Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Կը Մաղթէ, Որ Խորհրդարանը Ամէնէն Արագ Միջոցին Վաւերացնէ 2019-ի Պետական Ամավարկը

Մայիս 30, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ շեշտեց, որ 2019-ի պետական ամավարկը կը ներառէ այնպիսի գործառնութիւններ, որոնք կ՛ամրապնդեն Լիբանանի արդիւնաբերութեան մարզերը, յատկապէս երկրագործութիւնն ու ճարտարարուեստի մարզերը` երկրին տնտեսութիւնը աստիճանաբար արդիւնաբերական տնտեսութեան վերածելու նպատակով:

Նախագահ Աուն մաղթեց, որ պետական ամավարկը խորհրդարանին մէջ ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին վաւերացուի` նկատել տալով, որ տնտեսական զարթօնքը արդէն իսկ սկիզբ առած է եւ յառաջիկայ տարեսկիզբին Լիբանան պիտի կարենայ նաւթի եւ բնական կազի պեղում կատարել եւ արտահանել, ինչ որ իր դրական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ երկրին տնտեսական կացութեան վրայ:

Ան հաստատեց, որ կառավարութեան կողմէ պետական ամավարկի վաւերացումը դրական ազդեցութիւն ձգած է լիբանանեան ելեւմտական շուկային մէջ` աւելցնելով, որ 2019-ի պետական ամավարկին մէջ որդեգրուած քայլերը կը նպաստեն, որ 2020-ի պետական ամավարկի մշակումին ընթացքին պետական գանձարկղի նիւթական բացի նուազեցումը աւելի մեծ համեմատութեամբ իրականացուի:

Նախագահ Աուն այս յայտարարութիւնները կատարեց Ճիւնիի եւ Քեսրուան-Ֆթուհի առեւտրականներու միութեան վարչական խորհուրդը ընդունելու ընթացքին:

Նշենք, որ երկուշաբթի, 27 մայիս 2019-ին, կառավարութիւնը պետական ամավարկի նախնական վաւերացումին համար յատկացուցած իր 19 նիստերէն ետք, 20-րդ նիստը գումարեց նախագահական պալատին մէջ եւ պաշտօնապէս վաւերացուց 2019-ի պետական ամավարկը:

Նիստին ընթացքին կարգ մը նախարարներ վերապահութիւններ արձանագրեցին, սակայն ամավարկը վաւերացուեցաւ առանց բարեփոխումներու:

Նիստէն ետք ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ 2019-ի պետական ամավարկը վաւերացուեցաւ` նիւթական բացի համեմատութիւնը 7,59 առ հարիւր համեմատութեամբ նուազեցնելով:

Նշենք, որ նախագահ Աուն ստորագրեց շրջաբերական մը, որ խորհրդարանը կը հրաւիրէ արտակարգ նստաշրջանի մը, որ կը սկսի 1 յունիս 2019-ին եւ կ՛երկարի մինչեւ 21 հոկտեմբեր 2019:

Նախորդը

Սաթըրֆիլտ Կը Շարունակէ Լիբանան-Իսրայէլ Ծովային Սահմանագծումի Բանակցութիւնները

Յաջորդը

«Թէ՛ Եւրոպան, Թէ՛ Միացեալ Նահանգները Օրակարգի Վրայ Հայկական Բանաձեւ Կը Բերեն Թուրքիան Հարուածելու Համար» Կ՛ըսէ Սոյլու

RelatedPosts

Նախագահ Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան Եւ Պարգեւատրուեցաւ «Հաւատքի Խաչ»-ով
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան Եւ Պարգեւատրուեցաւ «Հաւատքի Խաչ»-ով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Լիբանանի Հետ Սահմանին Վրայ Իսրայէլեան Բանակի Հնգօրեայ  Լայնածաւալ Ռազմափորձեր
Լիբանանեան

Լիբանանի Հետ Սահմանին Վրայ Իսրայէլեան Բանակի Հնգօրեայ Լայնածաւալ Ռազմափորձեր

Հոկտեմբեր 20, 2025
Ապահովութեան Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Բանակին Աջակցելու Եւ Գործադրելու Թիւ 1701 Եւ 1559 Որոշումները
Լիբանանեան

Ապահովութեան Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Բանակին Աջակցելու Եւ Գործադրելու Թիւ 1701 Եւ 1559 Որոշումները

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?