Լիբանանեան

Բանակի Հրամանատարը Հանդիպում  Կ՛ունենայ Միրէյ Ժերարի Հետ

Բանակի Հրամանատարը Հանդիպում Կ՛ունենայ Միրէյ Ժերարի Հետ

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ գաղթականներու հարցերու ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչ Միրէյ Ժերարը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ ապաստանած սուրիացի տեղահանուածներուն վերաբերող հարցեր: Բանակի հրամանատարը նաեւ այցելեց քանի մը օր առաջ Թրիփոլիի մէջ նահատակուածներուն ծնողներուն, որոնց իր ցաւակցութիւնը յայտնեց, դրուատեց անոնց որդիներուն նահատակութիւնը, հերոսութիւնը եւ իրենց պարտականութեան իրագործման մէջ կատարեալ նուիրումը:

Սերպիոյ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ  Պատրիարքը Հանդիպեցաւ Նախագահ Աունին

Սերպիոյ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Պատրիարքը Հանդիպեցաւ Նախագահ Աունին

Երէկ` հինգշաբթի, 6 յունիս 2019-ին, Լիբանան գտնուող Իրինէյ պատրիարքը հանդիպում ունեցաւ զօր. Միշել Աունին հետ: Հանդիպման աւարտին, պատրիարքը յայտնեց, որ Լիբանան ժամանած է խաղաղութեան այցելութեամբ մը` աւելցնելով, որ չկայ աւելի գեղեցիկ բան, քան ազգերու խաղաղ գոյակցութիւնը, սակայն դժբախտաբար ոմանք խաղաղութիւնը խախտելու ջանք կը թափեն: Ան դիտել տուաւ, որ Լիբանանի նման Սերպիան եւս դժուար փուլերէ անցած է եւ պատերազմներու թատերաբեմ դարձած,...

Կենսագրութիւն Զբօսաշրջութեան Նախարար Աւետիս Կիտանեանի

Կիտանեան. «Պանդոկներուն Տուրքերը Ազդեցութիւն Պիտի Չունենան Զբօսաշրջիկներու Թիւին Վրայ»

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան վստահեցուց, որ քանի մը օր առաջ Թրիփոլիի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական արարքը ժխտական մեծ ազդեցութիւն պիտի չունենայ երկրին զբօսաշրջութեան իրավիճակին վրայ` դիտել տալով, որ նախորդ օրերուն Պէյրութի միջազգային օդակայան ժամանողները, առաւելաբար Արաբական ծոցի եւ Արաբական միւս երկիրներէն, բնաւ ապահովական խնդիրի մասին մտահոգութիւն չեն յայտնած: «Շարք Աուսաթ» թերթին կատարած յայտարարութեան ընթացքին Կիտանեան յայտնեց, որ Ֆիթրի տօնին նախօրեակին...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Հանրապետութեան  Նախագահին Դուստրը Եւ Հայոց  Ցեղասպանութեան Գիրքի Հեղինակը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հանրապետութեան Նախագահին Դուստրը Եւ Հայոց Ցեղասպանութեան Գիրքի Հեղինակը

Չորեքշաբթի, 5 յունիս 2019-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի վեհարանին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի դուստրը` Միրէյ Աունը, որ միաժամանակ նախագահին բարձրաստիճան խորհրդականներէն մէկն է: Հանդիպման նաեւ ներկայ էր կաթողիկոսարանի բարերարներէն Սուրէն Վարդանեան: Հանդիպումը առիթ մը եղաւ, որ ընդհանուր անդրադարձ մը կատարուի Լիբանանի այժմու կացութեան եւ անոր դիմագրաւած տնտեսական ու ընկերային մարտահրաւէրներուն: Ապա, վեհափառ...

Նահատակ Ֆարհաթի Յուղարկաւորութիւնը`  Պարաաշիթի Մէջ

Նահատակ Ֆարհաթի Յուղարկաւորութիւնը` Պարաաշիթի Մէջ

Երէկ առաւօտ, Պընթ Ժըպէյլի Պարաաշիթ գիւղին մէջ տեղի ունեցաւ քանի մը օր առաջ Թրիփոլիի մէջ նահատակուած բանակի առաջին տեղակալ Հասան Ալի Ֆարհաթին յուղարկաւորութիւնը: Թաղման ներկայ էին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին ներկայացնող նախարար Այուպ Համիտը եւ պետական բարձրաստիճան պաշտօնատարներու ներկայացուցիչներ: Յուղարկաւորութեան արարողութեան բանակի հրամանատարին անունով արտասանուեցաւ խօսք մը, ուր վկայակոչուեցաւ նահատակին անձնուրաց գործը: Հոն ըսուեցաւ նաեւ, որ Թրիփոլին ցնցող նման ահաբեկչական...

Զօր. Ժոզեֆ Աուն. «Բանակը Պիտի Շարունակէ  Պատրաստ Մնալ Լիբանանը  Սպառնացող Որեւէ Վտանգի Դէմ»

Զօր. Ժոզեֆ Աուն. «Բանակը Պիտի Շարունակէ Պատրաստ Մնալ Լիբանանը Սպառնացող Որեւէ Վտանգի Դէմ»

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. ժոզեֆ Աուն Թրիփոլիի մէջ պատահած ահաբեկչական դէպքերէն ետք այցելութիւն տուաւ շրջանին մէջ գործող բանակի միաւորներուն դիրքերուն: Ան տեսակցութիւն ունեցաւ հետեւազօրքի թիւ 12 զօրամասին, շրջանային գաղտնի սպասարկութեան բաժանմունքին եւ արագ միջամտութեան ջոկատին հետ` գնահատելով անոնց ջանքերը, որոնց շնորհիւ կարելի եղաւ տիրապետել հարցին` նուազագոյն վնասներ պատճառելով, եւ թէեւ 2 բանակայիններ եւ 2 ոստիկաններ նահատակուեցան, սակայն ոչ մէկ քաղաքացի...

Մամլոյ Արձակուրդ

Ֆիթրի տօնին առիթով եւ համաձայն Մամլոյ սենտիքայի որոշումին, «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ չորեքշաբթի, 5 եւ հինգշաբթի, 6 յունիս 2019-ին: Մեր յաջորդ թիւը` ուրբաթ, 7 յունիսին:

Նախագահ Աուն Կոչ Ուղղեց Եւրոպական Միութեան`  Զօրակցելու «Երկխօսութեան Եւ Համագործակցութեան  Մարդու Ակադեմիա»-ի Հիմնումին

Նախագահ Աուն Կոչ Ուղղեց Եւրոպական Միութեան` Զօրակցելու «Երկխօսութեան Եւ Համագործակցութեան Մարդու Ակադեմիա»-ի Հիմնումին

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն յայտարարեց, որ նախորդ տարի տեղի ունեցած երեսփոխանական ընտրութիւններուն արտերկրի լիբանանցիներուն մասնակցութեան կարելիութեան ստեղծումը ցուցանիշ է, որ լիբանանեան պետութիւնը հետամուտ է զանոնք մասնակից դարձնել Լիբանանի քաղաքական կեանքին, ինչպէս նաեւ կը միտի սերտ կապեր պահպանել աշխարհով մէկ տարածուած լիբանանցիներուն հետ: Ան հաստատեց, թէ Արտերկրի լիբանանցիներու մարդուժի համագումարը, որ իր աշխատանքներուն պիտի սկսի ուրբաթ օր, տարեկան դրութեամբ հանդիպումի...

Բացում` Պէյրութի Միջազգային Օդակայանի  Ընդարձակուած Բաժինի Առաջին Փուլին

Բացում` Պէյրութի Միջազգային Օդակայանի Ընդարձակուած Բաժինի Առաջին Փուլին

Հանրօգուտ շինութեանց նախարար Եուսեֆ Ֆինիանոս եւ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ` 3 յունիսին, բացումը կատարեցին Պէյրութի միջազգային օդակայանի մեկնողներու բաժինի ընդարձակուած սրահներուն առաջին փուլին` ներկայութեամբ օդակայանի պատասխանատուներուն եւ ապահովական կառոյցներու պետերուն: Նախարարները շրջագայեցան օդակայանի այն բաժինին մէջ, ուր բարեփոխումներ կատարուած են, ապա տուին մամլոյ ասուլիս մը: Նախարար Կիտանեան յայտնեց, որ երբ որոշեց իր գրասենեակը փոխադրել օդակայան, տուեալներ ունէր, թէ այս...

Լարուած Կացութիւն Թրիփոլիի Մէջ.  Բանակային Մը Նահատակուեցաւ

Լարուած Կացութիւն Թրիփոլիի Մէջ. Բանակային Մը Նահատակուեցաւ

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ գիշեր հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, թէ 3 յունիսին` մօտաւորապէս ժամը 23:00-ին, Ապտել Ռահման Մապսութ անունով անձ մը կրակ բացած էր Կեդրոնական դրամատան Թրիփոլիի մասնաճիւղին, Ներքին ապահովութեան ուժերու Թրիփոլիի կեդրոնատեղիին եւ լիբանանեան բանակին պատկանող հրասայլի մը ուղղութեամբ: Իբրեւ հետեւանք` լիբանանեան բանակէն զինուորական մը նահատակուած է, իսկ երկու ուրիշներ` վիրաւորուած: Իսկոյն ապահովական արտակարգ վիճակ տիրեց Թրիփոլիի...

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան  Երեսփոխանական Պլոքը Պիտի Պայքարի  Փտածութեան Եւ Մսխումին Դէմ

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Երեսփոխանական Պլոքը Պիտի Պայքարի Փտածութեան Եւ Մսխումին Դէմ

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա Քալիֆորնիոյ մէջ արկածի մը պատճառով մահացած չորս լիբանանցի երիտասարդներուն մահուան եօթնօրէքին առիթով հարաւի Եարուն շրջանին մէջ կազմակերպուած յիշատակի հանդիպումին ընթացքին յայտարարեց, թէ կառավարութիւնը ճշդեց կարգ մը սկզբունքներ եւ հիմքեր, որոնց  յենելով քննարկեց պետական ամավարկը: Ըստ անոր, իրենք թեր քուէարկեցին բարեկարգչական կէտերուն եւ դէմ եղան օրէնքի այն յօդուածներուն, որոնք կրնան հարուածել սահմանափակ եկամուտ...

Տնտեսական-Ընկերային Խորհուրդի  Գիտութեան, Արհեստագիտութեան Եւ Չափանիշներու  Յանձնախումբի Հանդիպումը` Ընկերութիւններու  Ներկայացուցիչներուն Հետ

Տնտեսական-Ընկերային Խորհուրդի Գիտութեան, Արհեստագիտութեան Եւ Չափանիշներու Յանձնախումբի Հանդիպումը` Ընկերութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

Լիբանանի Տնտեսական-ընկերային խորհուրդի Գիտութեան, արհեստագիտութեան եւ չափանիշներու յանձնախումբը իր «Լիբանանի մէջ յարատեւ բարգաւաճման նպատակով գիտութեան, արհեստագիտութեան եւ նորարարութեան ազգային ռազմավարական ծրագիր»-ին գործնականացման աշխատանքներուն ծիրին մէջ քննարկումի հրաւիրեց լիբանանեան թէ օտար 13 ընկերութիւններու ներկայացուցիչներ: Հանդիպումը վարեց յանձնախումբի նախագահ դոկտ. Նորա Պայրագտարեան-Գապաքեան, իսկ Լիբանանի Տնտեսական-ընկերային խորհուրդին անունով ողջոյնի խօսքը արտասանեց խորհուրդի նախագահ Շարլ Արպիտ: Հանդիպումին ընթացքին երկարօրէն քննարկուեցան սոյն ընկերութիւններուն` յանձնախումբի ծրագիրին...

