Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ո՛վ Որ Երկրին Մէջ Հարցեր Կ՛ուզէ Ստեղծել, Իր Արարքներուն Պատասխանատուութիւնը Պիտի Ստանձնէ, Իսկ Ամէն Բան Իր Բնականոն Հունէն Շատ Աւելի Լաւ Վիճակի Մէջ Պիտի Յայտնուի» Շեշտեց Վարչապետ Հարիրի

August 1, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ վարչապետարանին մէջ մեկնարկը կատարեց լիբանանեան ճարտարարուեստին զօրակցութեան արշաւին, որ տեղի ունեցաւ «Տեղական արտադրութեամբ կը զօրակցիմ հայրենիքիս» կարգախօսին ներքեւ:

Վարչապետ Հարիրի հաստատեց, որ լիբանանեան արտադրութիւններուն շնորհիւ լիբանանեան ճարտարարուեստին շահը 4,6 միլիառ լիբ. ոսկի է` աւելցնելով, որ իրենք կարողութիւն ունին այդ թիւը կրկնապատկելու հինգ տարի ետք, ինչպէս նաեւ նոյն թիւը եռապատկելու` 15 տարի ետք:

Վարչապետ Հարիրի հաստատեց, որ անհրաժեշտ է կեդրոնանալ ճարտարարուեստի այն տեսակներուն վրայ, որոնք յաւելեալ շահեր կ՛ապահովեն, օրինակ` դեղորայքի եւ կահ կարասիի ճարտարարուեստը, ինչպէս նշուած է Մըքքենզիի ծրագիրին մէջ:

Ան յայտնեց, որ ճարտարարուեստի զարգացումը խոչընդոտող հիմնական պատճառ մըն է արդիւնաբերութեան հոլովոյթին ծախսալից ըլլալը:

Վարչապետ Հարիրի նկատել տուաւ նաեւ, որ պէտք է ներդրումներ կատարել արհեստից եւ թեքնիք ուսման մարզին մէջ` բարելաւելու համար ունակութիւնները:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ճարտարարուեստի նախարար Ուաէլ Պու Ֆաուրին, որ տիւ ու գիշեր կ՛աշխատի ճարտարարուեստի մարզին զարգացման ի խնդիր:

«Ո՛վ որ երկրին մէջ հարցեր կ՛ուզէ ստեղծել, իր արարքներուն պատասխանատուութիւնը պիտի ստանձնէ, իսկ ամէն բան իր բնականոն հունէն շատ աւելի լաւ վիճակի մէջ պիտի յայտնուի», շեշտեց վարչապետ Հարիրի:

Իր կարգին, նախարար Պու Ֆաուր հաստատեց, որ այս տարի արտածուող լիբանանեան արտադրութիւնները չորս առ հարիւր աճ արձանագրած են` բաղդատած անցեալ տարուան:

Ան նկատել տուաւ նաեւ, որ իրենց համար նոր բացայայտում մըն է այն, թէ ճարտարարուեստի մարզին արձանագրած մէկ առ հարիւր աճի համեմատութիւնը հազար պաշտօնի առիթ կը ստեղծէ:

Միւս կողմէ, վարչապետ Հարիրիի այցելեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ:

Հանդիպումին մասին «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ վարչապետն ու արտաքին գործոց նախարարը քննարկած են կառավարութեան աշխատանքը աշխուժացնելու կարելիութիւնները:

Վարչապետին այցելեց նաեւ նախկին նախարար Մըլհեմ Ռիաշի, որ գործուղուած էր Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի կողմէ:

Հանդիպումէն ետք Ռիաշի մեկնեցաւ առանց մեկնաբանութիւն կատարելու:

Վարչապետ Հարիրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քուպիչը:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

 

 

Նախորդը

Պասիլ. «Սուրիացի Տեղահանուածները Լիբանանի Թշնամիները Չեն, Այլ` Տեղահանումի Երեւոյթն Է, Որ Ինքնին Վտանգաւոր Է»

Յաջորդը

Չորեքշաբթի Օրուան Երեսփոխանական Հանդիպում. «Լիբանանի Մէջ Ամէն Ինչ Կրնանք Հանդուրժել, Բացի Երկրին Միասնականութեան Խախտումէն» Շեշտեց Պըրրի

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.