Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սպանիոյ Մէջ. Պասիլ. «Լիբանան Ի Վիճակի Չէ Այլեւս Սուրիացի Տեղահանուածներուն Պարտադրած Ծանր Բեռը Կրելու»

June 1, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Սպանիա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Սպանիոյ խորհրդարանի նորընտիր նախագահ Մերթիքսել Պաթեթի հետ, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Հանդիպումին ընթացքին Պաթեթ շեշտեց, որ Սպանիա յանձնառու կը մնայ Լիբանանի հետ իր յարաբերութիւնները ամրապնդելու:

Պասիլ անդրադարձաւ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին եւ Լիբանանի վրայ անոր ունեցած հետեւանքներուն: Ան շեշտեց, որ Լիբանան ի վիճակի չէ այլեւս սուրիացի տեղահանուածներուն պարտադրած ծանր բեռը կրելու` հաստատելով, որ լիբանանեան պետութեան իսկական մտահոգութիւնը այն է, որ սուրիացիները եւս վերածուին գաղթականներու, ինչպէս` պաղեստինցիները, որոնք 1948-էն ի վեր կը գտնուին Լիբանանի մէջ:

Պասիլ նշեց, որ Եւրոպական Միութեան ճշդած քաղաքականութիւնը` տեղահանուածներուն նիւթական օժանդակութիւն տրամադրել այն երկիրներուն մէջ, ուր անոնք կը գտնուին, Լիբանանի համար անյարմար է: «Եւրոպական Միութիւնը պէտք է տեղահանուածներուն նիւթական գումարներ տրամադրէ տունդարձ կատարելու», ըսաւ Պասիլ` աւելցնելով, որ ինք Լիբանանի շահերն է, որ կը պաշտպանէ:

Իր կարգին, Պաթեթ անհրաժեշտ նկատեց Լիբանանի եւ Սպանիոյ միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը ամրապնդելը:

Մատրիտի մէջ Պասիլ հանդիպում մը ունեցաւ սպանացի իր պաշտօնակիցին` Ճոզեփ Պորելի հետ:

Հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Պասիլ յայտնեց, որ սուրիացի տեղահանուածներուն Լիբանան կեցութիւնը երկար պիտի չտեւէ, այլ` անոնք պիտի մեկնին Եւրոպա եւ ապա Սուրիա: Այս առումով Պասիլ կոչ ուղղեց Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում ապահովելու նախաքայլերուն դիմելու:

Ան հաստատեց, որ Լիբանան կառչած կը մնայ իր սահմաններուն` աւելցնելով, որ սահմանագծումի բանակցութիւնները ընթացքի մէջ են եւ անոնք ի նպաստ Լիբանանի են:

Պասիլ շնորհակալութիւն յայտնեց Սպանիոյ, որուն խաղաղապահ ջոկատը մաս կը կազմէ հարաւային Լիբանանի մէջ ծառայող ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային ուժերուն:

Նշենք, որ Պասիլ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Սպանիոյ մէջ ապրող լիբանանեան գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ:

Հանդիպումին ընթացքին ան շեշտեց, որ ինք եւ հանրապետութեան նախագահը մեծ ջանքեր ի գործ դրած են Պէյրութ-Մատրիտ ուղղակի թռիչքներ ունենալու համար:

Պասիլ աւելցուց, որ ամիսներ առաջ ինք ներկայացուցած է օրինագիծ մը, որուն հիման վրայ լիբանանցի կինը իր զաւկին կրնայ քաղաքացիութիւն ընծայել, «սակայն այդ օրինագիծին մէջ միայն լիբանանցիներուն իրաւունքին մասին նշուած է` ըստ լիբանանեան սահմանադրութեան, դուրս պահելով գաղթականները, որոնք պէտք է հասկնան Լիբանանի գոյութեան գծով մեր մտավախութիւնը` բնակեցումի վտանգէն», ըսաւ Պասիլ:

 

 

 

Նախորդը

Փոմփէօ Կը Շեշտէ Ուաշինկթընի Զօրակցութիւնը Լիբանանին Եւ Հարիրիի Կառավարութեան

Յաջորդը

«Լիբանան Ոչ Մէկ Պայմանի Տակ Պիտի Հրաժարի Իր Արաբական Պատկանելիութենէն» Շեշտեց Վարչապետ Հարիրի

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.