Լազարինի-Պու Սաապ Հանդիպում

Լազարինի-Պու Սաապ Հանդիպում

Պաշտպանութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապ երէկ` 3 յունիսին ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի գործավար Ֆիլիփ Լազարինին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան վերջին զարգացումները, ինչպէս նաեւ անդրադարձ կատարուեցաւ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին վերաբերող հարցերուն` շեշտը դնելով անոնց տունդարձի հոլովոյթը աշխուժացնելու միջոցներուն վրայ: Էլիաս Պու Սաապ հանդիպում ունեցաւ նաեւ նախկին երեսփոխան Ամալ Ապու Զէյտի հետ. քննարկումի նիւթ եղաւ պաշտպանութեան նախարարին Ռուսիա այցելութիւնը: Աւելի ուշ նախարարին...

«Պիտի Մերժենք Մեր Սպաներուն  Եւ Բանակայիններուն Իրաւունքին Դպչիլ,  Իսկ Անոնց Կորովը Շատ Աւելի Կարեւոր Է,  Քան Որեւէ Աշխատավարձ»   Շեշտեց Բանակի Հրամանատարը

«Պիտի Մերժենք Մեր Սպաներուն Եւ Բանակայիններուն Իրաւունքին Դպչիլ, Իսկ Անոնց Կորովը Շատ Աւելի Կարեւոր Է, Քան Որեւէ Աշխատավարձ» Շեշտեց Բանակի Հրամանատարը

Բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն շաբաթավերջին այցելեց Ճիւնիի «Ֆուատ Շեհապ»-ի անուան թանգարանը` ընդառաջելով մարոնի միաբանութեան աբբահայր Նաամթալլա Հաշեմի հրաւէրին: Այս առիթով զօր. Աուն արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ շեշտեց, որ այդ վայրը Լիբանանի պատմութիւնը կը բուրէ, ինչպէս նաեւ կը դրսեւորէ լիբանանցի մեծ անձնաւորութեան մը ռազմավարական տեսլականը, որ հիմնուած էր պետականութեան վրայ: «Ան ղեկավարն էր եւ հանրապետութեան նախագահը, որ իր անձին...

Ռաշիտ Քարամէի Նահատակութեան 32-ամեակին  Առիթով Յիշատակի Ոգեկոչում Եւ Կեցուածքներ

Ռաշիտ Քարամէի Նահատակութեան 32-ամեակին Առիթով Յիշատակի Ոգեկոչում Եւ Կեցուածքներ

Նախկին վարչապետ Ռաշիտ Քարամէի նահատակութեան 32-ամեակին առիթով տեղի ունեցաւ յիշատակի ոգեկոչման հանդիպում մը, որուն ընթացքին երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէ յայտնեց, որ Ռաշիտ Քարամէի սպանութեան նպատակն էր Լիբանանի մէջ սադրանքներ գրգռել, ինչպէս նաեւ սպանդներ կատարել: Ան նշեց, որ Ռաշիտ Քարամէի սպանութեան հրահանգը արձակուած է Իսրայէլէն` աւելցնելով, որ իրենք յաջողած են սադրանքներու մթնոլորտը մեղմացնել: Քարամէ նկատել տուաւ, որ ինք կասկածով մօտեցած է եւ...

Պասիլ. «Իմատ Օսմանը Վարչապետէն Աւելի Բարձր Չէ»

Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ այցելեց Շայյահ, ուր ժողովրդային հանդիպում մը ունեցաւ Շայյահի մշակութային համալիրին մէջ: Այս առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ Պասիլ շեշտեց, որ փտածութեան դէմ պայքարելու իմաստով կարելի չէ թուլացում արձանագրել կամ համաձայնութիւններ գոյացնել: «Մենք կը փափաքինք, որ հզօրները համաձայնին իրարու հետ, եւ այդ է Լիբանանին տէր կանգնելու պատասխանատուութիւնը բաժնեկցելու իրականութիւնը: Կը մերժենք փտածութիւնը, որ կը տկարացնէ...

Նախարար Կիտանեան. «Լիբանան  Զբօսաշրջութեան Բազմազանութեան Երկիրն Է»

Նախարար Կիտանեան. «Լիբանան Զբօսաշրջութեան Բազմազանութեան Երկիրն Է»

Այսօր առաւօտեան ժամը 9:00-ին Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ բացումը պիտի կատարուի Լիբանան այցելողներու նոր սրահին, հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոսի կողմէ` ներկայութեամբ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի: Միւս կողմէ, նախարար Կիտանեան շաբաթավերջին փակումը կատարեց «Վիզիթ Լեպանոն» Գ. խորհրդաժողովին, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 40 երկիրներէ 150 ճամբորդական գրասենեակներ, ինչպէս նաեւ ճամբորդական կազմակերպութիւններ ու փառատօներու կազմակերպիչներ: «Վիզիթ Լեպանոն» Գ. խորհրդաժողովը...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի ընդգծեց խորհրդարանին կողմէ 2019-ի պետական ամավարկը արագօրէն  վաւերացնելու կարեւորութիւնը: ՎԱՐՉԱՊԵՏ Սաատ Հարիրի Մեքքայի մէջ տեղի ունեցած իսլամական երկիրներու արտակարգ վեհաժողովին ընթացքին հանդիպումներ ունեցաւ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի, Իրաքի նախագահ Պարհամ Սալեհի, Պաղեստինեան իշխանութեան ղեկավար Մահմուտ Ապպասի եւ այլ ղեկավարներու հետ: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային իրադարձութիւնները: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարար Նատա Պուսթանի շաբաթավերջին...

«Մեքքայի Վեհաժողովին Լիբանանի Արտասանած  Խօսքը Երկրին Պաշտօնական  Կեցուածքը Չէ Եւ Դատապարտելի Է»  Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

«Մեքքայի Վեհաժողովին Լիբանանի Արտասանած Խօսքը Երկրին Պաշտօնական Կեցուածքը Չէ Եւ Դատապարտելի Է» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

«Երուսաղէմի օր»-ուան առիթով երէկ գիշերուան ժամը 9:30-ին, Հարաւային արուարձաններու Աշուրա հրապարակին վրայ կազմակերպուեցաւ ժողովրդային տօնակատարութիւն մը, որուն զինուորական տողանցքով մասնակցեցան Հըզպալլայի շեփորախումբը, սկաուտական շարժումներն ու մարտիկները: «Երուսաղէմի օր»-ուան 40-ամեակին առիթով` երէկուան տօնակատարութեան կարգախօսն էր «Ընդդէմ դարու գործարքին»-ը: Այս առիթով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն ընթացքին շեշտեց, որ ներկայիս Պաղեստինի եւ պաղեստինցիներուն դիմաց ծառացող հիմնական...

«Լիբանան Ոչ Մէկ Պայմանի Տակ Պիտի  Հրաժարի Իր Արաբական Պատկանելիութենէն»  Շեշտեց Վարչապետ Հարիրի

«Լիբանան Ոչ Մէկ Պայմանի Տակ Պիտի Հրաժարի Իր Արաբական Պատկանելիութենէն» Շեշտեց Վարչապետ Հարիրի

  Վարչապետ Սաատ Հարիրի Մեքքայի մէջ տեղի ունեցած Արաբական արտակարգ վեհաժողովին ընթացքին արտասանեց Լիբանանի խօսքը, որուն մէջ ան հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի ողջոյնները ուղղեց ներկաներուն, ինչպէս նաեւ լիբանանցի ժողովուրդին բարեմաղթութիւնները` Արաբական վեհաժողովի յաջողութեան նպատակով: Հարիրի նշեց, որ մեծ ջանքերու կարիք չկայ անդրադառնալու համար շրջանին մէջ տագնապներէ տառապող երկիրներուն, իսկ այդ տագնապներուն պատճառը այլ պետութիւններու կողմէ անոնց ներքին հարցերուն միջամուխ...

Page 556 of 988 1 … 555 556 557 … 988

Արխիւներ