Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի. «2019-ի Պետական Ամավարկը Սերտելու Իմաստով Խորհրդարանը Իր Պարտականութիւնները Պիտի Կատարէ»

May 30, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան խորհրդարանական հանդիպումին, որուն ընթացքին Պըրրի հաստատեց, որ 2019-ի պետական ամավարկը սերտելու իմաստով խորհրդարանը իր պարտականութիւնները եւ ամբողջական դերակատարութիւնը պիտի ունենայ` յոյս յայտնելով, որ ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբը յառաջիկայ երկուշաբթի օր սկսի քննարկել կառավարութեան վաւերացուցած եւ խորհրդարան փոխանցած պետական ամավարկը:

Միւս կողմէ, քննարկուեցան Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնական Տէյվիտ Սաթըրֆիլտի հետ Լիբանանի ծովային սահմանագծումի թղթածրարին դրական քննարկումները:

Պըրրի շեշտեց, որ սահմանագծումին իմաստով լիբանանեան փաստաթուղթը երաշխիք է եւ ոչինչ կարելի է զիջիլ անկէ:

Ան շեշտեց, որ Լիբանան ամենայն բծախնդրութեամբ կը վարուի այս հարցին հետ եւ կը պարտադրէ բանակցութիւնները ժամկէտով չսահմանափակելու իր տեսակէտը:

Հանդիպումէն ետք Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Պեզզի յայտնեց, որ Պըրրի ըսած է, թէ ծովային սահմաններուն առումով Լիբանան փաստած է իր իրաւունքը, իսկ Իսրայէլ զիջած է:

«Լիբանանեան պաշտօնական միասնական կեցուածքը երաշխաւորած է այս յաղթանակը, որ սահմանագծումի իմաստով դրական քայլեր արձանագրուած են», ըսաւ Պեզզի:

Ան նշեց, որ Լիբանան իր ներկայացուցած փաստաթուղթէն ոչինչ զիջած է եւ վերահաստատած ցամաքային սահմանին իմաստով թշնամիին հետ գոյութիւն ունեցող հարցն ու բռնագրաւուած շրջաններու առկայութիւնը:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ նաեւ ընտրական նոր օրէնքի նախագիծը քաղաքական տարբեր ուժերուն ներկայացնելու նախաձեռնութիւնը, որուն մասին Պըրրի դրուատիքով անդրադարձաւ` նկատել տալով, որ նման նախաձեռնութիւններ մետասաներորդ պահուն պէտք չէ քննարկել:

Կը նախատեսուի, որ Պըրրի խորհրդարանը հրաւիրէ օրէնսդրական նիստի մը, որուն զուգահեռ պիտի հրաւիրէ նաեւ կառավարութեան հարցապնդման նիստի, մինչ ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի յատուկ խորհրդարանական յանձնախումբը պիտի սերտէ 2019-ի պետական ամավարկը:

Միւս կողմէ, Պըրրի հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ ծովային սահմանագծում կատարելու իմաստով Իսրայէլի համար մղիչ ուժը եղած է անոր ունենալիք տնտեսական շահը:

 

Նախորդը

Նախարար Կիտանեան Ստանձնեց Սննդեղէնի Պիտանիութեան Մասին Տեղեկագիրը

Յաջորդը

Սաթըրֆիլտ Կը Շարունակէ Լիբանան-Իսրայէլ Ծովային Սահմանագծումի Բանակցութիւնները

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.