Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց նոր դիւանագէտներն ու քաղաքական զբօսաշրջութեան ճամբարին մասնակցող լիբանանեան ուսանողական պատուիրակութիւնը:
Այս առիթով Պասիլ իր արտասանած խօսքին մէջ ըսաւ, թէ Լիբանանի քաղաքական վարչակարգը իւրայատուկ է, որովհետեւ երկրին մէջ համախոհական ժողովրդավարութիւն կը տիրէ: Ան աւելցուց, որ Լիբանան հարուստ կը նկատուի իր բազմազանութեամբ:
«Արտաքին գործոց նախարարութիւնը ունի հիմնական երկու առաքելութիւն, որոնցմէ մէկն է լիբանանեան պետութեան արտաքին քաղաքականութեան ճշդումը: Այդ քաղաքականութիւնը համախոհական եւ համայնքային պատկերով կը ներկայանայ, այնպէս ինչպէս է կառավարութեան պատկերը: Այսպիսով, արտաքին քաղաքականութիւնը կ՛ըլլայ լիբանանեան պետութիւնն ու բոլոր լիբանանցիները համախմբող քաղաքականութիւն մը», ըսաւ ան:
Պասիլ ընդգծեց, որ Լիբանան կարիքը ունի առեւտուրի մարզը բարելաւելու, լիբանանեան բանակին զինուորական օժանդակութիւն ապահովելու, ինչպէս նաեւ լիբանանեան մշակոյթը, ձեռարուեստն ու խոհանոցը աշխարհին մէջ տարածելու:
«Արտաքին գործոց նախարարութեան երկրորդ առաքելութիւնն է դիւանագիտական գործունէութիւնը, որուն առաջնահերթութիւնը արտերկրի լիբանանցիներուն հետ կապի ստեղծումն է, ինչպէս նաեւ անոնց եւ Լիբանանի միջեւ յարաբերութիւններու վերականգնումը», ըսաւ ան:
Պասիլ հաստատեց, որ այս բոլորին պարագային պէտք է զգուշանալ, որ Լիբանանին սպառնացող վտանգներ կը մնան Իսրայէլն ու ահաբեկչութիւնը:
Ան անդրադարձաւ Լիբանանի մէջ պաղեստինցի գաղթականներուն բնակեցումը ուրուագծող վտանգաւոր քայլերուն, ինչպէս նաեւ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին:
«Սուրիացի տեղահանուածները Լիբանանի թշնամիները չեն, այլ` տեղահանումի երեւոյթն է, որ ինքնին վտանգաւոր է», շեշտեց Պասիլ:
Միւս կողմէ, Պասիլ երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քուպիչի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստին ընթացքին Կութիերեսի ներկայացուցած տեղեկագիրը` թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան մասին: Քննարկուեցան նաեւ լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Պասիլի այցելուներէն եղան նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլ, որուն հետ քննարկեց օգոստոս ամսուան աւարտին Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն առաքելութիւնը երկարաձգելու հեռանկարները:



