Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ երէկ յայտնեց, որ օրըստօրէ երկրին մէջ տիրական կը դառնան համայնքային սադրանքներու լեզուն եւ եղանակը:
Ան հաստատեց սակայն, որ համայնքային սադրանքները կրնան արգելակել պետական հաստատութիւններուն աշխատանքը, ինչպէս նաեւ տնտեսական տագնապը աւելի եւս խորացնել:
Շէյխ Քասեմ հաստատեց, որ բոլոր համայնքներն ու քաղաքական ուժերը կը գտնուին մէկ նաւու մէջ, եւ կարելի չէ պատճառ դառնալ, որ այդ նաւը ընկղմի: «Բոլորս Լիբանանի մէջ գործընկերներ ենք եւ պէտք է ազգային գործունէութիւն ծաւալենք` պաշտպանելու համար մեր հայրենիքը, բոլորին համար արդարութիւն պարտադրելու եւ բոլորին իրաւունքն ու պարտականութիւնները պաշտպանելու առումով», ըսաւ Քասեմ: