Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Կիներու Ազգային Խորհուրդի Կլոր Սեղանը` Քաղաքական Կեանքին Մէջ Կնոջ Մասնակցութիւնը Ամրապնդելու Նպատակով

Օգոստոս 2, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի կիներու ազգային խորհուրդին եւ Օրէնքի ու պարկեշտութեան բարգաւաճման արաբական կեդրոնին տեղի ունեցաւ կլոր սեղան մը` «Կիներու ներկայացուցչութեան մասնաբաժին. Լիբանանի քաղաքական կեանքին մէջ կնոջ մասնակցութեան ամրապնդումը» նիւթով:

«Քորալ Պիչ» պանդոկին մէջ տեղի ունեցած այս ձեռնարկը հովանաւորեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան Միջին Արեւելքի մէջ կիներու հզօրացման ծրագիրը:

Ներկայ գտնուեցան Լիբանանի կիներու ազգային խորհուրդի նախագահ Քլոտին Ռուքոզ, երիտասարդներու եւ կիներու ընկերային եւ տնտեսական բարելաւումի նախարար Վիոլեթ Սաֆատի, Մուսթաքպալ պլոքի նախագահ, երեսփոխան Պահիա Հարիրի, երեսփոխաններ Ինայա Իզզէտտին, Տիմա Ժամալի եւ Ռուլա Թապըշ, նախկին նախարար Զիատ Պարուտ, ինչպէս նաեւ լիբանանեան մեծ քաղաքական ուժերու եւ կուսակցութիւններու, որոնց շարքին նաեւ ՀՅ Դաշնակցութեան ներկայացուցիչներ, կիներու դերակատարութեան հզօրացման նպաստող միութիւններու եւ քաղաքացիական ընկերութեան ներկայացուցիչներ:

Կլոր սեղանին բացումը կատարեց Քլոտին Ռուքոզ, որ յայտնեց, թէ Լիբանանի քաղաքական վարչակարգը ձախողած է ժողովրդավարական իսկական վարչակարգ մը ըլլալ:

Ան ըսաւ, թէ Լիբանանի մէջ կիներու քաղաքական իրաւունքներուն վաւերացումէն 66 տարի ետք, այսօր խորհրդարանին մէջ կիներու ներկայացուածութեան 4,6 առ հարիւր համեմատութիւնը կատարեալ ձախողութիւն կը նկատուի:

Ռուքոզ հաստատեց, որ կիները պէտք է ընդունիլ իբրեւ լիիրաւ քաղաքացիներ եւ առիթ տալ անոնց` որոշում տալու դիրքերու հասնելու:

Ան ընդգծեց, որ Լիբանանի կիներու ազգային խորհուրդը ճիգ պիտի չխնայէ հետապնդելու իր ծրագրած օրինագիծերուն վաւերացումը:

Ապա խօսք առաւ երեսփոխան Պահիա Հարիրի, որ շեշտեց, թէ 1953-էն ի վեր Լիբանանի խորհրդարանին մէջ կիներու ներկայացուցչութեան առումով հետեւողականութիւն չէ արձանագրուած` Լիբանանի դիմագրաւած տարբեր տագնապներուն պատճառով: Ան նշեց, որ եթէ հետեւողականութիւնը պահպանուէր, ապա այդ պատկերը տարբեր կ՛ըլլար:

Ան ընդգծեց, որ երեսփոխանական պլոքներն են, որոնք կը խոչընդոտեն կնոջ գործունէութիւնը եւ զայն որոշումի դիրքերու հասցնելու հոլովոյթը:

«Եթէ կնոջ առիթ տրուի, ան կը յաջողի: Եթէ այդպէս ըլլար, երկրին դիմագրաւած այսօրուան տագնապը չէր ըլլար», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Հարիրի ընտանիքին մէջ խտրութիւն չկայ` աւելցնելով, որ այդ ճշմարտութեան օրինակը ինքն է, որ երեսփոխանական պլոքի մը նախագահող առաջին կինն է լիբանանեան խորհրդարանին մէջ:

Պահիա Հարիրի շեշտեց, որ Մուսթաքպալ պլոքը խորհրդարանին պիտի ներկայացնէ օրինագիծ մը, որուն համաձայն, պիտի առաջարկուի կիներու մասնակցութեան մասնաբաժինը 50 առ հարիւր նկատի ունենալ` քաղաքապետական ընտրութիւններուն պարագային:

Պահիա Հարիրի հաստատեց կնոջ ազգային դերակատարութեան կարեւորութիւնը:

Կիներու Արաբական կազմակերպութեան նախագահ Ֆատիա Քիուան անդրադարձաւ քաղաքական, մշակութային եւ օրինական  կեանքին մէջ կնոջ դերակատարութեան սպառնացող մարտահրաւէրներուն` շեշտելով, որ քաղաքական կեանքին մէջ կնոջ մասնակցութիւնը ապահովելու միակ միջոցը մասնաբաժինի դրութեամբ առաջնորդուիլն է:

Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ինայա Իզզէտտին յայտնեց, որ կիներու ներկայացուցչութեան մասնաբաժինը պէտք է նկատի առնուի իւրաքանչիւր կուսակցութեան մշակած ընտրական որեւէ օրինագիծի պարագային:

Ան ընդգծեց, որ Լիբանանի մէջ համայնքային եւ յարանուանական հաշտութեան կողքին պէտք է նաեւ ապահովել սրտբաց խորհրդակցութիւն` փարատելու համար մտավախութիւնները: «Այլ խօսքով` Թաէֆի համաձայնագիրին կողքին, կարիքը կը զգացուի ընկերային եւ հոգեբանական թաէֆներու», ըսաւ ան:

Ան հաստատեց, որ կիները ներկայ խորհրդարանի անդամներուն աշխատանքը շարունակելու համար չէ, որ պէտք է մաս կազմեն քաղաքական կեանքին, «այլ` դիրքը պէտք է վերածեն միջոցի, որպէսզի կարենան տարբերութիւն մը ստեղծել», աւելցուց ան:

Զիատ Պարուտ շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական կեանքին մէջ կիներու ներկայացուցչութիւնը յատուկ մասնաբաժինով մը ապահովելու քայլը պէտք է հանգրուանային ըլլայ` աւելցնելով, որ հիմնական հարցը կնոջ կարողութիւններու եւ ատակութեան չգոյութիւնը չէ, այլ հարցը կը կայանայ անոր մէջ, որ օրէնսդիր քաղաքական անձնաւորութիւնները հայրիշխանական մտայնութեան տէր մարդիկ են:

Ան հաստատեց, որ լիբանանեան խորհրդարանին մէջ 6 կին երեսփոխանները անբաւարար են` շեշտելով, որ դժբախտաբար կիներուն եւ երիտասարդներուն ձայները լուսանցքայնացած են:

Կլոր սեղանի աւարտին տեղի ունեցաւ զրոյց ներկայ քաղաքական կուսակցութիւններուն, միութիւններուն եւ քաղաքացիական ընկերութեան ներկայացուցիչներուն ու լսարանական ասուլիսին մասնակցող քաղաքական անձնաւորութիւններուն միջեւ:

Այս առիթով ցուցադրուեցաւ նաեւ Լիբանանի կիներու ազգային խորհուրդին կողմէ պատրաստուած տեսանիւթ մը, որ կ՛անդրադառնար լիբանանցի կնոջ իրաւունքներուն եւ անոր հզօրացման նպաստող օրինագիծերուն վաւերացման անհրաժեշտութեան:

Լիբանանի Կիներու Ազգային Խորհուրդը Շնորհաւորեց Լիբանանեան Բանակի Հիմնադրութեան 74-ամեակը 

Լիբանանի կիներու ազգային խորհուրդը երէկ շնորհաւորեց լիբանանեան բանակի հիմնադրութեան 74-ամեակը` մեծապէս գնահատելով երկրին պաշտպանութեան մէջ բանակին դերակատարութիւնը եւ ահաբեկչութեան դէմ անոր մղած պայքարը:

Լիբանանի կիներու ազգային խորհուրդը ողջունեց բանակին զինուորական կարողութիւնները եւ մնայուն զոհողութիւնները` երկրին պաշտպանութիւնը ապահովելու համար, ինչպէս նաեւ շեշտեց, որ կը խոնարհի բանակի հերոս նահատակներուն յիշատակին:

Լիբանանի կիներու ազգային խորհուրդը շնորհաւորեց եւ ողջունեց լիբանանեան բանակի իւրաքանչիւր զինուորը, յատկապէս կին բանակայինները, որոնք տարիներու ընթացքին փաստեցին, թէ կրնան յաջողցնել իրենց վստահուած բոլոր պարտականութիւններն ու գործողութիւնները:

Լիբանանի կիներու ազգային խորհուրդը նշեց, որ կիներու, խաղաղութեան եւ ապահովութեան վերաբերող ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1325 բանաձեւը կ՛անդրադառնայ խաղաղութեան կերտման մէջ կիներուն ունենալիք դերակատարութեան կարեւորութեան եւ կոչ կ՛ուղղէ ապահովութեան ուժերուն մէջ անոր մասնակցութիւնը աւելցնելու, այնպէս ինչպէս պէտք է կատարուի քաղաքական կեանքին մէջ եւ որոշումներ տալու դիրքերուն վրայ:

Նշենք, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1325 բանաձեւին գործադրութեան համար Լիբանան պատրաստած է ուղեգիծ մը:

 

Նախորդը

Նախարար Կիտանեան Մեկնարկը Կատարեց Քարթապայի Փառատօնին Եւ Շնորհաւորեց Բանակը

Յաջորդը

Պետական Անձնաւորութիւններ Կը Շնորհաւորեն Լիբանանեան Բանակի 74-ամեակը

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլէն Ակնկալութիւններ Եւ Չապահովուած Երաշխիքներ

Օգոստոս 19, 2025
Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Օգոստոս 19, 2025
Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան Ու Կայունութեան  Ո՛չ Ներդրում Կայ, Ո՛չ Ալ` Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան Ու Կայունութեան Ո՛չ Ներդրում Կայ, Ո՛չ Ալ` Աճող Տնտեսութիւն»

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?