Լեռնալիբանանի միջադէպը լուծելու ջանքերը երէկ ստացան աշխուժ թափ, իսկ կառավարութեան նիստ մը կամ երկու նիստ գումարելու իմաստով հնչեցին դրական տեղեկութիւններ, որոնց հիման վրայ կառավարութեան յաջորդ նիստը գումարելու հաւանականութիւնը վերագրուեցաւ յառաջիկայ շաբթուան եւ կամ Ատհայի տօնէն առաջ զուգադիպող ժամանակաշրջանին:
Այս առումով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ ետք նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլանը, տեղահանուածներու հարցերու պետական նախարար Սալեհ Ղարիպը, հանրապետութեան նախագահութեան հարցերու պետական նախարար Սելիմ Ժրայսաթին, պաշտպանութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապը եւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Քապըր Շմունի միջադէպի լուծման համար առաջադրուած նախաձեռնութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Արսլան բաւարարուեցաւ ըսելով. «Խորհրդակցութիւնները պիտի շարունակուին, եւ Ապպաս Իպրահիմ իր ջանքերը պիտի շարունակէ»:
Նշենք, որ Ապպաս Իպրահիմ երէկ կէսօրէ առաջ այցելեց վարչապետ Սաատ Հարիրիի, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները:
Երեկոյեան ժամը 6:00-ին Ապպաս Իպրահիմ երկրորդ անգամ ըլլալով այցելեց վարչապետարան եւ Հարիրիի հետ քննարկեց Լեռնալիբանանի միջադէպին լուծման վերաբերող զարգացումները:
Ապպաս Իպրահիմ վարչապետարանէն ետք ուղղուեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի մօտ:
Երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Հարիրի ընդունեց ճարտարարուեստի նախարար Ուաէլ Պու Ֆաուրը:
Կը նախատեսուէր, որ Ապպաս Իպրահիմ երէկ գիշեր այցելէր Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթին:




