Վարչապետ Հասսան Տիապ նախանցեալ օր նախագահեց նախարարական յանձնախումբի նիստին, որուն ընթացքին աւարտեցաւ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մշակումը:
Ներկայ էին փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Զէյնա Ատրա, նախարարներ Տըմիանոս Քաթթար, Ղազի Ուազնի, Նասիֆ Հըթթի, Ռաուլ Նեհմէ, Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, Իմատ Հուպալլա, Ռամզի Մշարրաֆիէ, Թալալ Հաուաթ, Մարի Քլոտ Նաժըմ եւ Մանալ Ապտել Սամատ, ինչպէս նաեւ նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար, դատաւոր Մահմուտ Մաքքիէ, հանրապետութեան նախագահութեան ընդհանուր տնօրէն Անթուան Շքէյր եւ վարչապետի խորհրդատու Խտըր Թալեպ:
Յանձնախումբը բոլոր նախարարներուն բաժնեց նախագիծը, որ կեդրոնացած է տնտեսական եւ ելեւմտական կացութեան բարելաւման վրայ, ինչպէս` դատական իշխանութիւններու անկախ գործունէութիւն, փտածութեան դէմ պայքար, իւրացուած գումարներու վերադարձ, դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցողներու գումարներու պահպանում:
Կը նախատեսուի, որ քաղաքական առումով, յատկապէս ինչ կը վերաբերի Դիմադրութեան, նորակազմ կառավարութիւնը որդեգրէ նոյն կեցուածքները` ճշդելով ընտրական նոր օրէնք մը մշակելու անհրաժեշտութիւնը:
Կը նախատեսուի, որ յանձնախումբը այսօր գումարէ նիստ մը` նախագիծը բարեփոխումի ենթարկելու նպատակով:
Յանձնախումբին նիստին ներկայ պիտի գտնուի Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ` նկատի ունենալով, որ ան հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի ներկայացուցած էր տնտեսական բարեկարգումներ պարունակող առաջարկ մը:
Միւս կողմէ, վարչապետ Տիապ ընդունեց Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութիւնը` հաստատելով երկրին` յատկապէս կենցաղային, ընկերային եւ ապրուստի մարզերուն պարագային պատասխանատուութիւնները ստանձնելուն մէջ համադաշնակցութեան մասնակցութեան կարեւորութիւնը:
Ժողովրդային Շարժումի Ցոյցերը Շարունակուեցան Շաբաթավերջին
Ժողովրդային շարժումին կազմակերպած ցոյցերուն շրջագիծին մէջ երէկ Նահատակաց հրապարակին վրայ ամբողջ օրուան ընթացքին մեծ թիւով արուեստագէտներ` նկարիչներ, երգիչներ, քանդակագործներ եւ այլ արուեստագէտներ իրենց ստեղծագործութեամբ լուսարձակի տակ առին լիբանանցիներուն պահանջները:
Անոնք իրենց ներկայացուցած աշխատանքներուն մէջ ներկայացուցին 17 հոկտեմբերին սկսած ժողովրդային շարժումը մարմնացնող պաստառներ, քանդակներ, ցոյցերուն ընթացքին հնչած նուագներ ու երգեր եւ այլն:
Միւս կողմէ, շաբաթ յետմիջօրէին Համրայէն, Էշրեֆիէէն եւ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան կեդրոնէն մեկնարկ առած երթեր հասան Ռիատ Սոլհ հրապարակ:
Նախքան հրապարակին վրայ համախմբուիլը, ցուցարարները ուղղուեցան Ժըմմէյզէ` Դրամատուներու միութեան կեդրոն եւ ամբողջութեամբ քանդեցին այդ միութեան ցուցանակը:
Սուրի մէջ կազմակերպուեցաւ այլ երթ մը, որուն ընթացքին ցուցարարները մերժեցին Տիապի կառավարութեան տրուելիք խորհրդարանի վստահութեան քուէն:
Թրիփոլիի մէջ եւս կազմակերպուեցան երթեր եւ բազմամարդ ցոյցեր, որոնք մերժեցին նորակազմ կառավարութիւնը` ընդգծելով, որ ան վստահութիւն չի ներշնչեր: