Լիբանանեան

Նախարար Հըթթի Ընդունեց  Իր Պելճիքացի Պաշտօնակիցը

Նախարար Հըթթի Ընդունեց Իր Պելճիքացի Պաշտօնակիցը

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Նասիֆ Հըթթի երէկ ընդունեց Պելճիքայի արտաքին գործոց նախարար Ֆիլիփ Կիւվենը, որուն հետ քննարկեց երկկողմ յարաբերութիւնները: Նախարար Հըթթի հանդիպման ընթացքին նշեց, որ Լիբանան եւ Պելճիքա ունին կառավարութիւններ կազմելու դժուարութիւնը, որովհետեւ երկու հասարակութիւններն ալ կը յատկանշուին բազմազանութեամբ: Նախարարը նշեց, որ բազմազանութիւնը այլազանութեան եւ հարստութեան աղբիւր է: Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկեցին Լիբանանի մէջ տիրող տնտեսական տագնապը`...

Հասսան Տիապի Հետ Հանդիպելէ Ետք.   «Պենզինի Թիթեղի Սակին Վրայ  Ոչ Մէկ Տուրքի Յաւելում Կայ»  Շեշտեց Ապու Շաքրա

Հասսան Տիապի Հետ Հանդիպելէ Ետք. «Պենզինի Թիթեղի Սակին Վրայ Ոչ Մէկ Տուրքի Յաւելում Կայ» Շեշտեց Ապու Շաքրա

Կառավարութիւնը հինգշաբթի օր առաւօտեան նախագահական պալատին մէջ պիտի գումարէ նիստ մը` քննարկելու համար իր աշխատանքային ծրագիրը: Միւս կողմէ, վարչապետ Հասսան Տիապ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լումայափոխներու սենտիքայի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ սենտիքայի նախագահ Մահմուտ Մըրատի: Հանդիպումէն ետք Մըրատ յայտնեց, որ իրենք շնորհաւորած են Տիապը եւ անոր ներկայացուցած պետական մարզին, դատական իշխանութիւններուն եւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի հետ իրենց դիմագրաւած դժուարութիւնները`...

Նախագահ Աուն Ընդգծեց Զբօսաշրջութեան  Մարզին Վիճակը Բարելաւելու Կարեւորութիւնը

Նախագահ Աուն Ընդգծեց Զբօսաշրջութեան Մարզին Վիճակը Բարելաւելու Կարեւորութիւնը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Ճամբորդական գրասենեակներու եւ ընկերութիւններու սենտիքայի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ սենտիքայի նախագահ Ժան Ապպուտի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ճամբորդական գրասենեակներուն դիմագրաւած հարցերը: Այս շրջագիծին մէջ նախագահ Աուն ընդգծեց զբօսաշրջութեան մարզին վիճակը բարելաւելու կարեւորութիւնը` յոյս յայտնելով, որ 17 հոկտեմբերին արձանագրուած զարգացումներուն պատճառով տուժած այդ մարզին վերակենդանացումը կարելի կ՛ըլլայ իրականացնել: Նախագահ Աուն հաստատեց, որ կ՛ակնկալուէր,...

Հզօր Լիբանան Համախմբում. «Կը Մերժենք  Պաղեստինցի Գաղթականներուն Բնակեցումը,  Իսկ Առաջնահերթը Հաշիւ Ունեցողներու  Գումարներուն Պահպանումն Է»

Հզօր Լիբանան Համախմբում. «Կը Մերժենք Պաղեստինցի Գաղթականներուն Բնակեցումը, Իսկ Առաջնահերթը Հաշիւ Ունեցողներու Գումարներուն Պահպանումն Է»

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ նախագահեց Հզօր Լիբանան համախմբումի  ընթացիկ նիստին: Նիստէն հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ համախմբումը կը մերժէ ամէն տեսակի որոշում, համաձայնութիւն կամ գործարք, որուն հետեւանքը կ՛ըլլայ պաղեստինցի գաղթականներուն բնակեցումը, ո՛չ միայն պարզապէս անոր համար, որ այդ մերժումը նշուած է երկրին սահմանադրութեան մէջ, այլ նաեւ անոր համար, որ ան կը սպառնայ Լիբանանի գոյութեան, լիբանանեան...

Ռայի Պատրիարքը Պասիլի Հետ Քննարկեց  «Դարու Գործարք»-ին Հետեւանքները

Ռայի Պատրիարքը Պասիլի Հետ Քննարկեց «Դարու Գործարք»-ին Հետեւանքները

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ առաւօտեան Պքերքէի մէջ ընդունեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլը, որուն հետ քննարկեց երկրին իրավիճակը, յատկապէս քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային առումով, ինչպէս նաեւ «Դարու գործարք»-ն ու անոր ունենալիք հետեւանքները: Հանդիպումէն ետք Պասիլ ընդգծեց Ռայի պատրիարքին Վատիկան կատարելիք այցելութեան կարեւորութիւնը` նկատի ունենալով Լիբանանի դիմագրաւած ճնշումներով լեցուն մթնոլորտը, որ ներքին առումով տնտեսական-ելեւմտական տագնապով կը...

Տար Ֆաթուայի Մէջ.   «Միւֆթի Տըրիանին Յայտնեցի Լիբանանի  Նկատմամբ Սէուտական  Արաբիոյ Զօրակցութիւնը»  Շեշտեց Պուխարի

Տար Ֆաթուայի Մէջ. «Միւֆթի Տըրիանին Յայտնեցի Լիբանանի Նկատմամբ Սէուտական Արաբիոյ Զօրակցութիւնը» Շեշտեց Պուխարի

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները: Հանդիպումին ընթացքին Պուխարի հաստատեց, որ Սէուտական Արաբիա յանձնառու կը մնայ Լիբանանի ապահովական կայունութեան, ինչպէս նաեւ կը զօրակցի բոլոր լիբանանցիներուն եւ երկրին պետական բոլոր կառոյցներուն: Պուխարի ընդգծեց, որ Սէուտական Արաբիա նախանձախնդիր է լիբանանեան-սէուտական երկկողմանի...

Մուսթաքպալ. «Պաղեստինցի Գաղթականներուն  Բնակեցման Մասին Կեցուածքը Սակարկութեան  Առարկայ Չի Կրնար Ըլլալ»

Մուսթաքպալ. «Պաղեստինցի Գաղթականներուն Բնակեցման Մասին Կեցուածքը Սակարկութեան Առարկայ Չի Կրնար Ըլլալ»

Մուսթաքպալ պլոքի նախագահ, երեսփոխան Պահիա Հարիրի երէկ նախագահեց պլոքի ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան ամերիկեան-իսրայէլեան միացեալ ջանքերով յայտարարուած «Դարու գործարք»-ին, անոր նկատմամբ պաղեստինեան կեցուածքներուն, ինչպէս նաեւ անոր ունենալիք հետեւանքներուն: Մուսթաքպալ պլոքը կատարեալ զօրակցութիւն յայտնեց Պաղեստինեան դատին` կտրականապէս մերժելով Երուսաղէմի հրէականացումը: Պլոքը ընդգծեց, որ ինք կառչած կը մնայ Պէյրութի մէջ յայտարարուած Խաղաղութեան արաբական նախաձեռնութեան, որուն իր զօրակցութիւնը յայտնեց անցեալ շաբաթավերջին Գահիրէի...

Զէյնա Աքր Քիւպիչի Հետ Քննարկեց ՄԱԿ-ի  Հաստատութիւններուն Հետ Գործակցութիւնը  Ամրապնդելու Քայլերը

Զէյնա Աքր Քիւպիչի Հետ Քննարկեց ՄԱԿ-ի Հաստատութիւններուն Հետ Գործակցութիւնը Ամրապնդելու Քայլերը

Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Զէյնա Աքր երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրի պատասխանատու Ֆիլիփ Լազարինիի: Քիւպիչ եւ Լազարինի Աքրը շնորհաւորեցին իր ստանձնած նոր պաշտօնին առիթով, եւ անոր հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող ընդհանուր իրավիճակը, լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ պաշտպանութեան նախարարութեան եւ ՄԱԿ-ի հաստատութիւններուն հետ գործակցութիւնը ամրապնդելու քայլերը: Աքրի...

Ֆահմի Թուրքիոյ Դեսպանին Հետ Քննարկեց  Ապահովական Մարզին Մէջ  Գործակցութեան Հեռանկարները

Ֆահմի Թուրքիոյ Դեսպանին Հետ Քննարկեց Ապահովական Մարզին Մէջ Գործակցութեան Հեռանկարները

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆահմի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Հաքքան Չաքըլը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ զինուորական սարքերու, զէնքի, զինամթերքի եւ գումակային ծառայութեան առումով գործակցելու կարեւորութիւնը: Ֆահմի շեշտեց Լիբանանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ապահովական մարզին մէջ գործակցութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը, յատկապէս` ահաբեկչութեան եւ կանխամտածուած ոճիրներու դէմ պայքարելու իմաստով: Իր կարգին, Թուրքիոյ դեսպանը ընդգծեց իր երկրին...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Համատ Հասան յայտնեց, որ նախարարութիւնը ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ լիբանանցիներուն առողջութիւնը պահպանելու  նպատակով: Հասան նշեց, որ Ծայրագոյն  Արեւելքէն Լիբանան ուղղուած նաւը արդէն իսկ հասած է Պէյրութ` աւելցնելով, որ նաւուն անձնակազմէն ոչ ոք «Քորոնա» ժահրով վարակուած...

Կառավարութիւնը Հինգշաբթի Օր  Պիտի Գումարէ Նիստ Մը` Վաւերացնելու Համար  Իր Աշխատանքային Ծրագիրը

Կառավարութիւնը Հինգշաբթի Օր Պիտի Գումարէ Նիստ Մը` Վաւերացնելու Համար Իր Աշխատանքային Ծրագիրը

Վարչապետ Հասսան Տիապ երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց նախարարական յանձնախումբի նիստին, որուն ընթացքին կառավարութիւնը վերջին բարեփոխումները կատարեց` աշխատանքային ծրագիրի մշակումին շրջագիծին մէջ: Ներկայ էին փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Զէյնա Ատրա, նախարարներ Տըմիանոս Քաթթար, Ղազի Ուազնի, Նասիֆ Հըթթի, Ռաուլ Նեհմէ, Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, Իմատ Հուպալլա, Ռամզի Մշարրաֆիէ, Թալալ Հաուաթ, Մարի Քլոտ Նաժըմ եւ Մանալ Ապտել Սամատ, ինչպէս նաեւ նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար, դատաւոր Մահմուտ...

Նախագահ Աուն. «Կրթութիւնը Արժէքներու  Գիտութիւն Է Եւ Ազգային  Պատկանելիութեան Հասկացողութիւն»

Նախագահ Աուն. «Կրթութիւնը Արժէքներու Գիտութիւն Է Եւ Ազգային Պատկանելիութեան Հասկացողութիւն»

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Հետազօտութեան եւ բարգաւաճման կրթական կեդրոնի նախագահ դոկտ. Նատա Օուիժանը, որուն ընկերակցեցաւ կեդրոնին մէկ պատուիրակութիւնը: Հանդիպումին ընթացքին Օուիժան ներկայացուց կրթական ծրագիրներու բարեփոխումներն ու կրթական մարզին մէջ մշակուած նոր ոճերը: Նախագահ Աուն ընդգծեց կրթութեան անհրաժեշտութիւնը` հաստատելով, որ կրթութիւնը արժէքներու գիտութիւն է եւ ազգային պատկանելիութեան հասկացողութիւն: Նախագահ Աուն հաստատեց աշակերտները արհեստից կրթութեան առաջնորդելու...

Հըթթի. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Խաղաղութեան  Արաբական Նախաձեռնութեան,  Եւ Միակողմանի Շահ Ապահովելը Լուծում Չէ»

Հըթթի. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Խաղաղութեան Արաբական Նախաձեռնութեան, Եւ Միակողմանի Շահ Ապահովելը Լուծում Չէ»

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Նասիֆ Հըթթի երէկ Ժետտայի մէջ մասնակցեցաւ Սէուտական Արաբիոյ մէջ գումարուած Իսլամական գործակցութեան կազմակերպութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու խորհրդաժողովին, որ նուիրուած էր «Դարու գործարք»-ի քննարկումին: Խորհրդաժողովին ընթացքին Հըթթի վերահաստատեց, որ Լիբանան կառչած կը մնայ Խաղաղութեան արաբական նախաձեռնութեան, որ վաւերացուած է 2002-ին, Պէյրութի մէջ գումարուած Արաբական լիկայի վեհաժողովին ընթացքին: Հըթթի շեշտեց, որ Խաղաղութեան արաբական...

Ռալֆ Թրաֆ Ընդգծեց Եւրոպական Միութեան  Պատրաստակամութիւնը` Գործակցելու  Նորակազմ Կառավարութեան Հետ

Ռալֆ Թրաֆ Ընդգծեց Եւրոպական Միութեան Պատրաստակամութիւնը` Գործակցելու Նորակազմ Կառավարութեան Հետ

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆահմի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Ռալֆ Թրաֆը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին Ֆահմի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ ապահովութիւնը շատ կարեւոր է ներկայ կառավարութեան համար` աւելցնելով, որ առաջնահերթութիւնը տնտեսական կացութիւնն է եւ տնտեսական տագնապին լուծման ապահովումը: Իր կարգին, Թրաֆ հաստատեց, որ միջազգային ընտանիքը կը հսկէ նորակազմ կառավարութեան աշխատելաոճին` աւելցնելով,...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Համասի ղեկավար Իսմայէլ Հանիէէն, որուն հետ քննարկեց «Դարու գործարք»-ին վերաբերող շարք մը հարցեր: Պըրրի ընդգծեց արաբական եւ պաղեստինեան միասնականութեան կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ Դիմադրութեան կառչած մնալու անհրաժեշտութիւնը` դիմակայել կարենալու համար «Դարու գործարք»-ը: ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլ երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի հետ: Քննարկուեցան «Դարու գործարք»-ն ու...

Նախարարական Յանձնախումբը Աւարտեց Կառավարութեան Աշխատանքային  Ծրագիրի Մշակումը

Նախարարական Յանձնախումբը Աւարտեց Կառավարութեան Աշխատանքային Ծրագիրի Մշակումը

Վարչապետ Հասսան Տիապ նախանցեալ օր նախագահեց նախարարական յանձնախումբի նիստին, որուն ընթացքին աւարտեցաւ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մշակումը: Ներկայ էին փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Զէյնա Ատրա, նախարարներ Տըմիանոս Քաթթար, Ղազի Ուազնի, Նասիֆ Հըթթի, Ռաուլ Նեհմէ, Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, Իմատ Հուպալլա, Ռամզի Մշարրաֆիէ, Թալալ Հաուաթ, Մարի Քլոտ Նաժըմ եւ Մանալ Ապտել Սամատ, ինչպէս նաեւ նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար, դատաւոր Մահմուտ Մաքքիէ, հանրապետութեան նախագահութեան ընդհանուր տնօրէն...

Սիտնիի Մէջ.  Չորս Լիբանանցի Երեխաներ Զոհ  Կ՛երթան Ինքնաշարժի Արկածի Մը

Սիտնիի Մէջ. Չորս Լիբանանցի Երեխաներ Զոհ Կ՛երթան Ինքնաշարժի Արկածի Մը

Սիտնիի մէջ 7 լիբանանցի երեխաներ ենթարկուեցան ինքնաշարժի արկածի մը, որուն պատճառով անոնցմէ 4-ը մահացան, իսկ երեքը վիրաւորուեցան ու փոխադրուեցան հիւանդանոց: Մահացած 4 երեխաներէն 3-ը նոյն ընտանիքի` Ապտալլա ընտանիքի անդամներ են, իսկ չորրորդը` Սաքըր ընտանիքի անդամ: Ինքնաշարժի արկածը պատճառած վարորդը ձերբակալուեցաւ. ի յայտ եկաւ, որ ան ոգելից ըմպելիի ազդեցութեան տակ կը վարէր ինքնաշարժը: Մահացած երեխաներուն հայրը` Տանիէլ Ապտալլա իր կնոջ հետ...

Հըթթի. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ  Խաղաղութեան Արաբական Նախաձեռնութեան  Եւ Պաղեստինցի Գաղթականներուն Տունդարձին»

Հըթթի. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Խաղաղութեան Արաբական Նախաձեռնութեան Եւ Պաղեստինցի Գաղթականներուն Տունդարձին»

Արտաքին գործոց նախարար Նասիֆ Հըթթի շաբաթավերջին իր մասնակցութիւնը բերաւ Գահիրէի մէջ տեղի ունեցած Արաբական լիկայի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ Միացեալ Նահանգներու յայտարարած «Դարու գործարք»-ը: Նիստին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ Հըթթի շեշտեց, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ Խաղաղութեան արաբական նախաձեռնութեան, որ յայտարարուած է 2002-ին, Պէյրութի մէջ: Հըթթի յայտնեց, որ այդ նախաձեռնութիւնը օրինական եւ իրապաշտ մօտեցումներու...

Ռայի Պատրիարք. «Իշխանութիւնը Իրաւունք  Չունի Խաղաղ Եւ Արդարացի Պահանջներուն  Բռնարարքներով Եւ Ոստիկանական Արարքներով Դէմ Դնելու»

Ռայի Պատրիարք. «Իշխանութիւնը Իրաւունք Չունի Խաղաղ Եւ Արդարացի Պահանջներուն Բռնարարքներով Եւ Ոստիկանական Արարքներով Դէմ Դնելու»

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան Ս. պատարագին, որուն ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ հաստատեց, որ լիբանանցի պատասխանատուներուն պարտականութիւնն է լիբանանցի ժողովուրդին եւ Լիբանանին բարիք կատարել` սահմանադրական հաստատութիւններուն ընդմէջէն երկրին տնտեսական, ընկերային, բարգաւաճման եւ քաղաքական մարզերը կայունացնելով: Ան նշեց, որ առանց սահմանադրական հաստատութիւններուն կարելի չէ Լիբանանի բարիքները իրականացնել: «Միւս կողմէ, իշխանութիւնը իրաւունք չունի խաղաղ եւ...

Քուէյթի Իշխանը Կը Խոստանայ  Օժանդակել Լիբանանին

Քուէյթի Իշխանը Կը Խոստանայ Օժանդակել Լիբանանին

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ Քուէյթի իշխան Սապահ Ահմետ Ժապեր Սապահէն ստացած է պատասխան նամակ մը, որուն մէջ իշխանը հաստատած է, որ Քուէյթ յանձնառու կը մնայ Լիբանանի զօրակցութեան եւ աջակցութեան` բոլոր մարզերուն մէջ: Քուէյթի իշխանը լիբանանցիներուն յղեց իր բարեմաղթութիւնները` բարգաւաճում մաղթելով Լիբանանին:

Page 513 of 988 1 … 512 513 514 … 988

Արխիւներ