Լիբանանեան Բանակի Հիմնադրութեան 74-ամեակ
Ֆիատիէի Սպայից վարժարանի «Շուքրի Ղանեմ» զօրանոցին մէջ երէկ առաւօտեան տեղի ունեցաւ լիբանանեան բանակի հիմնադրութեան 74-ամեակի նշումը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ ներկայութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, վարչապետ Սաատ Հարիրիի, պաշտպանութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապի եւ բանակի ընդհանուր հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի:
Պաշտօնական արարողութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ նախկին վարչապետներ, մեծ թիւով նախարարներ, երեսփոխաններ, հոգեւորականներ եւ դիւանագիտական ներկայացուցիչներ:
Նախագահ Աուն Ֆիատիէ ժամանելէն անմիջապէս ետք ծաղկեպսակ մը զետեղեց բանակի նահատակներուն նուիրուած յուշարձանին:
Սպայից վարժարանը աւարտող սպաները նախագահ Աունէն ստացան իրենց սուրերը եւ կոչուեցան «Լիբանանի անկախութեան ադամանդեայ յոբելեանի սերունդ»:
Շրջանաւարտ հայ սպաներն են` Սեւակ Ղազարեան (բանակի տեղակալ), Սերժիօ Քէշիշեան (Ապահովութեան ուժերու տեղակալ) եւ Յովսէփ Եուսեֆ (Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու տեղակալ):
Իր արտասանած խօսքին մէջ նախագահ Աուն շեշտեց, որ երկրին ապահովութիւնը կարմիր գիծ է, եւ ոչ ոքի պիտի արտօնուի ապահովութեան խախտումը:
«Լիբանանցին իրաւունք ունի ազատօրէն եւ ապահովութեամբ ապրելու լիբանանեան որեւէ շրջանի մէջ: Ապահովութիւնը որեւէ երկրի բարգաւաճման եւ ժողովուրդի մը զարթօնքին հիմնաքարը կը նկատուի, հետեւաբար ապահովական ցնցումներ ապրող երկիր մը չի կրնար տնտեսութիւն ունենալ», ըսաւ ան:
Նախագահ Աուն ըսաւ, թէ լիբանանեան բանակը փաստեց, որ Սպայից վարժարանը ամէն տեսակի շահերէ եւ լարուածութիւններէ վեր է: «Բանակը հայրենիքին երաշխիքն է եւ ան նախորդ երկու տարիներուն ընթացքին արձանագրած է նկատառելի նուաճումներ: Բանակը մեզ եւ լիբանանեան բարձունքները փրկած է ահաբեկիչներէն, ինչպէս նաեւ կրցած է ահաբեկչական բջիջները բացայայտել` լիբանանցիներուն անվտանգութիւնը ապահովելով», ըսաւ ան` կոչ ուղղելով բանակին իրագործումներուն գիտակցութեամբ մօտենալու, յատկապէս նկատի ունենալով, որ կայ թշնամի մը, որ միշտ ոտնձգութիւններ կը գործէ, ներքին լիբանանեան կայունութեան կը սպառնայ եւ միջազգային բանաձեւերուն, ինչպէս թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութիւնը կը խախտէ:
Նախագահ Աուն հաստատեց, որ Լիբանանին սպառնացող վտանգները անպայմանօրէն զինուորական չեն` ընդգծելով, որ տնտեսական վտանգները շատ աւելի խիստ են եւ բոլորին կրնան վնաս հասցնել: «Հետեւաբար, արդեօք այդ վտանգներուն դիմաց պէտք է տեղի՞ տանք եւ արդեօք հայրենիքին համար զոհողութեան պատրաստ եղողը կարգ մը շահերէ չի՞ կրնար զիջիլ», հարց տուաւ նախագահ Աուն:
Ան շեշտեց, որ լիբանանցիներէն պահանջուած ժամանակաւոր զոհողութիւնը անխուսափելի է, որպէսզի կարելի ըլլայ յաջողցնել երկրին տնտեսութիւնը փրկելու ծրագիրը: «Եթէ այսօր պատրաստ չըլլանք զիջելու եւ զոհուելու, վաղը կրնանք ամէն բան կորսնցնել», ըսաւ ան:
Նախագահ Աուն նկատել տուաւ, որ քաղաքական կամ վարչական կեանքին մէջ անցեալի մասին խօսիլը կը սպառնայ դանդաղեցնել երկրին մէջ արձանագրուելիք աճը եւ չ՛օժանդակեր դուրս գալու երկրին դիմագրաւած ներկայ տագնապէն:
Ան յայտնեց, որ ինք կառչած կը մնայ Թաէֆի համաձայնագիրին գործադրութեան, ինչպէս խոստացած է իր նախագահական երդումին մէջ եւ ինչպէս որ կառավարութիւնը անոր յանձնառութիւն յայտնած է` աշխատանքային իր ծրագիրին մէջ: «Թաէֆի համաձայնագիրին գործադրութիւնը կ՛երաշխաւորէ Ազգային ուխտի պաշտպանութիւնը, ինչպէս նաեւ կ՛ապահովէ բոլորին իրաւունքները եւ հաւասարակշռութիւն կը ստեղծէ լիբանանեան հանրութեան բոլոր շերտերուն միջեւ:
«Իմ պաշտօնիս եւ պատասխանատուութիւններուս շրջագիծին մէջ կը խոստանամ նախանձախնդիր ըլլալ ձեր իրաւունքներուն եւ արժանապատուութեան պահպանումին, ինչպէս որ դուք ձեր զոհողութիւններով կը պաշտպանէք հայրենիքին արժանապատուութիւնը», եզրափակեց նախագահ Աուն:
Նախագահական Պալատին Մէջ
Կէսօրին նախագահ Աուն Պաապտայի մէջ ընդունեց բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունը, որուն շնորհաւորութիւնները ստացաւ` ընկերակցութեամբ բանակի հրամանատարութեան մէկ պատուիրակութեան:
Նախագահական պալատին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն հաստատեց, որ կարելի չէ երկրին ապահովութենէն հրաժարիլ, որովհետեւ ապահովութիւնը սուրբ է, «յատկապէս նկատի ունենալով, որ Լիբանան իր տնտեսութենէն եւ ապահովական կայունութենէն շատ սուղ վճարեց` այլոց պատերազմներուն պատճառով: Իսկ մենք ոչ մէկ ձեւով պատրաստ ենք վերադառնալու այն ապակայունութեան, որ նախապէս ապրած ենք», շեշտեց ան:
Անդրադառնալով Քապըր Շմունի միջադէպին` նախագահ Աուն ընդգծեց, որ այդ միջադէպին լուծման միակ ելքը դատական իշխանութիւններն են` անոնց կատարելիք հետաքննութիւնն ու այդ մասին տրուելիք վճիռը:
Իր կարգին, զօր. Աուն նախագահ Աունին յայտնեց, որ ան աւագ զինուորական է եւ խոստման արարողութեան ընթացքին ան բանակին երդում տուած է անոր կողքին կանգնիլ ու անոր զօրակցիլ:
«Դուք ձեր խոստումը յարգեցիք եւ ձեր ջանքերէն ու ճիգերէն ոչինչ զլացաք: Ընդհակառակն` ամէն ջանք ի գործ դրիք ամրապնդելու համար բանակին կարողութիւնները` զինուորական օժանդակութիւններով եւ բարոյապէս, երբ բաժնեցիք անոր զաւակներուն արձանագրած յաղթանակը եւ կիսեցիք արձանագրուած նահատակներուն պատճառած ցաւը: Մենք կը խոստանանք, որ բանակը մնայ լիբանանցիներուն հպարտութիւնը եւ ան դառնայ բոլորը միացնող գիրկը», հաստատեց ան:
Զօր. Աուն յայտնեց, որ բանակին նկատմամբ լիբանանցիներուն վստահութիւնը կը հատուցէ այն, ինչ որ պետական ամավարկը անկարող է կատարել: