Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Այս Տարուան «Երուսաղէմի Օր»-ուան Կարգախօսը Պիտի Ըլլայ` Ընդդէմ Դարու Համաձայնագիրին» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

May 27, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարաւային Լիբանանի ազատագրութեան եւ Դիմադրութեան տօնին առիթով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա շաբաթ, 25 մայիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն ընթացքին շնորհաւորեց լիբանանցիները ազատագրութեան 19-ամեակին առիթով:

Ան հաստատեց, որ Դիմադրութիւնը այս տարի բաւարարուած է 25 մայիսի յաղթանակին նշումը կատարելու բաւարարուելով միայն իր արտասանելիք ճառով` նկատի ունենալով, որ ան կը զուգադիպի ռամատանի օրերուն:

Ան նշեց, որ ուրբաթ, 31 մայիսին, գիշերուան ժամը 9:30-ին, Աշուրայի հրապարակին վրայ տեղի պիտի ունենայ ժողովրդային տօնակատարութիւն մը` կոչ ուղղելով բոլորին խիտ շարքերով մասնակցելու այդ տօնակատարութեան:

Սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ այս տարուան «Երուսաղէմի օր»-ուան կարգախօսը պիտի ըլլայ` ընդդէմ դարու համաձայնագիրին:

Ան ողջունեց Պահրէյնի եւ պահրէյնցիներուն կեցուածքը, որուն հիման վրայ մերժուեցաւ Մանաման վերածել դարու համաձայնագիրը հիւրընկալող առաջին երկրին:

Ան նշեց, որ Պահրէյնի մէջ տեղի ունենալիք տնտեսական խորհրդաժողովը խիստ մերժելի է պաղեստինեան իշխանութիւններուն եւ պաղեստինցիներուն կողմէ: «Այս տարի «Երուսաղէմի օր»-ուան տօնակատարութիւնները պէտք է շեշտուած կերպով կատարուին, որովհետեւ Պաղեստինեան դատը աւելի քան երբեք հսկայ դաւադրութեան մը դիմաց կը գտնուի», նշեց ան:

25 մայիս 2000-ին հարաւային Լիբանանի ազատագրութեան մասին սէյիտ Նասրալլա ըսաւ, թէ անոր արդիւնքները կարեւոր եւ հսկայական եղած են, յատկապէս թշնամի Իսրայէլը լրջութեան մղելու իմաստով: «Այդ յաղթանակը պատճառ դարձած է, որ թշնամի Իսրայէլը Լիբանանը նկատի ունենայ իբրեւ առկայ իսկական ուժ: Արաբեւիսրայէլեան տագնապին մէջ Լիբանանը այլեւս չի ներկայանար իբրեւ ամէնէն տկար օղակը, այլ` իբրեւ հզօրագոյն օղակներէն մէկը», ըսաւ ան` նկատել տալով, որ հարաւի ազատագրումէն ետք Իսրայէլի միակ նպատակը Հըզպալլան ջնջելն է:

Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ «Բանակին, ժողովուրդին եւ Դիմադրութեան» ուժով է, որ կարելի եղած է թշնամիին դէմ պաշտպանել Լիբանանը, «հետեւաբար լիբանանցիները պէտք է իմանան իրենց ուժին արժէքը` ազգային գերիշխանութիւնն ու անվտանգութիւնը պաշտպանելու համար», աւելցուց ան:

Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ եթէ Դիմադրութիւնը չըլլար եւ լիբանանեան հողերը չազատագրեր, ապա Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ հարաւային Լիբանանը եւս Իսրայէլին «կը նուիրէր», ինչպէս էր պարագան Երուսաղէմին եւ Կոլանին:

Անդրադառնալով Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային եւ ցամաքային սահմանագծումի թղթածրարին` սէյիտ Նասրալլա ըսաւ, թէ իրենք կը զօրակցին լիբանանեան պետութեան կեցուածքին եւ կառչած կը մնան նաւթի իր բնական հարստութենէն օգտուելու Լիբանանի իրաւունքին:

Ան նշեց նաեւ, որ Հըզպալլա կառչած կը մնայ Մազարեհ Շեպաայի, Քֆարշուպայի բարձունքներուն եւ Ղաժար գիւղաքաղաքի լիբանանեան հատուածին ազատագրութեան: Այս շրջագիծին մէջ ան դրուատեց հանրապետութեան նախագահին եւ բանակի հրամանատարին հաղորդագրութիւնները, որոնք կը վերաբերէին բռնագրաւուած լիբանանեան հողերու ազատագրումին:

Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ լիբանանցիները եւ լիբանանեան պետութիւնը կը մերժեն պաղեստինցի գաղթականներուն բնակեցումը, եւ կոչ ուղղեց լիբանանցի եւ պաղեստինցի պատասխանատուներուն քննարկելու այս հարցը եւ մշակելու Լիբանանի մէջ պաղեստինցիներու բնակեցումին վերջ դնող ծրագիր մը:

Ան կարեւոր նկատեց նաեւ, որ սուրիացի տեղահանուածները տունդարձ կատարեն` ընդգծելով, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ անձամբ փափաք յայտնած է, որ բոլոր սուրիացիները վերադառնան:

Փտածութեան դէմ պայքարին մասին սէյիտ Նասրալլա նշեց, որ առաջին իսկ օրէն Հըզպալլա հաստատած էր, որ այդ պայքարը երկար շունչի կը կարօտի` աւելցնելով, որ Հըզպալլա անշեղ կը մնայ այդ պայքարէն եւ 2019-ի պետական ամավարկի վերջնական վաւերացումէն ետք պիտի արծարծէ փտածութեան եւ մսխումի վերաբերող կարգ մը հարցեր:

Ան աւելցուց, որ իրենք պիտի չխոչընդոտեն Պաապտայի մէջ գումարուելիք կառավարութեան նիստին ընթացքին պետական ամավարկին վաւերացումը` ցաւ յայտնելով սակայն, որ ամավարկին մէջ կան որոշ կէտեր, որոնք լիբանանցի համեստ դասակարգին սահմանափակ եկամուտին դպչած են:

 

 

Նախորդը

Պասիլ. «Բնակեցումի Ծրագիրը Պիտի Ձախողեցնենք, Իսկ Պաղեստինցին Եւ Սուրիացին Տունդարձ Պիտի Կատարեն»

Յաջորդը

«Կառավարութիւնը 19 Նիստերէ Ետք Վաւերացուց 2019-ի Պետական Ամավարկը, Որով Լիբանան Յաղթական Դուրս Եկած Է» Շեշտեց Վարչապետ Հարիրի

RelatedPosts

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային  Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք,  Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք, Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»

September 15, 2026
Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ  Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան  Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»

September 15, 2026
Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները`  Հոկտեմբերի՞ն
Լիբանանեան

Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները` Հոկտեմբերի՞ն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.