Աուքարի Մէջ . Ամերիկեան Դեսպանատան Դիմաց Բողոքի Ցոյց` «Դարու Գործարք»-ին Դէմ
Կազմակերպութեամբ Ղովմի եւ Համայնավար կուսակցութիւններուն եւ Նասըրական շարժումին, երէկ կէսօրէ առաջ Աուքարի մէջ կատարուեցաւ բողոքի ցոյց` բողոքելու համար «Դարու գործարք»-ին դէմ: Մեծ թիւով ցուցարարներ ամերիկեան դեսպանատան շրջափակին մէջ մերժումի արտայայտութիւններ ունեցան Պաղեստինեան դատը հարուածող եւ պաղեստինցիները անիրաւող «Դարու գործարք»-ին դէմ, որ ներկայացուեցաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ: Ցուցարարները գնահատեցին այդ իմաստով Լիբանանի որդեգրած պաշտօնական կեցուածքը` զայն նկատելով պատուաբեր: Անոնք...




















