Քումաթի Եւ Ուսամա Սաատ Անհրաժեշտ Կը Նկատեն Կառավարութեան Նիստերուն Գումարումը Եւ Երկրին Հարցերուն Լուծումը
Նասըրական շարժումի ղեկավար, նախկին երեսփոխան Ուսամա Սաատ երէկ Սայտայի մէջ ընդունեց խորհրդարանական հարցերու պետական նախարար Մահմուտ Քումաթին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին Քումաթի նշեց, որ կառավարութեան նիստերը չգումարելը ժխտական իրականութիւն մըն է, որ երկրին վնաս կը հասցնէ: «Պէտք է նախարարաց խորհուրդը վերադառնայ իր ժողովները գումարելու, որովհետեւ այդ նիստերն են, որոնք կը վերակենդանացնեն Լիբանանի տնտեսութիւնը, յատկապէս պետական ամավարկի վաւերացումէն...




















