Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆահմի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Հաքքան Չաքըլը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ զինուորական սարքերու, զէնքի, զինամթերքի եւ գումակային ծառայութեան առումով գործակցելու կարեւորութիւնը:
Ֆահմի շեշտեց Լիբանանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ապահովական մարզին մէջ գործակցութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը, յատկապէս` ահաբեկչութեան եւ կանխամտածուած ոճիրներու դէմ պայքարելու իմաստով:
Իր կարգին, Թուրքիոյ դեսպանը ընդգծեց իր երկրին պատրաստակամութիւնը` գործակցելու Լիբանանի կառավարութեան, յատկապէս ներքին գործոց նախարարութեան հետ:
Չաքըլ հաստատեց, որ Լիբանանի եւ Թուրքիոյ միջեւ պատմական յարաբերութիւններ կան բոլոր մակարդակներուն վրայ, յատկապէս առեւտրական, մշակութային, զբօսաշրջական եւ ընկերային:
Ան հաստատեց, որ Թուրքիոյ համար Լիբանան կարեւոր երկիր է:



