Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

May 31, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի հանդիպում մը ունեցաւ նախկին նախարար Ղազի Արիտիի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցերը:

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան «Երուսաղէմի օր»-ուան առիթով կոչ ուղղեց արաբ ժողովուրդներուն զօրակցութիւն յայտնելու Պաղեստինեան դատին եւ պաղեստինցի ժողովուրդին:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Քրիս Ռամպլինկը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները: Ռամպլինկ ցաւակցութիւն յայտնեց Ռայի պատրիարքին` նախկին պատրիարք Նասրալլա Սֆէյրի վախճանումին առիթով:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ժամիլ Ժապաք հանդիպում մը ունեցաւ Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի ներկայացուցիչ Թանի Շափոյիզայի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի հետ գործակցութիւնը ամրապնդելու կարելիութիւնները:

ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարար Էլիաս Պու Սաապ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Քանատայի դեսպան Էմանուէլ Լամուրոն եւ Զուիցերիոյ դեսպան Մոնիքա Շմուցը, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-քանատական եւ լիբանանեան-զուիցերիական երկկողմանի գործակցութիւնը բարելաւելու հեռանկարները, յատկապէս` ապահովական մարզին մէջ:

ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Մոհամետ Տաուտ Տաուտ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ժապալ Ամելի քաղաքապետարաններու համադաշնակցութեան հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ Լիբանանի հնութիւնները պահպանելու կարեւորութիւնը` նախարարութեան եւ համադաշնակցութեան միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու ընդմէջէն:

ՆԵՐԴՐՈՒՄԻ եւ արհեստագիտութեան նախարար Ատել Աֆիունի յայտնեց, որ պետական ամավարկի նիւթական բացի 7,59 առ հարիւրի նուազեցումը յստակ նշան մըն է ելեւմտական կացութիւնը փրկելու առումով:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ 2019-ի պետական ամավարկը արդէն իսկ հասած է խորհրդարան: Ան յանձնախումբը հրաւիրեց նիստի մը, որ պիտի գումարուի երկուշաբթի, 3 յունիս 2019-ին:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Նազիհ Նաժարին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները, յատկապէս դեսպանատան եւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան միջեւ գործակցութիւնը զարգացնելու հեռանկարները:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէ յայտնեց, որ շրջանային իրադարձութիւնները մտահոգիչ են, սակայն այս իրականութիւնը լիբանանցիները պէտք չէ մղէ փակուելու, որովհետեւ համաշխարհայնացումի այս դարուն, լիբանանցիներուն ուժը կը կայանայ աշխարհին եւ ուրիշին բացուելու մէջ:

 

 

Նախորդը

Անդրադարձ. Հաւաստիութեան Համար Երկու Նախապայմաններ

Յաջորդը

Պէյրութի Նահանգապետը Շրջեցաւ «Կիրակնօրեայ Շուկայ»-ին Մէջ

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.