Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախարար Կիտանեան Ստանձնեց Սննդեղէնի Պիտանիութեան Մասին Տեղեկագիրը

Մայիս 30, 2019
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան այցելեց Ճաշարաններու, սրճարաններու, գիշերային զբօսավայրերու եւ անուշավաճառներու սեփականատէրերու սենտիքայի կեդրոնը, ուր դիմաւորուեցաւ սենտիքայի նախագահ Թոնի Ռամիի, ինչպէս նաեւ սենտիքայի նախկին նախագահներու կողմէ:

Այս առիթով Ա. Կիտանեան ողջունեց հանդիպումը` հաստատելով, որ նախարարութիւնը պատրաստ է ամէն տեսակի գործակցութեան, յատկապէս պետական եւ սեփական մարզերուն միջեւ գործակցութեան առումով:

«Լիբանան իր խոհանոցով իւրայատուկ է եւ կրնայ վերածուիլ զբօսաշրջական այնպիսի վայրի մը, որ կրնայ գրաւել զբօսաշրջիկներուն ուշադրութիւնը: Համոզուած եմ, որ ձեր հիւրասիրութեամբ պիտի կարենաք գրաւել զբօսաշրջիկներուն ուշադրութիւնը», ըսաւ ան:

Նախարար Կիտանեան հաստատեց, որ ինք

ստանձնած է սննդեղէնի պիտանութեան մասին տեղեկագիրը եւ պիտի հետեւի անոր ամբողջական գործադրութեան:

«Զբօսաշրջութեան եղանակին մասին ակնկալութիւնները լաւ են, եւ կը կարծեմ, որ այդ եղանակը նախորդ եօթը տարիներէն շատ աւելի լաւ պիտի ըլլայ, հետեւաբար իրենք յանձնառու պիտի մնան 2010-էն եւ նախորդ տարիներէն աւելի յաջող զբօսաշրջական եղանակ մը կազմակերպելու մարտահրաւէրին», ըսաւ նախարար Կիտանեան:

Ան նշեց, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ իր ներկայութիւնը եւ ճաշարաններն ու պանդոկները կատարելիք այցելութիւնները յաճախակի պիտի ըլլան` ստուգելու ու հակակշիռի տակ պահելու համար սակերը եւ կանխարգիլելու զբօսաշրջիկները շահագործելու հաւանական փորձերը:

Նշենք, որ նախարար Կիտանեան այցելեց նաեւ Ճամբորդական եւ զբօսաշրջական գրասենեակներու Պէյրութի կեդրոնը, ուր  ընդունուեցաւ Ճամբորդական եւ զբօսաշրջական գրասենեակներու սեփականատէրերու սենտիքայի նախագահ Ժան Ապպուտի եւ պատասխանատու այլ անձնաւորութիւններու կողմէ:

Հանդիպումին ընթացքին նախարար Կիտանեան իրազեկ դարձաւ Ճամբորդական եւ զբօսաշրջական գրասենեակներուն գործունէութեան, ինչպէս նաեւ չորս եղանակներուն համար անոնց պատրաստած զբօսաշրջական ծրագիրներուն, որոնք կը միտին պետական եւ սեփական մարզերուն միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդել, զարգացնել կրօնական, խորհրդաժողովներու, ցուցահանդէսներու եւ բժշկական զբօսաշրջութիւնը, ինչպէս նաեւ ներքին լիբանանեան զբօսաշրջութիւնը` կազմակերպելով լիբանանցի զբօսավարներ պատրաստելու դասընթացքներ:

Նախորդը

Հզօր Լիբանան Համախմբում. «Պետական Ամավարկը Կը Բովանդակէ Բարեկարգչական Կէտեր, Սակայն Անիկա Բարեկարգումի Ամավարկը Չէ» Շեշտեց Պասիլ

Յաջորդը

Պըրրի. «2019-ի Պետական Ամավարկը Սերտելու Իմաստով Խորհրդարանը Իր Պարտականութիւնները Պիտի Կատարէ»

RelatedPosts

Նախագահ Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան Եւ Պարգեւատրուեցաւ «Հաւատքի Խաչ»-ով
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան Եւ Պարգեւատրուեցաւ «Հաւատքի Խաչ»-ով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Լիբանանի Հետ Սահմանին Վրայ Իսրայէլեան Բանակի Հնգօրեայ  Լայնածաւալ Ռազմափորձեր
Լիբանանեան

Լիբանանի Հետ Սահմանին Վրայ Իսրայէլեան Բանակի Հնգօրեայ Լայնածաւալ Ռազմափորձեր

Հոկտեմբեր 20, 2025
Ապահովութեան Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Բանակին Աջակցելու Եւ Գործադրելու Թիւ 1701 Եւ 1559 Որոշումները
Լիբանանեան

Ապահովութեան Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Բանակին Աջակցելու Եւ Գործադրելու Թիւ 1701 Եւ 1559 Որոշումները

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?