Զբօսաշրջական ոստիկանութիւնը Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ ճամբորդի մը կորսնցուցած դրամապանակը կրցաւ ինչպէս որ է վերադարձնել անոր:
Քանատայի մէջ ծնած Կապի Անտրաուուս (ծագումով լիբանանցի) Պէյրութի օդակայանին մէջ կորսնցուցած էր իր դրամապանակը, որուն մէջ 1400 տոլարի գումար կար:
Անտրաուուս անմիջապէս կապ հաստատած էր նախարար Կիտանեանի հետ, որ իր կարգին զբօսաշրջական ոստիկանութենէն խնդրած էր հետապնդել այդ հարցը: Նախարարին կատարած թելադրանքէն ժամ մը ետք ի յայտ եկած էր, որ Անտրաուուս իր դրամապանակը կորսնցուցած է օդակայանի Ընդհանուր ապահովութեան գրասենեակին դիմաց, որ իր կարգին դրամապանակը յանձնած էր զբօսաշրջական ոստիկանութեան, եւ ինքնաբերաբար դրամապանակը ապահով կերպով վերադարձուած էր ճամբորդին: