Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հզօր Լիբանան Համախմբում. «Պետական Ամավարկը Կը Բովանդակէ Բարեկարգչական Կէտեր, Սակայն Անիկա Բարեկարգումի Ամավարկը Չէ» Շեշտեց Պասիլ

May 30, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հզօր Լիբանան համախմբումը, նախագահութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի, գումարեց իր հերթական նիստը, որուն ընթացքին քննարկեց երկիրը յուզող հարցերը:

Նիստէն ետք Պասիլ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շեշտեց, որ նիստին ընթացքին համախմբումը արժեւորումը կատարած է կառավարութեան վաւերացուցած 2019-ի պետական ամավարկին` անդրադառնալով անոր դրական եւ բացասական կողմերուն:

Պասիլ յայտնեց, որ համախմբումը մեծ ներդրում ունեցած է այդ ամավարկին քննարկման ու վաւերացման իմաստով, յատկապէս բարեկարգչական կարգ մը կէտեր նշելու առումով:

Պասիլ նկատել տուաւ, որ հակառակ անոր որ պետական ամավարկը կը բովանդակէ բարեկարգչական պայմաններ, սակայն կարելի չէ անոր մասին ըսել, թէ անիկա բարեկարգումի ամավարկ է, ինչպէս նաեւ կարելի չէ ըսել, թէ անիկա տնտեսական տեսլական ընդգրկող ամավարկ է:

Ան անհրաժեշտ նկատեց նիւթական բացի 7,5 առ հարիւրի նուազեցումը` աւելցնելով, որ այդ բացը պէտք է յաւելեալ նուազեցումի արժանացնել:

Պասիլ հաստատեց, որ պետական ամավարկը կ՛ամբողջանայ, երբ անիկա խորհրդարանին մէջ կը քննարկուի եւ խորհրդարանին կողմէ կը վաւերացուի:

Ան ցաւ յայտնեց, որ օրինական եւ ապօրինի ձեւերով մաքսատան տուրքերէն փախուստ տալու դրութիւնը տակաւին առկայ է:

Ան յանդգնութիւն նկատեց իրենց կողմէ ներկայացուած` Գաղթականներու հատուցման սնտուկը փակելու առաջարկը, որուն շնորհիւ լիբանանեան ազգային տագնապ մը վերջ պիտի գտնէ:

Պասիլ նշեց, որ համախմբումին մաս կազմող բոլոր նախարարները իրենց նախարարութիւններուն պիւտճէները նուազեցուցած են` հակառակ տարաձայնութիւններուն, եւ աւելցուց, որ արդէն իսկ պէտք է պատրաստուին 2020-ի պետական ամավարկի մշակումին:

 

 

Նախորդը

Մուսթաքպալ Պլոք. «Պետական Ամավարկը Ամուր Խարիսխ Մըն Է` «Սետր»-ի Համաձայն Գործադրելու Կառավարութեան Աշխատանքային Ծրագիրը»

Յաջորդը

Նախարար Կիտանեան Ստանձնեց Սննդեղէնի Պիտանիութեան Մասին Տեղեկագիրը

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.