Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախարար Հըթթի Ընդունեց Իր Պելճիքացի Պաշտօնակիցը

February 6, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Նասիֆ Հըթթի երէկ ընդունեց Պելճիքայի արտաքին գործոց նախարար Ֆիլիփ Կիւվենը, որուն հետ քննարկեց երկկողմ յարաբերութիւնները:

Նախարար Հըթթի հանդիպման ընթացքին նշեց, որ Լիբանան եւ Պելճիքա ունին կառավարութիւններ կազմելու դժուարութիւնը, որովհետեւ երկու հասարակութիւններն ալ կը յատկանշուին բազմազանութեամբ: Նախարարը նշեց, որ բազմազանութիւնը այլազանութեան եւ հարստութեան աղբիւր է:

Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկեցին Լիբանանի մէջ տիրող տնտեսական տագնապը` արտայայտելով կարծիքներ եւ ունենալով պատկերացումներ նոր կառավարութեան դերակատարութեան կարեւորութեան մասին: Անոնք նշեցին, որ կառավարութիւնը պէտք է կարելի եղածին չափ արագ պատրաստէ տնտեսական փրկութեան ծրագիր, որպէսզի ատիկա ներկայացնէ միջազգային իրաւասու կառոյցներուն եւ Լիբանանի օժանդակող երկիրներուն` ստանալու համար անոնց օժանդակութիւնը: Նախարար Հըթթի շեշտեց, որ այսօր Լիբանանի մէջ անհրաժեշտ է ամրապնդել տեղական արտադրութիւնները, արտահանումը, ինչպէս նաեւ փոխել տնտեսական համակարգը, որպէսզի կեդրոնանայ երկրագործութեան եւ ճարտարարուեստի մարզերուն վրայ:

Նախարարները նաեւ անդրադարձան «Դարու գործարք»-ին, որ մերժուած է արաբական եւ իսլամական երկիրներուն կողմէ, եւ յատկապէս` Պաղեստինեան իշխանութեան եւ ժողովուրդին կողմէ: Նախարար Հըթթի ընդգծեց կարեւորութիւնը յարգելու համապատասխան միջազգային բանաձեւերը եւ Խաղաղութեան արաբական նախաձեռնութիւնը, որ կը կեդրոնանայ երկու երկիրներու լուծումին վրայ, Երուսաղէմը նկատելով իբրեւ պաղեստինեան պետութեան մայրաքաղաք եւ ազատագրելով բռնագրաւուած բոլոր արաբական հողերը»:

Նախարար Հըթթի նշեց, որ տեղահանուածներու հարցը մեծ կարեւորութիւն ունի Լիբանանի եւ Եւրոպայի համար: Ան բացատրեց, որ այդ հարցին հետեւանքները շատ ծանր են Լիբանանի ժողովուրդին համար` նշելով, որ այդ հիւրընկալութեան ծախսը շրջանցեց 30 միլիառ տոլարը, որուն վրայ կ՛աւելնան անգործութիւնը, սղաճը եւ ենթակառոյցի գործածութիւնը: Նախարարը նշեց, որ այսօր կը պահանջուի սուրիացի տեղահանուածներու ապահով եւ պատշաճ տունդարձ:

Նախարար Հըթթի նշեց, որ Լիբանան կը ձգտի յաւելեալ համագործակցութիւն ունենալ Պելճիքայի հետ եւ ամրապնդել յարաբերութիւնները տնտեսական, քաղաքական, ընկերային, մշակութային եւ զբօսաշրջական մակարդակներուն վրայ: Ան աւելցուց, որ Պելճիքա Եւրոպական Միութեան կեդրոնն է եւ կ՛ընդգրկէ անոր բոլոր հիմնական կառոյցները: Պելճիքան կեդրոնատեղին է իւրաքանչիւր շարժումի` դէպի Եւրոպական Միութիւն:

Իր կարգին, պելճիքացի արտաքին գործոց նախարարը իր գոհունակութիւնը յայտնեց Լիբանան այցելութեան առիթով: Ան յայտնեց, որ Պելճիքա կ՛աջակցի Լիբանանի մէջ կատարուելիք անհրաժեշտ բարեկարգումներուն, որոնք դիւրին չեն: Ան ընդգծեց, որ բոլոր երկիրները կ՛անցնին փուլերէ, որոնք կ՛ենթադրեն քաջութեան քաղաքականութիւն վարել եւ կատարել բարեկարգումներ, նոյնիսկ եթէ անոնք սկիզբը ցաւ կը պատճառեն ժողովուրդին, բայց ընդհանրապէս արդիւնաւէտ կ՛ըլլան: Նախարարը յայտնեց Պելճիքայի տնտեսական աջակցութիւնը Լիբանանին` ժամկէտով ճշդուած ծրագիրի մը հիման վրայ, որուն նպատակն է պահպանել երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող վստահութիւնը:

Նախորդը

Գաղութէ-Գաղութ

Յաջորդը

Վառելանիւթի Կայարաններու Սեփականատէրերու Սենտիքայի Նախագահը Ահազանգ Կը Հնչեցնէ

RelatedPosts

Բագրատունի. «Կը Զգուշացնենք Զէնքի  Մենաշնորհման Թղթածրարին Մէջ  Ուժի Կիրարկման Դիմելէ»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Կը Զգուշացնենք Զէնքի Մենաշնորհման Թղթածրարին Մէջ Ուժի Կիրարկման Դիմելէ»

November 9, 2026
Եաշար Կուսակցութիւն. «Այզենքոթ Լիբանանէն  Հեռանալու Բանակցութիւններ Չի Վարեր»
Լիբանանեան

Եաշար Կուսակցութիւն. «Այզենքոթ Լիբանանէն Հեռանալու Բանակցութիւններ Չի Վարեր»

November 9, 2026
«Լիբանանի Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան  Պահպանումը Ֆրանսայի Առաջնահերթութիւններէն Է»  Կ՛ըսէ Ֆրանսայի Դեսպանը
Լիբանանեան

«Լիբանանի Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Պահպանումը Ֆրանսայի Առաջնահերթութիւններէն Է» Կ՛ըսէ Ֆրանսայի Դեսպանը

November 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.