Չորեքշաբթի, 31 յուլիսին, Լիբանանի Տնտեսական եւ ընկերային խորհուրդի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Գիտութեան, արհեստագիտութեան եւ չափանիշներու յանձնախումբի պատրաստած ծրագիրի երրորդ փուլին գործնականացման հանդիպումը, որուն նպատակով յանձնախումբը հրաւիրած էր Տնտեսական եւ ընկերային խորհուրդին մէջ
արդիւնաբերական տարբեր մարզերու սենտիքաները ներկայացնող անդամներ, որոնք մեծ թիւով ընդառաջեցին հանդիպումին:
Հանդիպումին բացումը կատարեց յանձնախումբի նախագահ դոկտ. Նորա Պայրագտարեան-Գապաքեան, որ շեշտեց, թէ այս ծրագիրին նպատակն է Լիբանանի մէջ գիտութեան, արհեստագիտութեան եւ չափանիշներու ազգային ամբողջական համակարգ մը ստեղծել:
Ապա խօսք առաւ ԷՍՔՈՒԱ-ի միջազգային փորձագէտ դոկտ. Մարին, որ ներկայացուց ծրագիրի բովանդակութիւնն ու յանձնախումբին կողմէ վաւերացուած հարցարանը, զոր ուղղուած էր ներկաներուն:
Հանդիպումին ներկայ էր Տնտեսական եւ ընկերային խորհուրդի նախագահ Շարլ Արպիտ, որ իր արտասանած խօսքով մեծապէս գնահատեց յանձնախումբին կատարած աշխատանքներն ու անոր կիրարկած գիտական թէ մասնագիտական մօտեցումը:
«Այս յանձնախումբին ներկայացնելիք ծրագիրն է, որ պիտի կազմէ Տնտեսական եւ ընկերային խորհուրդին ներկայացուցած հիմնական արժէքներէն մէկը», ըսաւ Արպիտ:
Արպիտի խօսքէն ետք տեղի ունեցաւ աշխատանքային հանդիպում մը, ուր ներկաները ամբողջացուցին իրենց ներկայացուած հարցարանները:
Այս հանդիպումին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Լիբանանի Տնտեսական եւ ընկերային խորհուրդի անդամներ Լուիզա Պապոյեան եւ Յասմիկ Տանձիկեան: