Տար Ֆաթուա երէկ յայտարարեց, թէ 11 օգոստոս 2019 Ատհայի տօնին առաջին օրն է:
Միւս կողմէ, վարչապետ Սաատ Հարիրի նախանցեալ օր հրապարակած էր վարչական շրջաբերական մը, որուն մէջ նշած էր, թէ Ատհայի տօնին առիթով պետական հաստատութիւններն ու քաղաքապետարանները փակ պիտի մնան երկու օրուան համար, եթէ պատահի, որ Տար Ֆաթուան եւ Շիիներու գերագոյն խորհուրդը Ատհայի առաջին օրը նոյնը նկատեն, «իսկ եթէ տօնը երկու տարբեր առաջին օրեր ունենայ, ապա իւրաքանչիւրին համար երկու օր նկատի կ՛առնուի` իբրեւ արձակուրդ», նշուեցաւ շրջաբերականին մէջ, ինչ որ կը նշանակէ, թէ տօնին համար երկու տարբեր առաջին օրեր ունենալու պարագային արձակուրդի օրերուն թիւը կը բարձրանայ երեքի:
Վարչապետ Հարիրի հրապարակած էր նաեւ երկրորդ վարչական շրջաբերական մը, որուն համաձայն, հինգշաբթի, 15 օգոստոս 2019-ին, Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնին առիթով պետական հաստատութիւններն ու քաղաքապետարանները փակ պիտի մնան:
Նշենք, որ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան այսօր առաւօտեան պիտի մեկնի Սէուտական Արաբիա` ուխտագնացութեան: