Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռալֆ Թրաֆ Ընդգծեց Եւրոպական Միութեան Պատրաստակամութիւնը` Գործակցելու Նորակազմ Կառավարութեան Հետ

February 4, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆահմի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Ռալֆ Թրաֆը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումին ընթացքին Ֆահմի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ ապահովութիւնը շատ կարեւոր է ներկայ կառավարութեան համար` աւելցնելով, որ առաջնահերթութիւնը տնտեսական կացութիւնն է եւ տնտեսական տագնապին լուծման ապահովումը:

Իր կարգին, Թրաֆ հաստատեց, որ միջազգային ընտանիքը կը հսկէ նորակազմ կառավարութեան աշխատելաոճին` աւելցնելով, որ կառավարութեան մշակած աշխատանքային ծրագիրը որքան թափանցիկ ըլլայ, այդքան աւելի կ՛արժանանայ միջազգային ընտանիքին հաւանութեան, զօրակցութեան եւ աջակցութեան:

Թրաֆ ընդգծեց, որ նախորդ կառավարութիւնները յանձնառու չեն մնացած միջազգային ընտանիքին նկատմամբ իրենց խոստումներուն` դրուատելով ցուցարարներուն նկատմամբ ապահովութեան ուժերուն վարուելակերպի փոփոխութիւնը:

Թրաֆ այցելեց նաեւ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ռեմոն Ղաժարի, որուն հետ քննարկեց ելեկտրականութեան եւ ջուրի մարզերուն մէջ Լիբանանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ գործակցութեան ամրապնդման հեռանկարները:

Հանդիպումին ընթացքին Թրաֆ հաստատեց, որ Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է թեքնիք օժանդակութիւն տրամադրելու Լիբանանին:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ յառաջիկայ փուլին ընթացքին  կառավարութեան որդեգրելիք աշխատանքային ձեւերը, որոնց հիման վրայ պետութեան նկատմամբ քաղաքացիներուն վստահութիւնը պիտի ամրապնդուի:

Թրաֆ շեշտեց, որ Եւրոպական Միութիւնը կ՛ուղղուի հաւատք ընծայելու կառավարութեան եւ անոր դէմ վճիռ չարձակելու` նախքան անոր աշխատանքին սկսիլը:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Հըթթի. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Խաղաղութեան Արաբական Նախաձեռնութեան, Եւ Միակողմանի Շահ Ապահովելը Լուծում Չէ»

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Կառչած  Կը Մնայ ՖԻՆԻՒԼ-ի Պահպանման»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ ՖԻՆԻՒԼ-ի Պահպանման»

October 15, 2026
Քաց. «Ոեւէ Իրանցի Ղեկավար, Որ Կը Փորձէ  Իսրայէլը Քանդելու Ծրագիր  Յառաջ Մղել, Պիտի Ոչնչացուի»
Լիբանանեան

Քաց. «Պէյրութի Հարաւային Արուարձանները Դատարկման Պիտի Ենթարկուին, Եթէ Հըզպալլան Իսրայէլի Վրայ Իրանի Յարձակումին Միանայ»

October 15, 2026
Երեսփոխանական Պատուիրակութիւն Մը  ՖԻՆԻՒԼ-ի Պահպանման Յուշագիրը  Ներկայացուց Սալամին
Լիբանանեան

Երեսփոխանական Պատուիրակութիւն Մը ՖԻՆԻՒԼ-ի Պահպանման Յուշագիրը Ներկայացուց Սալամին

October 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.