Պաշտպանութեան Գերագոյն Խորհուրդը Որոշեց Ապահովական Կայունութիւնը Պաշտպանել Եւ Պետութեան Հեղինակութիւնը Ու Հաստատութիւնները Հարուածող Որեւէ Փորձ Հակակշիռի Տակ Առնել
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ առաջ Պաապտայի մէջ նախագահեց Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան վարչապետ Հասսան Տիապ, պաշտպանութեան նախարար Զէյնա Աքր, արտաքին գործոց նախարար Նասիֆ Հըթթի, ելեւմուտքի նախարար Ղազի Ուազնի, ներքին գործոց նախարար Մոհամետ Ֆահմի, տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ռաուլ Նեհմէ, արդարութեան նախարար Մարի Քլոտ Նաժըմ, բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար...


















