին» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

Հարաւային Լիբանանի ազատագրութեան եւ Դիմադրութեան տօնին առիթով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա շաբաթ, 25 մայիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն ընթացքին շնորհաւորեց լիբանանցիները ազատագրութեան 19-ամեակին առիթով: Ան հաստատեց, որ Դիմադրութիւնը այս տարի բաւարարուած է 25 մայիսի յաղթանակին նշումը կատարելու բաւարարուելով միայն իր արտասանելիք ճառով` նկատի ունենալով, որ ան կը զուգադիպի ռամատանի օրերուն: Ան նշեց, որ...

Պասիլ. «Բնակեցումի Ծրագիրը  Պիտի Ձախողեցնենք, Իսկ Պաղեստինցին Եւ Սուրիացին  Տունդարձ Պիտի Կատարեն»

Պասիլ. «Բնակեցումի Ծրագիրը Պիտի Ձախողեցնենք, Իսկ Պաղեստինցին Եւ Սուրիացին Տունդարձ Պիտի Կատարեն»

Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ շաբաթավերջին ուղղուեցաւ Արեւմտեան Պեքաա, ուր այցելեց շրջանին մէջ գտնուող Ազգային ազատ հոսանքի ակումբները եւ հանդիպումներ ունեցաւ շրջանի բնակչութեան հետ: Խըրպեթ Քանաֆարի մէջ Պասիլ արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ ընդգծեց, թէ իր իրաւունքներուն կառչած մնացողը ամէն բան կ՛իրագործէ: Պասիլ նշեց, որ ինքնապաշտպանութիւնը եւ բռնագրաւուած հողերու ազատագրումը սուրբ եւ միջազգային օրէնքով ճանչցուած իրաւունքներ են: Ան ըսաւ, որ...

Ժեմայէլ. «Տուրքերէ Փախուստ Տալու  Իրականութեան 80 Առ Հարիւրը  Սուրիոյ Հետ Կապուած Է»

Ժեմայէլ. «Տուրքերէ Փախուստ Տալու Իրականութեան 80 Առ Հարիւրը Սուրիոյ Հետ Կապուած Է»

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ շաբաթավերջին Պիքֆայայի մէջ նախագահեց կուսակցական հաւաքի մը, որուն ընթացքին շեշտեց, թէ Լիբանանի իշխանաւորներն են երկրին ճակատագիրին պատասխանատուները: «Ոչ ոք ստիպած է անոնց օտարին հաշուետու ըլլալու եւ Լիբանանի որոշումը օտարին վստահելու, ինչպէս նաեւ երկրին տնտեսական անկումը ապահովելու», ըսաւ ան: Ժեմայէլ հաստատեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններու սեմին 15 հազար պետական պաշտօնեայ աշխատանքի կոչող երկրի մը իշխանութիւնը զեղծարար...

Page 557 of 988 1 … 556 557 558 … 988

Արխիւներ