Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հըթթի. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Խաղաղութեան Արաբական Նախաձեռնութեան Եւ Պաղեստինցի Գաղթականներուն Տունդարձին»

Փետրուար 3, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արտաքին գործոց նախարար Նասիֆ Հըթթի շաբաթավերջին իր մասնակցութիւնը բերաւ Գահիրէի մէջ տեղի ունեցած Արաբական լիկայի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ Միացեալ Նահանգներու յայտարարած «Դարու գործարք»-ը:

Նիստին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ Հըթթի շեշտեց, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ Խաղաղութեան արաբական նախաձեռնութեան, որ յայտարարուած է 2002-ին, Պէյրութի մէջ:

Հըթթի յայտնեց, որ այդ նախաձեռնութիւնը օրինական եւ իրապաշտ մօտեցումներու վրայ հիմնուած է` ընդգծելով, որ անիկա անկախ Պաղեստին մը կերտելու եւ պաղեստինցի գաղթականներու տունդարձը ապահովելու լաւագոյն միջոցն է:

Հըթթի հաստատեց, որ երբ պաղեստինեան հողերուն անդրադարձ կը կատարուի, ապա այդ ակնարկը կ՛երթայ ժողովուրդներու ազգային իրաւունքին եւ ոչ թէ կալուածներու յատուկ առեւտրականներու ու պաղեստինցի ժողովուրդին ինքնութիւնը նիւթական օժանդակութեամբ փոխանակելու յղացքներով մօտենալու այդ դատին:

Հըթթի պահանջեց յարգել պաղեստինցիներուն այս իրաւունքները, որոնք չեն մասնատուիր` աւելցնելով, որ պաղեստինցի ժողովուրդին իրաւունքն է ունենալ ազատ, անկախ եւ գերիշխան Պաղեստին մը:

Ան ընդգծեց, որ Պաղեստինեան դատին լուծման առումով միջազգային օրէնքներու որեւէ խախտում կրնայ ստեղծել միջազգային քաոս, որուն գինը սուղ կը վճարեն այդ տագնապին բոլոր կողմերը:

Հըթթի կոչ ուղղեց ամրապնդելու արաբական տունը` պաղեստինեան կեցուածքին զօրակցելու եւ խաղաղութիւն հաստատելու նպատակով:

Նշենք, որ Հըթթի Գահիրէի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ յորդանանցի իր պաշտօնակիցին` Այման Սաֆատիի, օմանցի իր պաշտօնակիցին` Եուսեֆ պըն Պահրէյնի Խալետ պըն Ահմետ Ալ Ալաուիի, եգիպտացի իր պաշտօնակիցին` Սամեհ Շուքրիի, իրաքցի իր պաշտօնակիցին` Մոհամետ Ալի Հաքիմ Խալիֆէի, ինչպէս նաեւ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթի հետ:

Երէկ երեկոյեան Հըթթի Գահիրէէն մեկնեցաւ Ժետտա` մասնակցելու համար Սէուտական Արաբիոյ մէջ տեղի ունենալիք Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու խորհրդաժողովին, որ դարձեալ նուիրուած է «Դարու գործարք»-ը քննարկելու:

Հըթթի այս խորհրդաժողովին ընթացքին պիտի արտասանէ Լիբանանի խօսքը, որուն շրջագիծին մէջ պիտի մերժէ Լիբանանի մէջ պաղեստինցի գաղթականներուն բնակեցումը` հաստատելով, որ Լիբանան կառչած կը մնայ 2002-ին հրապարակուած Խաղաղութեան արաբական նախաձեռնութեան, որուն համաձայն պիտի հիմնուին Իսրայէլն ու Պաղեստինը, այս վերջինը մայրաքաղաք ունենալով Երուսաղէմը, ինչպէս նաեւ պաղեստինցի գաղթականներուն պիտի ապահովուի իրենց տունդարձի իրաւունքը:

 

Նախորդը

Ռայի Պատրիարք. «Իշխանութիւնը Իրաւունք Չունի Խաղաղ Եւ Արդարացի Պահանջներուն Բռնարարքներով Եւ Ոստիկանական Արարքներով Դէմ Դնելու»

Յաջորդը

Սիտնիի Մէջ. Չորս Լիբանանցի Երեխաներ Զոհ Կ՛երթան Ինքնաշարժի Արկածի Մը

RelatedPosts

Նախագահ Աուն Բանակի Հրամանատարէն  Պահանջեց Դէմ Դնել Իսրայէլեան Որեւէ Ներթափանցման
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն Բանակի Հրամանատարէն Պահանջեց Դէմ Դնել Իսրայէլեան Որեւէ Ներթափանցման

Հոկտեմբեր 31, 2025
Պայրագտարեան Եւ Պօղոսեան Այցելեցին Նախագահ Աունին
Գլխաւոր լուրեր

Պայրագտարեան Եւ Պօղոսեան Այցելեցին Նախագահ Աունին

Հոկտեմբեր 31, 2025
Պլիտայի Քաղաքապետարանին Վրայ  Իսրայէլեան Յարձակում
Լիբանանեան

Պլիտայի Քաղաքապետարանին Վրայ Իսրայէլեան Յարձակում

Հոկտեմբեր 31, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?