Լիբանանեան

Կառավարութիւնը Աւարտեց Պետական  Ամավարկի Քննարկումները.  Յաջորդ Նիստը Պաապտայի Մէջ

Կառավարութիւնը Աւարտեց Պետական Ամավարկի Քննարկումները. Յաջորդ Նիստը Պաապտայի Մէջ

Կառավարութիւնը երէկ աւարտեց պետական ամավարկի քննարկումները: Նախարարաց խորհուրդին կողմէ 2019-ի պետական ամավարկի քննարկման նիստերուն վերջինը երէկ տեղի ունեցաւ վարչապետարանին մէջ` նախագահութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի: Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ժամալ Ժարրահ վարչապետին անունով յայտարարեց, որ կառավարութիւնը վաւերացուցած է պետական ամավարկի բոլոր թիւերը, ինչպէս նաեւ անոր մէջ նիւթական բացը 11,5 առ հարիւրէն 7,5 առ հարիւրի նուազեցուցած է` հաստատելով, որ անիկա կարեւոր նուաճում...

Այցելութիւն Ներքին  Գործոց Նախարար Ռայա Հասանի

Այցելութիւն Ներքին Գործոց Նախարար Ռայա Հասանի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին  երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ զբօսաշրջութեան  նախարար Աւետիս Կիտանեան, այցելեց ներքին գործոց նախարար Ռայա Հասանի, որուն հետ քննարկեց երկրի ապահովութեան ընդհանուր կացութիւնը, քաղաքապետութեանց հետ առնչուող խնդիրները, ինչպէս նաեւ պետական ամավարկին առնչուող հարցեր: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ հայահոծ շրջաններու կապուած կարգ մը խնդիրներու, որոնց գծով նախարար Հասան անմիջական լուծումներու նախաձեռնեց: Նաեւ` Զինուորական...

Դիմադրութեան Եւ Ազատագրումի  Օրուան Առիթով Շնորհաւորական Պատգամներ

Դիմադրութեան Եւ Ազատագրումի Օրուան Առիթով Շնորհաւորական Պատգամներ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ շեշտեց, որ 25 մայիսը փաստ մըն է, որ ի վերջոյ ժողովուրդներուն կամքը կը յաղթանակէ դժուարութիւններուն, անիրաւութեան եւ բռնագրաւումին, ինչպէս նաեւ կը փշրէ իրաւունքները շրջափակող շղթան եւ վերջ կու տայ պատմութեան նենգափոխումին ու ճշմարտութեան աղաւաղումին` ո՛վ որ ալ ըլլայ թշնամի պետութիւնը: Նախագահ Աուն ողջունեց լիբանանցի ժողովուրդին աւելի քան քսան տարուան պայքարը, որով անիկա իր հողերը...

Վարչապետ Հարիրի Կը Պահանջէ Արագացնել  Միացեալ Նահանգներու Մէջ Արկածի Պատճառով  Մահացած Լիբանանցիներու  Դիակներուն Լիբանան Փոխադրութիւնը

Վարչապետ Հարիրի Կը Պահանջէ Արագացնել Միացեալ Նահանգներու Մէջ Արկածի Պատճառով Մահացած Լիբանանցիներու Դիակներուն Լիբանան Փոխադրութիւնը

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահի դիւանագիտական հարցերով օգնական Օրլիան լը Շէօվալիէն` ներկայութեամբ նախկին նախարար Ղաթթաս Խուրիի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները: Վարչապետ Հարիրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Քրիս Ռամպլինկը: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւններն ու լիբանանեան-բրիտանական յարաբերութիւնները: Միւս կողմէ, Հարիրի Շտապ օգնութեան գերագոյն խորհուրդի պետ հազարապետ-զօրավար Մոհամետ...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա այսօր երեկոյեան ժամը 5:00-ին պատկերասփռուած ճառ մը պիտի արտասանէ` Դիմադրութեան եւ ազատագրութեան տօնին առիթով: ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ ընդունեց Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահի դիւանագիտական հարցերով օգնական Օրլիան լը Շէօվալիէն: Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ պետական ամավարկը վաւերացնելու եւ «Սետր»-ի խորհրդաժողովին մէջ նշուած կէտերը իրագործելու անհրաժեշտութիւնը: ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ժամիլ Ժապաք Ժընեւի մէջ...

Նախագահ Աուն Ընդգծեց  Միասնականութեան Անհրաժեշտութիւնը

Նախագահ Աուն Ընդգծեց Միասնականութեան Անհրաժեշտութիւնը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Սահմանադրական խորհուրդի նախագահ Իսամ Սլէյմանի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Սահմանադրական խորհուրդին աշխատանքները, ինչպէս նաեւ Քանատայի մէջ Սլէյմանի մասնակցած` Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան սահմանադրական խորհուրդներու եւ դատական ատեաններու համադաշնակցութեան Ը. ընդհանուր ժողովին արդիւնքները: Սլէյման յայտնեց, որ Լիբանանի Սահմանադրական խորհուրդին ներդրումը այս ընդհանուր ժողովին եղած է նկատառելի, որովհետեւ Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան սահմանադրական խորհուրդներու եւ...

Հզօր Լիբանան Համախմբում.  «Տագնապը Լուծելու Իմաստով Տնտեսական  Ծրագիր Ունինք Եւ Զայն Ոչ Ոքի Կը Պարտադրենք,  Այլ Պարզապէս Կը Հաստատենք Լիբանանցիներուն Նկատմամբ Մեր Պատասխանատուութիւնը»   Շեշտեց Պասիլ

Հզօր Լիբանան Համախմբում. «Տագնապը Լուծելու Իմաստով Տնտեսական Ծրագիր Ունինք Եւ Զայն Ոչ Ոքի Կը Պարտադրենք, Այլ Պարզապէս Կը Հաստատենք Լիբանանցիներուն Նկատմամբ Մեր Պատասխանատուութիւնը» Շեշտեց Պասիլ

Հզօր Լիբանան համախմբումը երէկ նախագահութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի, գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որուն ընթացքին քննարկեց երկիրը յուզող հարցերը: Նիստէն ետք Պասիլ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շեշտեց, որ պէտք է ապահով զգալ 2019-ի պետական ամավարկի վաւերացումին հարցով` աւելցնելով, որ Լիբանան արդէն իսկ այդ նուաճումը իրագործած կրնայ նկատուիլ: «Մենք կը փափաքինք մեծ թիւով խնդիրներ լուծել եւ ոչ...

Նախարար Կիտանեան. «Այս Տարուան  Զբօսաշրջական Եղանակը Շատ Լաւ Պիտի Ըլլայ»

Նախարար Կիտանեան. «Այս Տարուան Զբօսաշրջական Եղանակը Շատ Լաւ Պիտի Ըլլայ»

Հովանաւորութեամբ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի, Մասթիթա-Ժիպէյլի մէջ բացումը կատարուեցաւ «Վայկըր Սիթի» զբօսաշրջական համալիրին: Բացման հանդիսութեան ներկայ էին նաեւ հանրապետութեան նախագահի առողջապահական եւ ընկերային հարցերու խորհրդատու, նախկին երեսփոխան Ուալիտ Խուրի, Ժիպէյլի գաւառապետ Նաթալի Մերհի-Խուրի, Ամշիթի քաղաքապետ Անթուան Իսա, Աքայպէի քաղաքապետ Ժոզեֆ Տաքքաշ, Ժիպէյլի նախկին քաղաքապետ Ժոզեֆ Շամի, Ժիպէյլի թաղապետներու համադաշնակցութեան նախագահ Միշել Ժըպրան, ինչպէս նաեւ քաղաքական ուժերու, ընկերային եւ մշակութային միութիւններու...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա շաբաթ, 25 մայիս 2019-ին պատկերասփռուած ճառ մը պիտի արտասանէ` Դիմադրութեան եւ ազատագրութեան տօնին առիթով: ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ հանդիպում մը ունեցաւ ուքրանական պատուիրակութեան մը անդամներուն հետ եւ անոնց հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները: ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քուպիշը,...

Վարչապետարանին Մէջ.   Կառավարութիւնը Վաղը Պիտի Գումարէ  Պետական Ամավարկին Վերաբերող Այլ Նիստ Մը

Վարչապետարանին Մէջ. Կառավարութիւնը Վաղը Պիտի Գումարէ Պետական Ամավարկին Վերաբերող Այլ Նիստ Մը

Սկզբունքով կառավարութեան գումարած պետական ամավարկի քննարկման երէկուան նիստը կը նկատուէր վերջինը, սակայն կէսօրին սկսած նիստի աւարտին յայտարարուեցաւ, որ կառավարութիւնը այլ նիստ մը, որ կ՛ենթադրուի դարձեալ վերջինը ըլլալ, պիտի գումարէ վաղը` ուրբաթ, 24 մայիս 2019-ին: Վարչապետ Սաատ Հարիրիի նախագահութեամբ նախարարաց խորհուրդը երէկ շարունակեց քննարկել պետական ամավարկը: Նիստին աւարտին տեղեկատուութեան նախարար Ժամալ Ժարրահ շեշտեց, որ նիստին ընթացքին տիրած է խաղաղ եւ առարկայական...

Նախագահ Աուն Հետեւեցաւ Պետական  Ամավարկի Մանրամասնութիւններուն

Նախագահ Աուն Հետեւեցաւ Պետական Ամավարկի Մանրամասնութիւններուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ հետեւեցաւ երկրին մէջ տիրող ազգային, քաղաքական եւ դիւանագիտական հարցերուն, որոնցմէ կարեւորագոյններն էին 2019-ի պետական ամավարկի մանրամասնութիւնները` կառավարութեան քննարկումներուն լոյսին տակ: Միւս կողմէ, նախագահ Աուն նախագահական պալատին մէջ ընդունեց ասորի կաթողիկէ համայնքի պատրիարք Մար Իգնատիոս Եուսեֆ Գ. Եունանը, որ Սֆէյր պատրիարքին վախճանումին առիթով համայնքին ցաւակցութիւնը յայտնեց: Հանդիպումէն ետք Եունան պատրիարքը բարձր գնահատեց նախագահ Աունի ճիգերն...

Պըրրի. «Ծովային Սահմանագծում Կատարելու  Իմաստով Դրական Զարգացումներ Կը Սպասուին»

Պըրրի. «Ծովային Սահմանագծում Կատարելու Իմաստով Դրական Զարգացումներ Կը Սպասուին»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան խորհրդարանական հանդիպումին, որուն ընթացքին քննարկուեցան Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնական Տէյվիտ Սաթըրֆիլտի հետ Լիբանանի ծովային սահմանագծումի թղթածրարին դրական քննարկումները: Պըրրի շեշտեց, որ այս իմաստով բաւական յառաջդիմութիւն արձանագրուած է` նկատել տալով, որ լիբանանեան առաջարկին նկատմամբ հաւանութիւն յայտնուած է: Խորհրդարանի նախագահը շեշտեց, որ լիբանանեան կեցուածքին միասնականութիւնը հիմնական դերակատարութիւն ունեցած է`...

«Լիբանան Կարիքը Ունի Նման  Նախաձեռնութիւններու, Որոնք Կը Միտին  Պահպանել Կենսոլորտը  Եւ Ծառայել Ընկերութեան»  Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

Նախարար Կիտանեան. «Պետական Ամավարկը Համեստ Դասակարգի Եկամուտին Ոչ Մէկ Ձեւով Պիտի Դպչի»

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին զարմանք յայտնեց երկրին մէջ կատարուած գործադուլներուն մասին, որոնք անտեղի էին եւ հիմնուած` անճիշդ տեղեկութիւններու վրայ: Ան նշեց, որ պետական ամավարկին մասին կան տարբեր տեսակէտներ, սակայն այդ իմաստով կառավարութիւնը գրեթէ վերջնական տարբերակի մը կրցած է յանգիլ եւ նկատի ունենալ այդ մասին արտայայտուած քաղաքական բոլոր ուժերուն կեցուածքները: Նախարար Կիտանեան շեշտեց, որ իրենք պետական ամավարկի...

Պասիլ Ազատագրում Եւ Բարգաւաճում  Պլոքին Հետ Քննարկեց  Ընտրական Նոր Օրինագիծը

Պասիլ Ազատագրում Եւ Բարգաւաճում Պլոքին Հետ Քննարկեց Ընտրական Նոր Օրինագիծը

Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին երեսփոխաններ Անուար Խալիլ, Հանի Քպայսի եւ Իպրահիմ Ազար` ներկայութեամբ Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխաններ Ալեն Աունի եւ Սիմոն Ապի Ռամիայի: Հանդիպումէն ետք Խալիլ յայտնեց, որ Պասիլին ներկայացուցած են ընտրական նոր օրէնք մը, որուն հիման վրայ Լիբանան կը վերածուի մէկ ընտրաշրջանի, պահպանելով...

Ապպաս Իպրահիմ Ընդունեց Արաբական  Միացեալ Էմիրութիւններուն Մէջ Արգելափակուած  Լիբանանցիներուն Հարազատները

Ապպաս Իպրահիմ Ընդունեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն Մէջ Արգելափակուած Լիբանանցիներուն Հարազատները

Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ ընդունեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ արգելափակուած լիբանանցիներուն հարազատները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն հետ քննարկեց անոնց զաւակներուն դէմ արձակուած վճիռներուն եւ անոնց բանտարկութեան վերաբերող հարցեր: Պատուիրակութիւնը Ապպաս Իպրահիմէն խնդրեց օժանդակել իրենց զաւակներուն հարցերը լուծելու առումով: Միւս կողմէ, Ապպաս Իպրահիմ հովանաւորեց Ընկերային զարթօնքի լիկային կազմակերպած մէկ իֆթարը, որուն ընթացքին ուղղած իր պատգամին մէջ շեշտեց,...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Սաատ Հարիրի վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդի նախագահ Քլոտին Աուն - Ռուքոզը, որմէ ստանձնեց լիբանանցի կնոջ կողմէ իր զաւկին քաղաքացիութիւն շնորհելու իրաւունքին վերաբերող բարեփոխուած օրինագիծ մը: ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ժամիլ Ժապաք Ժընեւի մէջ մասնակցեցաւ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան 72-րդ ընդհանուր ժողովին, որուն ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Լիբանանի առողջապահական համակարգին վրայ սուրիացի տեղահանուածներուն ունեցած հետեւանքներուն: Ան ընդգծեց սուրիացի...

Կառավարութիւնը Աւարտեց Պետական Ամավարկի  Քննարկումը, Իսկ Այսօր Կէսօրին  Կը Կատարէ Այդ Ամավարկին Վերջին Ընթերցումը

Կառավարութիւնը Աւարտեց Պետական Ամավարկի Քննարկումը, Իսկ Այսօր Կէսօրին Կը Կատարէ Այդ Ամավարկին Վերջին Ընթերցումը

Կառավարութիւնը երէկ կէսօրուան ժամը 1:00-ին գումարեց նիստ մը` նախագահութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի: Նախարարաց խորհուրդը վարչապետարանին մէջ գումարած իր նիստին ընթացքին աւարտեց 2019-ի պետական ամավարկի քննարկումը` որոշելով սակայն այսօր կէսօրին ունենալ հանդիպում մը` կատարելու համար այդ ամավարկին վերջին ընթերցումը: Տեղեկատուութեան նախարար Ժամալ Ժարրահ նշեց, որ կառավարութիւնը ժամը 1:30-ին պիտի գումարէ պետական ամավարկին վերաբերող իր վերջին նիստը, որմէ ետք վարչապետ Հարիրի եւ...

Նախագահ Աուն. «Լիբանան  Պիտի Վերադառնայ  Շրջանին Մէջ Լաւագոյնը  Ըլլալու Իր Նախկին Կշիռին»

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Պիտի Վերադառնայ Շրջանին Մէջ Լաւագոյնը Ըլլալու Իր Նախկին Կշիռին»

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց ակնոցագործական արհեստներու սենտիքայի մէկ պատուիրակութիւնը` նախագահութեամբ Ահմետ Շըրրիի, որ շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Աունին` սենտիքային նկատմամբ անոր ցուցաբերած մնայուն հոգատարութեան համար: Ան խոստացաւ այդ արհեստին մարզը փտածութենէ մաքրագործել: Նախագահ Աուն շեշտեց, որ տնտեսական մարզին առումով այսօր կատարուած աշխատանքը Լիբանանը պիտի վերադարձնէ Միջին Արեւելքի մէջ լաւագոյնը ըլլալու իր նախկին կշիռին: Ան շեշտեց,...

Պըրրի Քուպիշի Հետ Քննարկեց  Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Պըրրի Քուպիշի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

  Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քուպիշը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Քուպիշ Այցելեց Նաեւ Նայիմ Քասեմի Քուպիշ այցելեց նաեւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին Քասեմ Միացեալ Նահանգներն ու Իսրայէլը պատասխանատու նկատեց շրջանին մէջ տիրող մագլցողական քայլերուն...

Նախարար Կիտանեան Զբօսաշրջութեան Մարզի  Սենտիքաներու Նախագահներուն Հետ Շարունակեց  Քննարկել Ամրան Պատրաստութիւնները

Նախարար Կիտանեան Զբօսաշրջութեան Մարզի Սենտիքաներու Նախագահներուն Հետ Շարունակեց Քննարկել Ամրան Պատրաստութիւնները

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ նախագահեց նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան Զբօսաշրջութեան մարզի սենտիքաներու համադաշնակցութեան նախագահ Փիեռ Աշքար, Ճաշարաններու, սրճարաններու, գիշերային զբօսավայրերու եւ անուշավաճառներու սեփականատէրերու սենտիքայի նախագահ Թոնի Ռամի, Ճամբորդութեան եւ զբօսաշրջութեան գրասենեակներու սեփականատէրերու սենտիքայի նախագահ Ժան Ապպուտ, Զբօսաշրջական բնակարաններու սեփականատէրերու սենտիքայի նախագահ Զիատ Լապպան, Վարձու ինքնաշարժներու ընկերութիւններու սեփականատէրերու սենտիքայի նախագահ Մոհամետ Տաքտուք, Զբօսավարներու սենտիքաներու նախագահ Էլիսար...

Page 558 of 988 1 … 557 558 559 … 988

Արխիւներ