Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ երէկ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին շեշտեց, թէ Լիբանան փոքր երկիր է` աւելցնելով, որ անոր ե՛ւ փրկութիւնը, ե՛ւ քանդումը կրնան արագ կերպով կատարուիլ:
Ան խստիւ դատապարտեց Լիբանանի մէջ տիրող տնտեսական տագնապն ու անգործութիւնը, որոնք պատճառ կը դառնան լիբանանցի երիտասարդներու արտագաղթին:
Անդրադառնալով 2019-ի պետական ամավարկին` Ժեմայէլ յայտնեց, որ այդ ամավարկի քննարկումին ընթացքին Լիբանանի պետութեան ծախսերը նուազեցնելու իմաստով ոչ մէկ ճիգ ի գործ դրուած է:
Ժեմայէլ հաստատեց, որ 2019-ի պետական նոր ամավարկին գործադրութեամբ Լիբանանի մէջ սղաճ պիտի արձանագրուի, եւ քաղաքացիներուն վրայ անոր հետեւանքները ահաւոր պիտի ըլլան:
Սամի Ժեմայէլ ընդգծեց, որ կառավարութեան վաւերացուցած պետական ամավարկը Լիբանանի սահմանադրութեան խախտում է, իսկ անոր թիւերը սխալ են, եւ երեսփոխանները պէտք է իրենց պատասխանատուութիւնները ստանձնեն` առանց խորհրդարանին մէջ թատրոններ բեմադրելու:



