Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխաններ Նիքոլա Սահնաուի, Անթուան Փանօ, ինչպէս նաեւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխաններ Յակոբ Թերզեան եւ Ալեքսանտր Մաթոսեան` ընկերակցութեամբ Պէյրութի նահանգապետ Զիատ Շպիպի, Պէյրութի փոխքաղաքապետ Էլի Անտրէայի, ինչպէս նաեւ Պէյրութի քաղաքապետութեան պատասխանատուներուն հետ երէկ շրջեցան «Կիրակնօրեայ շուկայ»-ին մէջ` ստուգելու համար հոն տիրող իրավիճակը:
Ապա անոնք շրջեցան սպառումի շուկաներու ընդհանուր ընկերութեան մէջ եւ ըստ այնմ գումարեցին նիստ մը:
Նիստէն հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ շրջելէ ետք «Կիրակնօրեայ շուկայ»-ին մէջ եւ վկայելէ ետք անոր կացութիւնը, Պէյրութի հեղինակութիւնները համոզուած են, թէ «Կիրակնօրեայ շուկայ»-ն աւելի յարմար պիտի ըլլայ փոխադրել սպառումի շուկաներու ընդհանուր ընկերութիւն, ուր կարելի է ժողովուրդին ծառայելու բոլոր յարմարութիւններով օժտուիլ: