Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կառավարութիւնը 19 Նիստերէ Ետք Վաւերացուց 2019-ի Պետական Ամավարկը, Որով Լիբանան Յաղթական Դուրս Եկած Է» Շեշտեց Վարչապետ Հարիրի

Մայիս 27, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրի շաբաթավերջին հովանաւորեց Մուսթաքպալ հոսանքի ազատ արհեստներու թեւի իֆթարը, որ տեղի ունեցաւ «Պիել – Սիսայտ արենա»-ին մէջ:

Այս առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ վարչապետ Հարիրի ընդգծեց, որ 2019-ի պետական ամավարկի նիւթական բացը նուազեցնելու համեմատութեան առումով կառավարութիւնը բազմակողմանի պատգամներ ուղղած է:

«Այդ պատգամները նախ եւ առաջ լիբանանցիներուն ուղղուած են, ապա` տնտեսական մարզին եւ ելեւմտական շուկաներուն, ինչպէս նաեւ միջազգային ընտանիքի մեր բարեկամներուն», ըսաւ վարչապետ Հարիրի` աւելցնելով, որ նախարարաց խորհուրդը յանձնառու կը մնայ պետական մարզի բացթողումները, մսխումներն ու ապօրինութիւնները զսպելու իր խոստումին, ինչպէս նաեւ կը ջանայ կատարեալ բծախնդրութեամբ եւ թափանցիկութեամբ գործադրել «Սետր»-ի խորհրդաժողովին ծրագիրը:

Վարչապետ Հարիրի նկատել տուաւ, որ կառավարութիւնը աւարտեց 2019-ի պետական ամավարկի քննարկումը` հակառակ ոմանց կողմէ զետեղուած այն գրաւներուն, որոնք կը յուշէին նախարարաց խորհուրդի ձախողութիւնը:

Ան նշեց, որ 2019-ի պետական ամավարկը երկրին դիմագրաւած տնտեսական տագնապին վերջնական լուծումը չէ, այլ` այդ տագնապին ապահովուելիք վախճանական լուծումին նախաքայլը:

«Տարիներ շարունակ Մարտ 8-ի եւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն միջեւ տարակարծութիւններուն պատճառով  երկրին տնտեսական կացութիւնը այսքան տուժած է, սակայն այսօր ամէն բան տարբեր է, եւ ամէն ջանք ի գործ կը դնենք լուծելու այս կացութիւնը: Այս աշխատանքը բաւական բարդ է, եւ ոչ ոք թող մտածէ, որ անիկա զիջումներու կարիք չունի, իսկ ոմանց կողմէ կազմակերպուած բողոքի նստացոյցերը տակաւին անհասկնալի են ինծի համար», յայտնեց վարչապետը:

Վարչապետ Հարիրի շեշտեց, որ կառավարութիւնը 19 նիստերէ ետք վաւերացուց 2019-ի պետական ամավարկը, որով Լիբանան յաղթական դուրս եկաւ, «իսկ այս յաղթանակը քաղաքական ոչ մէկ կողմի յաղթանակն է, եւ այդ պատճառով ալ ես շատ շատ շատ համբերատար էի», նշեց ան:

Վարչապետը յայտնեց, որ այդ աշխատանքը բնաւ դիւրին չէ եղած, յատկապէս նկատի ունենալով, որ պետական ամավարկը պատրաստող քաղաքական ուժերէն իւրաքանչիւրը իր տնտեսական գաղափարներն ու տեսակէտները ունի, բայց եւ այնպէս լիբանանցիներն են, որոնք վաւերացուած պետական այս ամավարկին բարիքները պիտի քաղեն եւ ոչ թէ հանրապետութեան նախագահը, խորհրդարանի նախագահը կամ վարչապետը:

«2020-ի պետական ամավարկը այսքան ժամանակ պիտի չխլէ, որովհետեւ ուղեգիծը արդէն իսկ յստակ է: 2019-ի պետական ամավարկը հիմքն է 2020-ի, 2021-ի, 2022-ի եւ 2023-ի ամավարկերուն», եզրափակեց Հարիրի:

Նախորդը

«Այս Տարուան «Երուսաղէմի Օր»-ուան Կարգախօսը Պիտի Ըլլայ` Ընդդէմ Դարու Համաձայնագիրին» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

Յաջորդը

Իրաք Թեհրանի Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Միջնորդութիւն Պիտի Կատարէ

RelatedPosts

Նախագահ Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան Եւ Պարգեւատրուեցաւ «Հաւատքի Խաչ»-ով
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան Եւ Պարգեւատրուեցաւ «Հաւատքի Խաչ»-ով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Լիբանանի Հետ Սահմանին Վրայ Իսրայէլեան Բանակի Հնգօրեայ  Լայնածաւալ Ռազմափորձեր
Լիբանանեան

Լիբանանի Հետ Սահմանին Վրայ Իսրայէլեան Բանակի Հնգօրեայ Լայնածաւալ Ռազմափորձեր

Հոկտեմբեր 20, 2025
Ապահովութեան Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Բանակին Աջակցելու Եւ Գործադրելու Թիւ 1701 Եւ 1559 Որոշումները
Լիբանանեան

Ապահովութեան Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Բանակին Աջակցելու Եւ Գործադրելու Թիւ 1701 Եւ 1559 Որոշումները

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?