Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Նասիֆ Հըթթի երէկ Ժետտայի մէջ մասնակցեցաւ Սէուտական Արաբիոյ մէջ գումարուած Իսլամական գործակցութեան կազմակերպութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու խորհրդաժողովին, որ նուիրուած էր «Դարու գործարք»-ի քննարկումին:
Խորհրդաժողովին ընթացքին Հըթթի վերահաստատեց, որ Լիբանան կառչած կը մնայ Խաղաղութեան արաբական նախաձեռնութեան, որ վաւերացուած է 2002-ին, Պէյրութի մէջ գումարուած Արաբական լիկայի վեհաժողովին ընթացքին:
Հըթթի շեշտեց, որ Խաղաղութեան արաբական նախաձեռնութեան մէջ նկատի առնուած են ՄԱԿ-ի որոշումները, որոնք ուղղակիօրէն առնչուած են միջազգային օրէնքին, ինչպէս նաեւ ամբողջական խաղաղութիւն եւ արդարութիւն հաստատելու տեսլականին:
Հըթթի ընդգծեց, որ պէտք է հիմնել Պաղեստին մը` մայրաքաղաք Երուսաղէմով, ինչպէս նաեւ ապահովել պաղեստինցի գաղթականներուն տունդարձը:
Հըթթի յայտնեց, որ Ժետտայի մէջ գումարուած այս խորհրդաժողովը կարեւոր է, որովհետեւ ան պատմական պահու մը ընթացքին կը կատարուի, այնպիսի ժամանակ մը, որուն ընթացքին կրնայ Պաղեստինեան դատին եւ արաբական-իսրայէլեան տագնապին առանցքը փոփոխութեան ենթարկուիլ:
Իր խօսքին սկիզբը Հըթթի շնորհակալութիւն յայտնեց Սէուտական Արաբիոյ` Պաղեստինեան դատին նկատմամբ միշտ ցուցաբերած զօրակցութեան, ինչպէս նաեւ միջարաբական եւ միջիսլամական միացեալ գործունէութեան ծառայութեան համար:
Հըթթի անդրադառնալով «Դարու գործարք»-ին նկատել տուաւ, որ միակողմանի շահ ապահովելը լուծում չէ` աւելցնելով, որ այսօր պահանջուածը այն է, որ իսկական համագործակցութիւն տեղի ունենայ` խաղաղութեան իրագործման ճամբուն վրայ, ինչպէս նաեւ նկատի առնուին Խաղաղութեան արաբական նախաձեռնութիւնն ու երկու օր առաջ Արաբական լիկայի խորհրդաժողովին կողմէ տրուած որոշումները: