Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պետական Անձնաւորութիւններ Կը Շնորհաւորեն Լիբանանեան Բանակի 74-ամեակը

Օգոստոս 2, 2019
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պետական եւ քաղաքական անձնաւորութիւններ երէկ շնորհաւորեցին լիբանանեան բանակը` անոր հիմնադրութեան 74-ամեակին առիթով:

Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ Յակոբ Թերզեան շնորհաւորեց լիբանանեան բանակը հետեւեալ գրառումով. «74-ամեայ պայքար «Պատիւ, զոհողութիւն եւ հաւատարմութիւն» կարգախօսին ներքեւ: 74-ամեայ քաջութիւն` Լիբանանի բոլոր թշնամիներուն դէմ: 74-ամեայ պաշտպանութիւն` ամբողջ Լիբանանին եւ իւրաքանչիւր լիբանանցիի: Մայրիները կը հպարտանան ձեզմով, բոլոր լիբանանցիները կը հպարտանան ձեզմով: Դուք կը մնաք Լիբանանի փառքն ու պատիւը: Դուք Լիբանանի քաջ բանակն էք, որ երկիրը կը պաշտպանէք ձեր ուժով, կամքով եւ զոհողութեամբ»:

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը շնորհաւորեց բանակը եւ կոչ ուղղեց օժանդակելու անոր հզօրացման, որպէսզի անիկա կարենայ շարունակել իր առաքելութիւնը եւ պաշտպանել երկիրը:

Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ շնորհաւորեց լիբանանեան բանակը` նշելով, որ ան երկրին սահմանները կը պաշտպանէ, ահաբեկչութիւնը կը տապալէ եւ ապահովութիւն կը հաստատէ: «Հիմնադրութեան տօնիդ առիթով քու նկատմամբ, մեր վստահութիւնը կը վերանորոգենք, սիրելի՛ լիբանանեան բանակ, եւ կը խոնարհինք նահատակներուդ յիշատակին», շեշտեց Պասիլ:

Արդարութեան նախարար Ալպեր Սարհան ընդգծեց, որ լիբանանեան բանակը երկրին փառքին խորհրդանիշն է, ինչպէս նաեւ Լիբանանի անկախութեան վերնագիրն ու լիբանանեան ազգային միասնականութեան հիմքը:

Արտաքին առեւտուրի պետական նախարար Հասան Մըրատ շեշտեց. «Լիբանանեան բանակին տօնը առիթ մըն է յայտնելու, որ մենք կը հպարտանանք անոր խիզախութեամբ, զոհողութիւններով եւ Լիբանանի դէմ սպառնացող որեւէ բռնարարքի կամ յարձակումի դէմ անոր ցուցաբերած դիմադրութեամբ: Ողջո՛յն մեր քաջ բանակին, որ երկրին իսկական ազգային միասնականութիւնը կը մարմնաւորէ, հայրենիքը կը պաշտպանէ եւ քաղաքացիին անվտանգութիւնը կ՛ապահովէ: Ողջո՛յն լիբանանեան բանակին, որ կազմ ու պատրաստ է երկիր ներխուժելու փորձերը կասեցնելու, լիբանանցի ժողովուրդը պաշտպանելու եւ Դիմադրութեան զօրակցելու, որպէսզի Լիբանանը վայելէ իր ազատութիւնը»:

Ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը իւրայատուկ է իր արժէքներով: Ան շնորհաւորեց բանակը, որ թշնամիներէն կը պաշտպանէ երկրին սահմանները եւ կը վերացնէ քաղաքացիներուն միջեւ տարածքները:

Ներդրումի եւ արհեստագիտութեան հարցերու պետական նախարար Ատել Աֆիունի շնորհաւորեց բանակը` շեշտելով, որ իրենք կը մնան «Պատիւ, զոհողութիւն եւ հաւատարմութիւն» կարգախօսով առաջնորդուող բանակայիններուն խրամատին մէջ: Ան ողջունեց բոլոր անոնք, որոնք կը հսկեն Լիբանանի ապահովութեան:

Հզօր Լիբանան համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շնորհաւորեց բանակը` հաստատելով, որ բանակը ամբողջ Լիբանանին եւ հայրենիքին համար է: Ան աւելցուց, որ բանակը լիբանանեան պետութեան կը պատկանի եւ ոչ թէ համայնքին: «Բանակը ազգային գերիշխանութեան կը պատկանի եւ ոչ արտաքին գործոց նախարարութեան, բանակը ազգային արժանապատուութիւն է եւ ոչ կուսակցական հանգամանք», շեշտեց ան:

Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Հատի Հպէյշ կոչ ուղղեց զօրակցելու բանակին զոհողութիւններուն եւ նեցուկ կանգնելու հայրենիքին:

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխան Հիւսէյն Հաժ Հասան շնորհաւորեց լիբանանեան բանակը` շեշտելով, որ անիկա արեամբ մկրտուած է` հայրենիքի պաշտպանութեան ի խնդիր:

Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը կը մնայ լիբանանեան ազգային միասնականութեան երաշխիքը, որքան ալ որ սրին տագնապները: «Ողջո՛յն «Պատիւ, զոհողութիւն եւ հաւատարմութիւն» կարգախօսը կրող հաստատութեան եւ փառք լիբանանեան բանակի նահատակներուն», շեշտեց Հաշեմ:

 

 

Նախորդը

Լիբանանի Կիներու Ազգային Խորհուրդի Կլոր Սեղանը` Քաղաքական Կեանքին Մէջ Կնոջ Մասնակցութիւնը Ամրապնդելու Նպատակով

Յաջորդը

«Երկրին Ապահովութիւնը Կարմիր Գիծ Է, Եւ Ոչ Ոքի Պիտի Արտօնենք Խախտել Զայն» Շեշտեց Նախագահ Աուն

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Օգոստոս 19, 2025
Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան Ու Կայունութեան  Ո՛չ Ներդրում Կայ, Ո՛չ Ալ` Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան Ու Կայունութեան Ո՛չ Ներդրում Կայ, Ո՛չ Ալ` Աճող Տնտեսութիւն»

Օգոստոս 19, 2025
Հաժ Հասան. «Ուաշինկթըն Մեզի Սպառնաց  Լիբանանը Պիլատ Շամին Կցելով, Եթէ Ամերիկեան  Փաստաթուղթը Չընդունինք»
Լիբանանեան

Հաժ Հասան. «Ուաշինկթըն Մեզի Սպառնաց Լիբանանը Պիլատ Շամին Կցելով, Եթէ Ամերիկեան Փաստաթուղթը Չընդունինք»

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?