Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Հիմնարկէքը Կատարեց Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի Բժշկական Կեդրոնին

May 31, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրին հիմնարկէքը կատարեց Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի բժշկական կեդրոնին` ներկայութեամբ համալսարանի նախագահ Ֆատլօ Խուրիի, բժշկական բաժանմունքի նախագահ բժիշկ Մոհամետ Սայեղի, փոխվարչապետ Ղասսան Հասպանիի, հանրապետութեան նախագահութեան հարցերու պետական նախարար Սելիմ Ժրայսաթիի, պաշտպանութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապի, արդարութեան նախարար Ալպեր Սարհանի, մշակոյթի նախարար Մոհամետ Տաուտ Տաուտի, նախկին նախարարներու եւ երեսփոխաններու, ինչպէս նաեւ դիւանագիտական ներկայացուցիչներու:

Այս առիթով նախագահ Աուն շեշտեց, որ իրենք կը ձգտին Լիբանանի առողջապահութեան մարզը բարգաւաճեցնել, ինչպէս նաեւ քաղաքացիին բարձր մակարդակի բժշկութիւն ապահովել` առանց մտահոգուելու, թէ ան պիտի կարենայ հոգալ իր բուժման ծախսերը կամ կասկածիլ, որ կրնայ բժշկութենէ զրկուիլ:

Նախագահ Աուն հաստատեց կազմակերպական եւ հոգատարութեան առումով` կառավարական հիւանդանոցներու մակարդակը բարձրացնելու կարեւորութիւնը, ինչպէս որ է պարագան յառաջադէմ երկիրներուն մէջ:

«Լիբանան տակաւին հիւանդանոցն է, համալսարանը, գիրքը, թերթը, զբօսաշրջութիւնը, բնութիւնը եւ ուրիշին հանդէպ բաց ըլլալու յատկութիւնը: Այս է այն Լիբանանը, զոր պէտք է ամրապնդենք` դրսեւորելու համար իր մարդկային պատգամը, ինչպէս նաեւ քայլ պահելու համար արդիականութեան, մշակոյթին եւ գիտութեան հետ, որովհետեւ այս մարզերն են, որոնք հաստատ եւ լայն քայլերով կ՛ուղղուին դէպի ապագայ», շեշտեց  նախագահ Աուն:

Նախագահ Աուն Ընդունեց Ռաէտ Խուրին

Նախագահ Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց նախկին նախարար Ռաէտ Խուրին, որուն հետ քննարկեց երկիրը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ 2019-ի պետական ամավարկին վաւերացման յաջորդող փուլին վերաբերող իրադարձութիւններ:

Խուրի նշեց, որ նախկին կառավարութեան պատրաստած տնտեսական ծրագիրը, որ մշակուած էր «Մըքքենզի» ընկերութեան հետ գործակցաբար, ներկայ կառավարութեան առաջնահերթութիւններէն պիտի ըլլայ` պետական ամավարկի վաւերացումէն ետք:

Խուրի նշեց, որ նախագահ Աունի մօտ փտածութեան դէմ պայքարի եւ բարեկարգումներու գործադրութեան վճռակամութիւն շօշափած է` աւելցնելով, թէ նախագահ Աուն համոզուած է, որ փտածութեան դէմ պայքարելով եւ բարեկարգումները գործադրելով լիբանանեան պետութեան նկատմամբ վստահութիւնը կ՛ամրապնդուի եւ ատիկա իր դրական ազդեցութիւնը կ՛ունենայ երկրին տնտեսութեան վրայ:

Խուրի յայտնեց, որ 2019-ի պետական ամավարկը կրնայ լիբանանցիներուն ձգտումները չարտայայտել, սակայն ան իր մէջ կը բովանդակէ բարեկարգումի յատուկ կէտեր, որոնք ենթահող պատրաստած են 2020-ի պետական ամավարկին մէջ յաւելեալ տնտեսական բարգաւաճումի ապահովման:

Նախորդը

Պէյրութի Նահանգապետը Շրջեցաւ «Կիրակնօրեայ Շուկայ»-ին Մէջ

Յաջորդը

Երկօրեայ Գիտաժողով` Նուիրուած Լեւոն Շանթին

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.