Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատունը հերքեց շրջանառութեան մէջ դրուած այն լուրերը, թէ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ իշխան Մոհամետ պըն Սալման պըն Ապտել Ազիզ այս ամսուան ընթացքին պիտի այցելէ Լիբանան:
Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէ շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ «Սետր»-ի համաձայնագիրը գործադրուելու սկսած է` աւելցնելով, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն 2019-ի երկրորդ կիսուն պիտի այցելէ Լիբանան` պետական ամավարկի վերջնական վաւերացումէն ետք:



