Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Սադրանքներու Նախապատրաստութիւնը Պիտի Չարտօնենք Եւ Պիտի Շարունակենք Թշնամիին Ախորժակներուն Ու Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարիլ» Շեշտեց Զօր. Աուն

August 1, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն լիբանանեան բանակի հիմնադրութեան 74-ամեակին առիթով տրուած «Օրուան հրահանգ»-ին մէջ նշեց, որ բանակը իր ծառայած տարիներուն ընթացքին արձանագրած է յաղթանակներ եւ անցուցած լեղի պահեր: «Բանակը ո՛չ յաղթանակներով գինովցած է եւ ո՛չ ալ լեղի պահերուն պատճառով յուսալքուած, որովհետեւ անոր համար կարեւոր եղած են քաղաքացիական անվտանգութիւնն ու լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը», ըսաւ ան:

Զօր. Աուն շեշտեց, որ ինչքան ալ սուր ըլլան գրգռիչ յայտարարութիւնները, իրենք պիտի չարտօնեն, որ սադրանքներ նախապատրաստուին:

«Ձեր պարտականութիւնները կատարած էք միշտ, սահմանադրական բոլոր պարտաւորութիւններուն ընդառաջած էք, ինչպէս նաեւ դարձած էք ժողովրդավարութեան հսկող հաւատարիմ պահակներ` հիմնական նպատակ ունենալով ամբողջացնել ձեզի վստահուած պարտականութիւնը: Թշնամի Իսրայէլը տակաւին կը շարունակէ խախտել լիբանանեան գերիշխանութիւնը` ցամաքային եւ ծովային ոտնձգութիւններով: Մենք պիտի շարունակենք պայքարիլ թշնամիին ախորժակներուն եւ ահաբեկչութեան դէմ», եզրափակեց զօր. Աուն:

Նշենք, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի ընկերային ցանցերուն վրայ կատարեց գրառում մը, որուն մէջ շնորհաւորեց բանակը` անոր հիմնադրութեան տօնին առիթով: Ան ողջունեց լիբանանեան բանակը` զինուորականներն ու սպաները, որոնք Լիբանանի պաշտպանութեան առաջնագիծին վրայ կը գտնուին, ինչպէս նաեւ կը պաշտպանեն երկրին գերիշխանութիւնն ու քաղաքացիներուն ապահովութիւնը:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Պասիլ. «Սուրիացի Տեղահանուածները Լիբանանի Թշնամիները Չեն, Այլ` Տեղահանումի Երեւոյթն Է, Որ Ինքնին Վտանգաւոր Է»

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.