Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

February 5, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Համատ Հասան յայտնեց, որ նախարարութիւնը ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ լիբանանցիներուն առողջութիւնը պահպանելու  նպատակով: Հասան նշեց, որ Ծայրագոյն  Արեւելքէն Լիբանան ուղղուած նաւը արդէն իսկ հասած է Պէյրութ` աւելցնելով, որ նաւուն անձնակազմէն ոչ ոք «Քորոնա» ժահրով վարակուած է:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ Ասեմ Արաժի յայտնեց, որ առողջապահութեան նախարարութիւնը պէտք եղած միջոցառումներուն դիմած է` կանխարգիլելու համար Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրի տարածումը:

ԱՐՏԱՔԻՆ հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբը քննարկեց «Դարու գործարք»-ը, որուն շրջագիծին մէջ ընդգծուեցաւ արաբական միասնականութեան ամրապնդման կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ շեշտեց, որ Լիբանան կառչած կը մնայ Խաղաղութեան արաբական նախաձեռնութեան եւ պաղեստինցի գաղթականներու տունդարձի իրաւունքին:

ՎԱՐՉԱԿԱՆ եւ արդարութեան հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբը երէկ շարունակեց քննարկել սեփական մարզին մէջ բոյն դրած փտածութեան դէմ պայքարելու օրինագիծին պատրաստութիւնը:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի շեշտեց, որ Լիբանանի փլուզումը արգիլելու իմաստով միջազգային կամք գոյութիւն ունի:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ նախագահեց Հզօր հանրապետութիւն պլոքի նիստին, որուն ընթացքին շեշտուեցաւ, որ կառավարութեան դէմ տարածուած անվստահութեան մթնոլորտին պատճառը այն է, որ երկիրը կառավարուած կը մնայ իշխող նոյն մեծամասնութենէն:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Փիեռ Պու Ասի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ պաղեստինցի գաղթականներուն բնակեցումը արգիլուած է, իսկ Լիբանան ծախու չէ:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Էտի Մաալուֆ մաղթեց, որ կառավարութեան մշակած աշխատանքային ծրագիրը համապատասխանէ իրենց ձգտումներուն, որպէսզի կարենան անոր վստահութեան քուէ շնորհել:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ յայտնեց, որ եթէ փտածներ եւ փտածութիւն գոյութիւն չունենային, ապա պետութիւնը կարողութիւնը կ՛ունենար դիմադրելու բոլոր վտանգներուն:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ հաստատեց, որ կարգ մը դրամատուներու կողմէ որդեգրուած տնտեսական եւ ելեւմտական նոր քայլերը լաւատեսութեան յոյսեր չեն ներշնչեր:

 

Նախորդը

Ամերիկեան Դեսպանատան Մշակութային Կցորդը Այցելեց Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութիւն

Յաջորդը

Ֆահմի Թուրքիոյ Դեսպանին Հետ Քննարկեց Ապահովական Մարզին Մէջ Գործակցութեան Հեռանկարները

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.