Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ ընդունեց Պերլինի ոստիկանապետ Պարպարա Սլովիքը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-գերմանական երկկողմանի գործակցութեան հեռանկարները` յատկապէս քրէական հարցերու առումով:
Ապպաս Իպրահիմի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Իան Քուպիչ: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն գործունէութիւնը երկարաձգելու նախապատրաստութիւնները: